ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ
«Արմենփրէս» լրատուական գործակալութենէն կ’իմանամ՝ անծանօթներ գողցած են Երեւանի «Հրազդան» մարզադաշտին կից տեղադրուած հայկական ֆութպոլի Ոսկեդարը կերտող «Արարատ-73» ֆութպոլի խումբը պատկերող արձանախումբէն քանի մը ֆութպոլիստներու արձաններ…
Արձան պղծելու, հայ ժողովուրդին գիտակցութեան եւ մշակոյթին անյարիր այս երեւոյթը աւանդութիւն դարձած է Հայաստանի մէջ: Քանի մը տարի առաջ Յովհաննէս Շիրազի արձանը պղծուեցաւ…:
Ազգային նկարագիրի արտայայտութիւն է թերեւս պատահածը. տեղ մը՝ վայրագաբար արժէքներ պղծել, մէկ այլ վայրի մէջ նոր մը տեղադրելու «ճակատամարտ» մղել…
Ի՞նչ մեկնաբանութիւն տալ ստորնագոյն այս գայթակղութեան: Ժողովուրդներ անգոյ չաստուածներ, շինծու փառքեր կը կերտեն, այլոց պատմութիւնը կ’իւրացնեն փառաբանուելու ակնկալութեամբ, մենք՝ բարբարոսաբար մեր ազգային փառքն ու հպարտութիւնը հիւսող երախտաւորները կ’անշքացնենք, առանց գիտակցելու, որ անոնք անջնջելի մեծութիւններ են, այդպէս ալ պիտի մնան, յաւերժացնելով մեր ժողովուրդին փառապանծ պատմութիւնը, մշակոյթը, մեր երէկը, այսօրը եւ վաղը:
Բարբարոսութիւնը կամ վայրագութիւնը մեղմ հնչող գնահատականներ ըլլան հաւանաբար:
Թու՞րքը անցաւ այստեղէն…