«ԵՉ» ՈՒ «Է»,
ԵՐԱԽ, ԵՐԱԽՏԻՔ ԵՒ ԵՐԱԽԱՅ,
ԷԳ, ԷՋ ԵՒ… ԷՇ
Գրեց՝ ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ
Գ. եւ վերջին մաս
ԺԹ. դարու 70-ական թուականներուն, մեր երիտասարդ տարաբախտ քերթողը՝ Պետրոս Դուրեան, փորձեց իր բանաստեղծութիւններուն մէջ իգական սեռի դերանուններ գործածել. բան մը, որ չկար մեր քերականական համակարգին մէջ։ Դուրեան «նա» ըսելու փոխարէն՝ գրեց «նէ», «ներա հետ»
Ես ուզեցի պաշտել զնէ,
Սիրել ժպիտքն՝ փթիթք անհուն…
Ես ուզեցի միշտ քովն ըլլալ,
Մտիկ ընել թնդիւն սրտին,
Շնչել, խմել ներա հոգին…
Նէ հեռացաւ ինձնէ, ըսաւ.
– Բա՛ւ սիրեցի քեզ, մնաս բարեա՜ւ։
(«Դրժել»)
Ընդունելի չեղաւ սակայն ասիկա, տարածում չգտաւ։
Բայց մեր լեզուն ունի իգականակերտ մասնիկ մը, որ հրաշալի գործ կը կատարէ,– ՈՒՀԻ։ Բազմաթիւ են յատուկ անունները, որոնք կազմուած են այս մասնիկով։ Թուե՛նք.- Արմենուհի, Արշակուհի (յիշել տարեցոյցներու հրատարակիչ Թէոդիկի կողակիցը), Երանուհի, Հայկուհի, Տիգրանուհի, Զարուհի, Թագուհի, Սրբուհի (յիշել Սրբուհի Տիւսաբը), Մաքրուհի, Ազատուհի, Իսկուհի, Պերճուհի, Սասնուհի, Վանուհի, Բերկրուհի (վերջին երեքը՝ տեղանուններէ կազմուած) եւ այլն։
«Ուհի»-ով կը կազմուին նաեւ մեծաթիւ հասարակ անուններ.- աշակերտուհի, բանուորուհի, բժշկուհի, տնօրէնուհի, արձակագրուհի, բանաստեղծուհի, խոհարարուհի, դերասանուհի, դերձակուհի, երգչուհի, հիւանդապահուհի, գործավարուհի, նկարչուհի, պարուհի, Հայուհի, Ֆրանսուհի, միանձնուհի, սարկաւագուհի, դպրուհի, դրացուհի, պարմանուհի, երիտասարդուհի, սպասուհի, լուացարարուհի, տեսչուհի, ուսանողուհի, չաստուածուհի, ուսուցչուհի, բանախօսուհի, ընկերուհի, իշխանուհի, սիրուհի, հոմանուհի…։
Տակաւին ունինք ԴՈՒԽՏ եւ ԱՆՈՅՇ բառերէն կամ ՈՒՇ եւ ԻՆԷ բաղադրիչ ածանցներով շինուած իգական անուններ։ Օրինակ՝ Որմիզդուխտ, Խոսրովիդուխտ (յիշել Տրդատ Գ. արքային քոյրը), Սանդուխտ, Շահանդուխտ («դուխտ» կը նշանակէ դուստր, հետեւաբար Շահանդուխտ՝ Շահանի աղջիկ)։ Սիրանոյշ, Ազգանոյշ, Գեղանոյշ, Հայկանոյշ, Հրանոյշ, Վեհանոյշ (յիշել ամերիկաբնակ բանաստեղծուհի Վեհանոյշ Թեքեանը)։ Թագուշ, Հայկուշ, Հեղուշ, Մանուշ, Մարուշ։ Կարինէ, Մարինէ, Ատրինէ, Արմինէ, Արփինէ, Լուսինէ (յիշել շարականներու անմոռանալի մեկնաբան Լուսինէ Զաքարեանը), Եւգինէ, Հեղինէ, Մելինէ, Նարինէ, Քրիստինէ…։
* * *
«ԷԳ»-էն ետք գրկեցի ԷՋ բառը։
Գիտենք, որ ասիկա ԻՋՆԵԼ բային արմատն է։
Այս արմատով կազմուած ամէնէն նուիրական անունն ալ ԷՋՄԻԱԾԻՆ-ն է, այսինքն՝ «Միածինին իջած վայրը»։ Ամենայն Հայոց Հայրապետութեան կեդրոնը, նստավայրը։
«Էջ» արմատէն կը սերին նաեւ իջեւան (օթեւան), Նախիջեւան (Ազէրպայճանի կցուած հայապատկան մարզը), իջուածք (կաթուած), ելեւէջ, վայրէջք, էջք (իջնելու գործողութիւնը), էջքուղի (օդակայաններու մէջ՝ օդանաւերու էջքի հարթակը), զիջանիլ բառերը։
Սակայն զարմանալին այն է, որ «էջ»-ը ունի բոլորովին տարբեր երկրորդ իմաստ մըն ալ, յարատեւ գործածական՝ մեր առօրեայ խօսակցութեանց մէջ,– «գիրքի, տետրակի ու թերթի երես»։ «Այս գիրքը կը բաղկանայ 200 էջէ»։ «Յօդուածս տպուած է թերթին երրորդ էջին մէջ»։ Այս արմատէն ալ կը սերին էջահամար կամ էջաթիւ (էջերու յաջորդականութիւնը ցոյց տուող թիւ), էջախախտում, բազմաէջ, էջատակ (գիրքի էջի մը տակը գտուող մանրատառ ծանօթագրութեանց բաժին), էջադիր, էջադրել բառերը։
Այս «էջ»-ը, որ անքակտելիօրէն կ՚առնչուի գիր-գրականութեան ու տպագրութեան կալուածին, ինծի կը յիշեցնէ պարսկահայ մամուլի պատմութենէն շատ նշանաւոր հանդէսի մը անունը,– «Նոր էջ»։ Մօտաւորապէս կէս դար, յաճախակի երկարատեւ ընդհատումներով ու կաղացումներով հրատարակուելով հանդերձ, «Նոր էջ»-ն ու անոր շուրջ համախմբուած երիտասարդ «նորէջականներ»ը տիրապետող ներկայութիւն մը եղած են իրանահայ գրականութեան մէջ։
«Նոր էջ» Թեհրան տպուող պարբերագիրք մըն էր, աւելի ճիշդ՝ գրական ժողովածու մը, տարեկան (կամ քանի մը տարին անգամ մը) միակ թիւի մը լոյս ընծայումով։ 1935-էն սկսեալ մինչեւ 80-ականներ՝ անկէ լոյս ընծայուած են քսանէ աւելի թիւեր։ Աշխատակիցներէն յիշենք Զօրայր Միրզայեանը, Գալուստ Խանենցը, Արշաւիր Մկրտիչը, Հրանտ Ֆալեանը, Աշոտ Ասլանը (Ա. Ասլըն), Ռ. Բէնը, Դեւը, Բաբգէն Հասօն, Արա Տէր Յովհաննիսեանը, Արմէն Գէսը։
Սփիւռքահայ մամուլի պատմութեան առնչուած «էջ» մըն ալ կար Պէյրութի մէջ։ Հին սերունդը կրնայ յիշել Լիբանանահայ Գրական Շրջանակի տղոց նախաձեռնութեամբ հրատարակուող «Էջեր գրականութեան եւ արուեստի» պարբերականը, որ գոյատեւած է եօթը տարի՝ 1965–1972։ Հանդէսին գլխաւոր խմբագիրն եղած է բանաստեղծ ու հրապարակագիր Գառնիկ Ադդարեան։ «Էջեր»-ը իր շուրջ համախմբած է Սովետ. Հայաստանի բարեկամ գրողներ ու առաւելաբար ձախակողմեան գաղափարախօսութեան համակիր գրասէրներ։ Մատենագէտներ ճշդած են, թէ այս պարբերականը օրկանական շարունակութիւնը հանդիսացեր է զինք նախորդող այլանուն քանի մը թերթերու («Ժողովածու գրականութեան եւ արուեստի», «Մշակոյթ», «Գիրք գրականութեան եւ արուեստի», «Յառաջ-Գրական»), որոնք 1950-էն սկսեալ շարունակ հարկադրուեր են փոփոխութեան ենթարկել իրենց անունը՝ օրինական արտօնագիր չունենալու պատճառով…։
* * *
Եւ վերջապէս՝ իմ հայեացքէն չուզեցի հեռացնել նաեւ ԷՇ բառը։ Ի՞նչ յանցանք ունէր այս խոնարհ ու ծառայակամ ընտանի կենդանին, որուն քամակին նստած՝ Երուսաղէմ մուտք գործեց Քրիստոս՝ նոյնինքն Աստուածորդին…։ Ու դիմաւորուեցաւ ովսաննաներով…։
Ըստ Աճառեանի՝ «էշ»-ը բնիկ հայերէն բառ մըն է։ Կրնանք մտածել, թէ անիկա հնդեւրոպական ծագում ունի, քանի որ անգլերէն տարբերակը շատ մօտիկ է հայերէնին,– ass։ Հնչիւնապէս մօտիկ են նաեւ լատիներէնը (asinus), իտալերէնը (asino) ու գերմաներէնը (esel) ։ Թրքերէնն ալ հեռու չէ հայերէնէն,– էշէք։
Բառարանս արձանագրեր է «էշ» գոյականով կազմուած բառերու երկար ցանկ մը, ուր անգործածականները աւելի շատ են, քան գործածականները։ Այս վերջիններէն յիշենք իշուկը, իշապանը, իշամեղուն, իշավարին (իշու վարուելակերպ)։
Միւս կողմէ, մարդ արմանքէ զարմանք կ՚երթայ՝ երբ կ՚իմանայ որ Մեծ Հայքի Մոկք նահանգի (Վանայ լիճին հարաւը) 9 գաւառներէն երեքը կը կրէին… իշու անուններ։ Ահա՛ւասիկ.- ԻՇԱՅՐ, ՄԻՒՍ ԻՇԱՅՐ եւ ԻՇՈՑ ԳԱՒԱՌ։
Զարմանալի՜, տարօրինա՜կ երեւոյթ…։
Ի դէպ, «իշայր» կը նշանակէ արու էշ։ Պէտք է ենթադրել ուրեմն, որ Մոկք նահանգի վերոնշեալ գաւառները նշանաւոր էին իրենց հասցուցած էշերով։ Թերեւս իշաբուծութիւնը զարգացած էր այնտեղ եւ թերեւս էշերու ընտիր այդ տեսակները կ՚արտածուէին դէպի դրացի երկիրներ ու վաճառականական այս գործարքէն մեծ շահեր կ՚ապահովէին Մոկաց Աշխարհին…։ Ո՜վ գիտէ։
Սակայն էշը… կը մնայ է՛շ։ «Էշը ի՞նչ գիտէ նուշը, կ՚երթայ կ՚ուտէ փուշը» ըսեր են մեր իմաստուն պապերը։ Եւ այս առածով՝ յայտնի դարձուցեր են, թէ էշը անխելք ու անբան անասուն է։ Ի զուր չէ, որ անարգալից արտայայտութիւններու մէջ «էշ»-ը ունի իր պատուոյ տեղը։ Մանկապարտէզի երեխաներն անգամ՝ երբ բարկանան իրարու կամ նեղանան իրարմէ, օգնութեան կը կանչեն… էշը.
– Է՛շ ես դուն…։
Բայց միայն այսքանը չէ։ Ժողովրդային ասացուածքներու ամբողջ շարք մը կայ, որ կը դառնայ «էշ»-ի առանցքին շուրջ։ Տեսակ մը «իշապատում բանահիւսութիւն»…։ Կը թուեմ տասնեակ մը միայն.
– «Ամէն մարդ իր էշը կը քշէ»՝ ամէն մարդ իր շահը կը հետապնդէ։
– «Էշ ներկող»՝ խաբեբայ (այս մէկը այն խաբեբան է, որ իր գողցած էշը վարպետօրէն կը ներկէ, ապա զայն կը ծախէ անոր նախկին տիրոջ…)։
– «Մեծ էշը ախոռը մոռնալ»՝ ամենակարեւոր բանը մոռնալ։
– «Էշ կտրիլ»՝ շուարիլ, ապշած մնալ։
– «Էշ նահատակ դառնալ»՝ զուր տեղ ու աննպատակ զոհուիլ։
– «Կաղ էշով կարաւան մտնել»՝ գործի մը ձեռնարկել առանց հարկաւոր պատրաստութեան։
– «Ձիէն իջնել՝ էշ նստիլ»՝ նախկին բարձր աստիճանէն վար իջնել՝ ստոր աստիճանի։
– «Էշը կորսնցնելէ ետք փալանը փնտռել»՝ կարեւորն ու հիմնականը կորսնցնելէ ետք՝ չնչին բաներու ետեւ իյնալ։
– «Էշը ցեխէն հանել»՝ ստեղծուած դժուարին կացութենէ մը դուրս գալ, ելք գտնել։
– «Իշու ականջին մէջ քնանալ»՝ ապուշ կտրիլ, շուրջի անցուդարձերէն անտեղեակ մնալ։
– «Եօթը գիւղ իշու մը կռնակին բեռցնել»՝ բացառիկ ճարպիկութիւն ցուցաբերել։
– «Էշը ծառ բարձրացնել»՝ անհնարին ու անկարելի բաներու մասին մտածել։
* * *
Էշը կրնայ մեզ զբաղեցնել տակաւին՝ եթէ ընդլայնենք մեր պրպտումներուն ծիրը։ Զորօրինակ, կրնանք փնտռել այն բառերը, որոնք իբրեւ հոմանիշ կը գործածուին իշուն.- աւանակ, երկարականջ, գրաստ, ջորի, չորքոտանի։
Իմաստային նրբերանգներ կան սակայն այս բառերուն միջեւ։
Եթէ «աւանակ»-ը իսկական էշն է, ապա «գրաստ» բառը կը գործածուի բեռ շալկող եւ հեծկան բոլոր կենդանիներուն համար (ձի, էշ, ջորի)։ «Ջորի»-ն խառնածին գրաստն է, որ ծնունդ առած կ՚ըլլայ ձիու եւ իշու զուգաւորութենէն…։ Իսկ «չորքոտանի»-ն աւելի ընդհանուր անուանում մըն է։
Չենք կրնար էշը պատկերացնել առանց իր կազմածքներուն։ Իշապաններն ու ջորեպանները իրենց գրաստները կ՚օժտեն համետով, որ անասունին կռնակին ու մէջքին ամրացուած փալանն է։ Համետ պատրաստող արհեստաւորները կը կոչուին համետագործ։ Էշն իր վիզին կ՚ունենայ սանձ մը, որ պախուրց ալ կը կոչուի։ Կաշիէ պախուրցները երբեմն ունին ցանցանման դնչակալներ՝ անասունին ցռուկը զսպելու կամ հակակշռելու համար։
Բոլորդ ալ գիտէք, թէ իշուն ձագը կը կոչուի քուռակ։ Արաբերէնի մէջ ալ քուռակը ունի համահնչիւն բառ մը՝ «քըռ»։ «Էշ» բառին շուրջ միջազգային համախոհութիւն մը կայ կարծէք…։
«Քուռակ»-ին հոմանիշ է «քուռկիկ»-ը (ձիու կամ իշու ձագ)։
Հիմա վստահ եմ որ բոլորդ ալ մտաբերեցիք մեր ազգային դիւցազնավէպի գլխաւոր հերոս Սասունցի Դաւիթի նշանաւոր հրեղէն ձին՝ Քուռկիկ Ջալալին։ Ան իր յաւերժ երիտասարդ ու առոյգ կերպարանքով կը խորհրդանշէ մեր նախնեաց հրեղէն Ոգին։
Դեռ կայ Վարդան Այգեկցիի հռչակաւոր «Աղուէսագիրք»-ը, որուն առակներուն մէջ եւս պիտի հանդիպիք «իմաստուն» էշերու։
«Եչ»-ի ու «է»-ի պարտէզին մէջ իմ այս պտոյտը ուզեցի աւարտել երազահան մը բանալով։ Բացի «Է»-ի գլուխը ու իմ մատը դրի «էշ» բառին վրայ։ Ահաւասիկ այն՝ ինչ որ կարդացի հոն.
– ԷՇ- գիտութեան սէր, քաջութիւն, համբերութիւն, յամառութիւն։
– ԲԵՌՑՈՒԱԾ ԷՇ- լաւ ամուսնութիւն, երջանիկ ընկերութիւն, ապահով ճամբորդութիւն, նպատակներու իրականացում։
– ԷՇԵՐՈՒ ԶՈՒԳԱՒՈՐՈՒՄԸ- պատիւ եւ յաջողութիւն։
Կ՚ուզէք՝ հաւատացէ՛ք, կ՚ուզէք՝ խնդացէ՛ք…
Լ.Շ.
Հալէպ ■
(Շար.3 եւ վերջ)