Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս ամբողջ Լիբանանի տարածքին սկսած է փառատօներու եղանակը, որուն շնորհիւ տարբեր շրջաններու մէջ տեղի կ՛ունենան տարբեր տեսակի մշակութային երեկոներ, համերգներ եւ ներկայացումներ` երգի, երաժշտութեան թէ պարային ելոյթներով:
Տըպպայէի փառատօնի շրջագիծին մէջ, ուրբաթ գիշեր տեղի ունեցաւ Հայաստանի «Բարեկամութիւն» պարարուեստի պետական համոյթի ելոյթը:
«Բարեկամութիւն» պարախումբին մաս կազմող 31 անդամներ իրենց ներկայացուցած արուեստով եւ ընտիր երգացանկի մը հիման վրայ պատրաստուած գեղարուեստական բարձր մակարդակի ներկայացումով թնդացուցին
Տըպպայէի «Ուոթըրֆրոնթ»-ն ու ներկաներուն սրտերը:
«Բարեկամութիւն» համոյթը իր ներկայացումը սկսաւ Արամ Խաչատուրեանի «Գարուն Երեւան»-ով, ապա շարունակեց Խաչատուր Աւետիսեանի «Զարթօնք»-ով, ինյպէս նաեւ Գրիգոր Եղիազարեանի «Վաղարշապատ»-ով համակելով ներկաներուն հոգիները:
Ապա հնչեցին Ա. Խաչատուրեանի «Ուզունտարա»-ն եւ «Լեզգինկա»-ն, Սայաթ Նովայի «Էշխեմետ»-ը եւ «Աշխարհումս»-ը, «Խաղ պար»-ը, Թաթուլ Ալթունեանի «Թամզարա»-ն, Առնօ Պապաճանեանի «Նոքթիւրն»-ը, «Սիրեցի եարս տարան» եւ «Ծաղկած բալենի» ժողովրդային երգերը, Արա Գէորգեանի «Մեր դարը», «Կիլիկիա»-ն, «Հոյ նազան»-ը եւ ազգագրական պարերու շարքը:
«Բարեկամութիւն» պարարուեստի համոյթը տարբեր ճաշակներ գոհացնող իր պարացանկով եւ արհեստավարժութեամբ գրաւեց հանրութիւնը:
«Բարեկամութիւն» համոյթի գեղարուեստական ղեկավար Նորայր Մեհրապեան ելոյթին ընդմէջէն ներկայացուց հայկական ժամանակակից պարարուեստը:
Հետաքրքրական էր տեսնել նաեւ, որ «Բարեկամութեան» համար բեմադրուած պարերը գոհունակ պահած էին նաեւ ոչ հայ հանդիսատեսները, որոնք նոյնքան ուրախ ու բաւարարուած կ՛ըմբոշխնէին հայ պարը:
Ներկայացումի աւարտին պարախումբին կողքին բեմ բարձրացաւ նաեւ Ն. Մեհրապեան, զոր հանդիսատեսը դիմաւորեց ծափողջոյններու ջերմ կշռոյթով:
«Բարեկամութիւն»-ը իր գեղեցիկ ներկայացումով, ստեղծած հեքիաթային աշխարհներով եւ հոգեհարազատ ազգագրական ելոյթով անմոռանալի պահեր պարգեւեց ներկայ իւրաքանչիւր անհատի համար: