Լիբանանի մէջ քաղաքական շրջանակներ անհաւանական կը նկատեն երկրի սահմանադրական կարեւորագոյն ժամկէտը նկատուող` նախագահական ընտրութեան մօտալուտ իրականացումը: Առնուազն պէտք է սպասել մինչեւ տարեվերջ, սակայն խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի կարծիքով, Լիբանան հազիւ քանի մը շաբաթ կրնայ տոկալ տիրող քաղաքական եւ յատկապէս տնտեսական ծանր պայմաններու ճնշումներուն: Առ այդ, ճիգերը կը շարունակուին տեղական թէ արտաքին մակարդակներու վրայ: Այս ծիրին մէջ, վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի կենսոլորտի խորհրդաժողովին արտասանած իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ նաեւ Լիբանանի կացութեան ու յատկապէս կենսոլորտային փոփոխութեանց Լիբանանի վրայ ունենալիք հետեւանքներուն: Միաժամանակ, վարչապետ Միքաթի քուլիսներու ետին անջատ խորհրդակցութիւններ ունեցաւ շրջանային թէ միջազգային ղեկավարներու հետ, ինչպէս` Ֆրանսայի, Յորդանանի, Եգիպտոսի եւ այլ երկիրներու նախագահներուն եւ ՄԱԿ-ի բարձրաստիճան պատասխանատուներուն հետ` փորձելով Լիբանանի օժանդակութեան խոստումներու գործնական քայլեր դասաւորել: Այս առիթով նշենք, որ վարչապետ Միքաթիի գրասենեակը հերքեց այն տեղեկութիւնները, թէ կենսոլորտի խորհրդաժողովի ծիրին մէջ Միքաթի մասնակցած է կողմնակի ժողովի մը` իսրայէլացի պատասխանատուի մը կողքին: Այս մասին լրատուութիւն հրապարակուած էր երէկ իսրայէլեան տեղեկատուական աղբիւրներու մէջ:
Միւս կողմէ, նմանօրինակ ճիգեր կը շարունակուին լիբանանեան քաղաքական բեմին վրայ եւս: Այս իմաստով ամերիկեան դեսպանատունը հաղորդագրութեամբ մը երէկ յայտարարեց, որ ամերիկացի բարձրաստիճան պատասխանատուներէն Սամանթա Փաուըր կարճատեւ այցելութեամբ հասած է Լիբանան: Ամերիկացի դիւանագէտը տեսակցութիւններ պիտի ունենայ լիբանանեան տարբեր կողմերու ներկայացուցիչներուն հետ: Փաուըր այս առիթով մտահոգութիւն յայտնած է Լիբանանի մէջ տիրող ընկերային տնտեսական կացութեան գծով` պատրաստակամութիւն յայտնելով ամերիկեան անմիջական օժանդակութիւն կատարելու:
Նախքան այդ, Լիբանանի մէջ պապական նոր նշանակուած նուիրակը իր կարգին իր նստավայրին մէջ խորհրդակցութիւններ կ՛ունենայ լիբանանեան խմբաւորումներու պատուիրակութեանց հետ: Այս ծիրին մէջ պապական նուիրակը երէկ ընդունեց Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ նախկին նախարար Ռիշար Գույումճեանի:
Նշենք, որ Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Մոժթապա Ամանի եւս նմանօրինակ նախաձեռնութեան դիմած էր եւ անջատ խորհրդակցութիւններ ունեցած լիբանանցի պատասխանատուներու հետ, որոնց կարգին` անցնող շաբաթավերջին, կիրակի երեկոյեան, Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթի հետ անոր տեսակցութիւնը, ինչպէս որ նշած է «Ռոյթըրզ» լրատուական գործակալութիւնը լիբանանեան ֆրանսատառ «Լ՛օրիան լը ժուր» թերթին վերագրելով իր տեղեկութիւնը: Այս հանդիպումներուն խորհրդակցութեանց առանցքային մասը կը կեդրոնանայ Լիբանանի սահմանադրական ժամկէտի` նախագահական ընտրութեան իրականացման անհրաժեշտութեան վրայ:
Իր կարգին, խրթին թնճուկներու «հարթումի մասնագէտ», Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ Ապպաս Իպրահիմ կը շարունակէ իր քուլիսային մագոգային ճիգերը` երկրի հրատապ հարցերու լուծման ջանքերով: Այս ծիրին մէջ երէկ կէսօրին ան իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Միջին Արեւելքի խաղաղութեան գործընթացի յատուկ համակարգող Թոր Ուինսլենտը:
Նմանապէս, Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ երէկ խորհրդակցութիւն մը ունեցաւ Ֆրանսայի դեսպան Անն Կրիոյի հետ: Այս առիթով Պասիլ շեշտեց սահմանադրական յօդուածներու տրամադրութեանց յարգումը` ընդգծելով, որ ընթացիկ հրաժարեալ կառավարութեան` հրատապ հարցերու լուծումէն անդին իր լիազօրութիւններու ընդարձակման որեւէ փորձ կը նկատուի սահմանադրական խախտում եւ դուռ կը բանայ նախագահական ընտրութեան ժամկէտի ձգձգման: