«ԵՉ» ՈՒ «Է»,
ԵՐԱԽ, ԵՐԱԽՏԻՔ ԵՒ ԵՐԱԽԱՅ,
ԷԳ, ԷՋ ԵՒ… ԷՇ
Գրեց՝ ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ
Սփիւռքահայ դպրոցի որեւէ աշակերտ, որ փորձութիւնը կ՚ունենայ հայերէն լեզուով քանի մը տող մրոտելու, անպայման երկմտանքի կը մատնուի գրեթէ բոլոր այն բառերուն դիմաց, որոնք «ե» կամ «է» տառերը կը պարունակեն։
– «Ծեր» բառը ինչպէ՞ս կը գրուի…։ Եչ-ո՞վ, թէ՞ է-ով։
– «Դանիէլ» բառին ուղղագրութիւնը ինչպէ՞ս էր…։
– «Պարտէզ»-ը եւ «ցորեն»-ը ինչպէ՞ս կը գրուէին…։
Ասոնք հարցումներ են, զորս մեր աշակերտները տեւաբար կ՚ուղղեն իրենց հայերէնաւանդ ուսուցիչներուն, կը ստանան ատոնց պատասխանները, առանց սակայն արմատական լուծում մը բերելու իրենց միտքը չարչրկող շփոթին,– «ե՞չ», թէ՞ «է»…։
Խօսքը կը վերաբերի անշուշտ միայն բառամէջի «ե»-ին կամ «է»-ին, որովհետեւ բառասկիզբի ու բառավերջի պարագաները անշփոթելի են, չեն յարուցեր ո՛չ մէկ կասկած կամ երկմտանք։
Ուղղագրական «անյաղթահարելի» նկատուած այս դժուարութիւնը կարելի է անշուշտ լայն չափով բառնալ՝ եթէ ականջ տանք քերականական որոշ օրէնքներու, բայց նաեւ՝ յաւելեալ ճիգ մը ի գործ դնենք ճանչնալու մեր ոսկեղնիկ լեզուին գեղակերտ բառերը քիչ մը աւելի՛ մօտէն, քիչ մը աւելի թափանցո՛ղ հայեացքով։
Ուստի, եկէ՛ք դարձեալ պտոյտի մը ձեռնարկենք մեր բառերու գանձարանին մէջ ու պահ մը հակինք «եչ» եւ «է» ձայնաւորներուն վրայ։
Ամէն բանէ առաջ՝ յիշեցնենք շատ պարզ ու յայտնի օրէնք մը։ Երբ բառի մը սկիզբը «ե» լսուի, այդ բառը կը գրուի «ե»-ով, որ այստեղ՝ քերականօրէն կը նկատուի երկհնչիւն.- «եէ» (երբոր երկու ձայնաւորներ,– կամ ձայնաւոր մը ու կիսաձայն «յ» եւ «ւ» տառերը,– մէկ վանկի մէջ միասնաբար ու կզակի մէկ շարժումով կ՚արտասանուին, կը կոչուին երկհնչիւն կամ երկբարբառ)։ Հետեւաբար, երազ, երկու, եզակի, ետք, եկեղեցի, երջանիկ, եղբայր, եփել, երթալ, Եդեսիա, Եգիպտոս, Ենովք եւ ասոնց նման «ե»-ով սկսող հարիւրաւոր բառեր տարակուսանք չեն ստեղծեր։
Յետոյ, մեր լեզուին մէջ ՈՉ ՄԷԿ ԲԱՌ «ե»-ով կը վերջանայ։ Բառավերջի «է» հնչիւնը մի՛շտ կը գրուի «է»-ով, ինչպէս օրինակ՝ բազէ, մարգարէ, գոնէ, եթէ, Վահէ, Եղիշէ, Նունէ կամ բայերու հրամայականները՝ վազէ՛, հանէ՛, գրէ՛, մաքրէ՛…։ Քերականական այս բացարձակ օրէնքը, արդէն, կու գայ մասամբ թեթեւցնել «ե-է» առկայ շփոթը ու կը նեղցնէ անոր ծիրը։ Հետեւաբար, «ե-է» շփոթին դարմանելի գլխաւոր պարագան ԲԱՌԱՄԷՋԻ գոյավիճակն է, ուր այս երկու ձայնաւորները հնչիւնապէս կը նոյնանան։ Կը գրենք «լեռ» ու «պեխ» (ե-ով), բայց անոր դիմաց՝ ստիպուած ենք գրել «ձէթ», «կէս» կամ «սէր» (է-ով)։
Ինչպէ՞ս փարատել այս երկուութիւնը։
Սերտե՛նք.-
ա) Կայ շա՛տ յստակ ու բանալի օրէնք մը, որ դպրոցներու մէջ ընդհանրապէս կը բացատրուի պատշաճօրէն ու կը շեշտուի բազմիցս, եւ ըստ որուն՝ «է»-ով գրուող արմատ բառերը բարդութեան եւ ածանցումի ատեն «ի»-ի կը փոխակերպուին։ Մինչդեռ «ե»-ով գրուողները կը պահպանեն իրենց «ե»-ը։ Օրինակները անհամար են.- ԳԷՐ-գիրուկ, ԴԷԶ-դիզել, ԴԷՄ(ք)-դիմակ, դիմադրել, դիմում, ԵՐԷՑ-երիցագոյն, երիցուհի, ԶԷՆ(ք)-զինուոր, զինամթերք, զինանշան, զինել, ՁԷԹ-ձիթապտուղ, ԿԷՍ-կիսել, կիսաւեր, ՄԷՋ-միջուկ, միջեւ, միջնորդ, ՄԷԶ-միզել, միզապարկ, ՊԱՐՏԷԶ-պարտիզպան, մանկապարտիզպանուհի, պարտիզագնացութիւն, ՇԷՆ(ք)-շինել, շինանիւթ, շինարար, ՇԷԿ-շիկահեր, շիկնիլ, ՊԷՏ(ք)-պիտանի, պիտոյք, ՍԷՐ-սիրուն, սիրահար, սիրել, ՎԷՃ-վիճաբանութիւն, ՎԷՊ-վիպագիր, ՎԷՐՔ-վիրաւոր, վիրակապ, ՎՐԷՊ-վրիպիլ, ՏԷՐ-տիրակալ, տիրապետել, տիրամայր եւ այլն։ Միւս խմբաւորումէն՝ ԼԵՌ-լեռնային, լեռնաշխարհ, լեռնաշղթայ, ՊԵԽ-պեխաւոր, ՏԵՂ-տեղական, տեղապահ, տեղահան, ՓԵՏՈՒՐ-փետրաթափ, փետրազարդ, ԲԵՌ(ն)-բեռնակիր, բեռնակառք, ԳԵՏ-գետաձի, գետեզերք, ԴԵՂ-դեղարան, դեղաբոյս, ԹԵՄ-թեմակալ, թեմական, ԼԵԶՈՒ-լեզուանի, լեզուաբան, ԾԵՐ-ծերանոց, ծերակոյտ, ՀԵՌՈՒ-հեռադիտակ, հեռատեսիլ, ՁԵՒ-ձեւական, ձեւագիտութիւն, ՄԵԾ-մեծամիտ, մեծաւոր, մեծարժէք, ՊԵՏ-պետական, պետութիւն, ՍԵՌ-սեռային, սեռական, ՍԵՒ-սեւամորթ, սեւազգեստ, եւ այլն։
Այս ընդհանուր օրէնքին մէջ բացառութիւնները սակաւաթիւ են։ Զորօրինակ, «ԴԵՒ» (սատանայ) բառին ածանցումը մեզի կու տայ «դիւային» բառը (եւ ոչ թէ «դեւային»), այնպէս ինչպէս «ԿԷՏ»-ը կու տայ «կէտադրութիւն» բառը (եւ ոչ թէ «կիտադրութիւն»), իսկ «ՀՐԷՇ»-ն ալ՝ «հրէշութիւն» (եւ ոչ թէ «հրիշութիւն»)։
բ) «Ե»-ով կը գրուին այն բազմավանկ բառերը, որոնց ՎԵՐՋԸՆԹԵՐ վանկին մէջ «է» կը լսուի։ Եթէ կարենանք մտահան չընել այս ոսկի օրէնքը, այն ատեն հարթած պիտի ըլլանք մեզ մոլորեցնող ուղղագրական շփոթութեանց կարեւոր մէկ մասը։ Օրինակ՝ աւետիս, ալեւոր, ամեհի, բերան, բարերար, գերան, գեղեցիկ, գերեզման, դահեկան, դեղին, դեսպան, դերձակ, եկեղեցի, երեւոյթ, երգեհոն, երեկոյ, թեթեւ, թերի, կեղեւ, կեռաս, ճերմակ, մեղու, մեքենայ, սեղան, տետրակ, որեւէ, Ներսէս, Երեւան, Արմենակ, Արմենիա, Քեսապ։
գ) Երկու արմատական բաղաձայններէ առաջ միշտ «ե» կը գրուի։ Օրինակ՝ արուեստ, աշակերտ, բերրի, մեղմ, դեղձ, ներկ, բերդ, խելք, խեղճ, խենթ, մեղր, թերթ, մերթ, յաւերժ, հրաժեշտ, զաւեշտ, սերմ, տենչ, զգեստ, փեղկ, դիմատետր։
դ) «Հ», «ղ», «ռ» եւ «ւ» գիրերէն առաջ ալ միշտ «ե» կու գայ։ Օրինակ՝ Նժդեհ, Զարեհ, հրդեհ, պատեհ, նեղ, ահեղ, աղեղ, պղպեղ, բիւրեղ, բոկեղ, ազատքեղ, փակեղ, սեռ, սիսեռ, բեւեռ, արեւ, բարեւ, անձրեւ, տերեւ։
ե) Երբ բառը «ի»-ով կը վերջանայ, ածանցման կամ բարդումի ատեն զայն «ե»-ի կը փոխենք։ Օրինակ՝ ԳԻՆԻ-գինետուն, ԳՕՏԻ-գօտեմարտ, ԱՊԱԿԻ-ապակեգործ, ՈՍԿԻ-ոսկերիչ, ոսկեզօծ։
զ) Մտահան չընել «ե»-ով շինուած յետադաս մասնիկները եւս, որոնցմով ունինք մեծաթիւ բառեր։ Թուե՛նք.- ԵԱԿ-քառեակ, սենեակ, սպասեակ, ԵԱՅ-պաշտօնեայ, գործունեայ, քրիստոնեայ, ԵՂ-ուժեղ, թիկնեղ, հանճարեղ, ԵՆԻ-տանձենի, վայրենի, մայրենի, ԵՆԱԿԱՆ-հօրենական, միութենական, գրենական, ԵՍՏ-պահեստ, համեստ, գովեստ, ԵՑԻ-հայեցի, մշեցի, դրսեցի, ԵՆՔ\ԵՆՑ-Յակոբենք, Եղիայենք, Վաչէենց, Սօսիենց։
Այս ընդհանուր համայնապատկերին առջեւ՝ սխալ պիտի չըլլայ եզրակացնել, թէ «ե»-ի գործածութիւնը բառերուն մէջ շա՛տ աւելի տարածուն է ու յաճախակի, քան «է»-ն, որ սահմանափակ գործածութիւն ունի։
«Եչ»-«է» ուղղագրական դժուարութիւնները անյաղթահարելի չեն։ Կը հաւատամ, որ վերեւ նշուած քերականական օրէնքները կը հարթեն մեր դպրոցականներուն (նաեւ՝ բոլոր գրասէրներուն ու իրենց մայրենիին նախանձախնդիր հայորդիներուն) շփոթ պատճառող «գլխացաւ»երուն մեծագոյն մասը։ Անդին, օրակարգի սեղանին վրայ կը մնան անշուշտ երկրորդական քանի մը պարագաներ եւս, որոնք կ՚իյնան զուտ մասնագիտական ծիրի մէջ եւ որոնց սերտողութիւնը կը վերապահուի հայերէնաւանդ ուսուցիչներուն եւ հայագիտական հիմնարկներուն։
* * *
Իմ սիրելի Մալխասեան բառարանը «եչ» տառին յատկացուցեր է 61 եռասիւնակ էջ։ Հոն ցանկագրուած ու բացատրուած բազմահարիւր ապրող կամ մեռեալ բառերուն մէջէն ես այսօր սեւեռումի պիտի ենթարկեմ 3 գոյականներ, զորս նշեր եմ արդէն իմ խորագրին մէջ՝ «երախ», «երախտիք» եւ «երախայ»։
Սկսինք սա ԵՐԱԽ-ով, որ մեր ժողովուրդին լայն զանգուածներուն համար մոռցուա՜ծ, անօգտագործելի բառ մըն է այլեւս։ Դպրոցներու մէջ եթէ այս բառը գործածէք՝ կա՛մ հարցական նայուածքով կը դիտեն ձեզ, կա՛մ ալ զայն կը նոյնացնեն «երախայ»-ին հետ…։ Երա՞խ։ Ուրկէ՞ բուսաւ այս բառը…։
Երախը անասուններու լայն բերանն է։ Ռնգեղջիւրին երախը։ Կոկորդիլոսին երախը։ Վագրին, արջին ու գայլին երախը։ Հայաստանի գաւառային շրջաններուն մէջ «երախ»-ին իբրեւ տարբերակ կը գործածուի երբեմն «ռեխ» բառը, ճիշդ միեւնոյն իմաստով.- «Կծան շների ռեխը կապում են»։ «Ոսկոր է ուզում. ռեխը մի բան քցի՝ թող կորչի գնայ»։
Անտառներէն, գազաններէն եւ խածան շուներէն հեռու՝ ունինք «երախ» բառով կազմուած հետաքրքրական բառ մը, որ «երախակալ»-ն է։ Այս բառին իմաստն է՝ դաշոյնին կամ սուրին կոթը։ Մալխասեան բառարանը արիւնատեսիլ օրինակ մըն ալ կու տայ այս առթիւ.- «Սուրը մինչեւ երախակալը մխեց ոսոխի փորը»…
«Երախ»-ին ետին աւելցուցէ՛ք «տիւն» տառը եւ կ՚ունենաք նոր բառ մը՝ ԵՐԱԽՏ։
Այս արմատ բառը առանձինն չի գործածուիր։ Սակայն մեր նախահայրերը ասով շինած են ինչ-ինչ բարդ կամ ածանցաւոր բառեր, որոնք գեղեցիկ են թէ՛ իբրեւ կազմութիւն, թէ՛ ալ իբրեւ նշանակութիւն։
«Երախտիք» բառը չէ՞ք լսած։ Վստահաբար լսած էք ու գիտէք արդէն, թէ անիկա կը նշանակէ գնահատելի արդիւնք, բարերար վաստակ ու աշխատանք, նաեւ՝ երախտագիտութիւն, շնորհակալիք։ Մամուլի մէջ երբեմն կը կարդանք. «Վաստակաւոր ուսուցչուհին հրապարակաւ մեծարուեցաւ՝ իբրեւ երախտիք քառասնամեայ իր կրթական ծառայութեան»։
Նոյն «երախտ» արմատէն կու գան նաեւ «երախտաւոր» (բարիք ընող), «երախտապարտ» (ան որ ինքզինք պարտական կը զգայ բարիք ընողին), «երախտահատոյց» (բարիքը հատուցանող), «բազմերախտ» (շատ բարիք գործած), «երախտագիտութիւն» (բարիքի դիմաց՝ շնորհակալութեան զգացում), ինչպէս նաեւ ժխտական իմաստ ցոլացնող «ապերախտ» ու «երախտամոռ» (անշնորհակալ) բառերը։
Միշտ երախտապարտ մնալով մեր լեզուն ստեղծող, բարեկարգող ու ճոխացնող անանուն երախտաւորներուն նկատմամբ, «երախտ» բառէն ոստում մը կը կատարեմ դէպի շատ գործածական ու ամէնուն ծանօթ բառ մը՝ ԵՐԱԽԱՅ։
Անմիջապէս ըսեմ, որ այս բառը կը գրուի ու կ՚արտասանուի նաեւ ԵՐԵԽԱՅ ձեւով, երկրորդ ձայնաւորը (ե) նմանցնելով առաջին ձայնաւորին՝ բառը աւելի դիւրահունչ դարձնելու դիտաւորութեամբ։
Ամէնքդ ալ ներկայ եղած էք ձեր ազգականներէն մէկուն կամ միւսին զաւակներուն մկրտութեան։ Ի սկզբանէ գիտէք արդէն, թէ խորհուրդը կատարող հոգեւորականը ի՞նչ հարցում պիտի ուղղէ կնքահօր.
– Կնքահա՛յր, երախան զի՞նչ խնդրէ։
Ու պատասխանն ալ նոյնքան յայտնի է.
– Հաւատք, յոյս, սէր եւ մկրտութիւն։
«Երախայ» բառը, ուրեմն, իր հիմնական ու առաջնային իմաստով կը նշանակէ «անկնունք, քրիստոնէական մկրտութիւն դեռ չստացած, չմկրտուած» (Հր. Աճառեան)։ Հետեւաբար, անցեալին, երախայութիւնը կապ չունէր տարիքի հետ։ Այսինքն, քրիստոնեայ հին ընկերութեանց մէջ կային չափահաս երախաներ, որոնք տակաւին չէին մկրտուած…։ Հետագայ դարերուն, երբ սովորութիւն դարձաւ մկրտութիւնը կատարել մանուկ հասակին, «երախայ» բառը իր նախնական իմաստէն հեռանալով՝ ստացաւ «մանկիկ, ծծկեր նորածին» նշանակութիւնը։
Այսօր, փոխաբերական իմաստով, «երեխայ» կը կոչենք նաեւ տղայամիտներն ու փորձառութիւն չունեցող խակ անձերը…
«Երախայ» բառը զիս անպայման կ՚առնչէ նաեւ մեր Ս. Պատարագին։ Եթէ քիչ-շատ կը սիրէք եկեղեցական գրականութիւն կարդալ կամ հետաքրքրուիլ կրօնագիտական նիւթերով, գիտէք թերեւս՝ թէ Ս. Պատարագին չորս հիմնական բաժիններէն երկրորդը կը կոչուի ԵՐԱԽԱՅԻՑ ՊԱՏԱՐԱԳ (կամ պաշտօն ճաշու)։ Այստեղ, «երախայ» բառը դա՛րձեալ գործածուած է իր նախնական հին իմաստով՝ չմկրտուող։ «Չմկրտուողներու պատարագ»։ Ի՞նչ կը նշանակէ ասիկա։
Ս. Պատարագին «Երախայից պատարագ» կոչուած բաժինը կը սկսի պատարագիչին թափօր դառնալէ ետք՝ խորան բարձրանալովը։ Այս բաժնին մէջ կ՚ընթերցուի Աւետարանը, կ՚արտասանուի «Հաւատամք»-ը, յետոյ երգեցողութիւններն ու աղօթասացութիւնները կը շարունակուին մինչեւ այն պահը՝ երբ սարկաւագը կ՚ազդարարէ. «Մի՛ ոք յերախայից, մի՛ ոք ի թերահաւատից եւ մի՛ ոք յապաշխարողաց եւ յանմաքրից մերձեսցի յաստուածային խորհուրդս»։ Այս գրաբար պատճէնին աշխարհաբար տարբերակը հետեւեալն է. «Ոչ ոք երախաներէն, ոչ ոք թերահաւատներէն, ոչ ոք ապաշխարողներէն եւ անմաքուրներէն թող մօտենայ աստուածային այս խորհուրդին»։ Կը տեսնուի ուրեմն, որ խորանէն կատարուած այս ազդարարութիւնը ուղղուած է երախաներուն (չմկրտուողներ), թերահաւատներուն, թեթեւ յանցանքներու համար ապաշխարողներուն եւ անմաքուր մարդոց (հիւանդ, բորոտ, դիւահար եւ այլն), որպէսզի դուրս ելլեն տաճարէն ու երթան աղօթեն գաւիթին մէջ…։ Ինչո՞ւ։ Որովհետեւ այս փուլէն ետք՝ վերաբերումով, պիտի սկսի Ս. Պատարագի երրորդ բաժինը՝ «Հաւատացելոց պատարագ»-ը (կամ բուն պատարագ), որուն արտօնուած էին մասնակցիլ միմիայն այն հաւատացեալները, որոնք ՄԿՐՏՈՒԱԾ ԷԻՆ (երախայ չէին) եւ ապաշխարութեամբ նախապատրաստուած՝ ընդունելու Ս. Հաղորդութիւնը…։
Կը տեսնէ՞ք, թէ ի՛նչ խորհուրդներ կը բանայ մեր առջեւ «երախայ» բառը…։
Լ.Շ.
Հալէպ ■
(Շար.1)