Սօսի Հաճեան
Արփինէին յետվիրաբուժական կազդուրումը բժիշկներուն նախատեսածէն շատ աւելի արագ ընթացաւ եւ շաբաթ մը չանցած՝զինք տուն ղրկեցին:
Առիթը եկած էր աղջկան իմացնելու, որ մայրը գործողութեան ենթարկուած էր եւ միաժամանակ յայտնելու, որ արդէն տունն էր:
Անիկա անակնկալի եկաւ եւ քիչ մը անհանգիստ զգաց, որ օրին լուր չէինք տուած իրեն. անշուշտ շատ լաւ կ’ըմբռնէր ստեղծուած կացութեան տուն տուող դրդապատճառը:
Երկու օր յետոյ, երբ գացած էի Արփինէին այցելելու, ինքնաշարժ մը կեցաւ տան առջեւ. զանգը հնչեցին. դուռը բացի, Արփինէին աղջիկն էր, որ հազիւ ներս մտած, հեկեկալով մօրը մօտ վազեց եւ խանդաղատանքով զինք կուրծքին սեղմեց:
Մայրը յուզուեցաւ աղջկան այս յանկարծակի այցելութենէն, անոր գորովալից ողջագուրումէն եւ աչքերը լեցուեցան, երբ անիկա յայտարարեց, որ հիմա իսկ միասին իր տունը պիտի երթային եւ այսուհետեւ իրենց հետ պիտի ապրէր. ապա սկսաւ պայուսակին մէջ տեղաւորել մօրը հագուստները եւ այլ պիտոյքներ:
Ես շշմած էի ականատես ըլլալով այս շատ արագ կատարուող զգացական յեղաշրջումին: Մայր- զաւակ՝ լարուած յարաբերութենէն յետոյ, մէկ անգամէն միւս ծայրայեղութեան երթալ, մայրը իրենց տանիլ, խնամել. թէ՛ ապշած էի եւ թէ՛ ուրախ, որ Արփինէն մինակ պիտի չմնար::
Մօտալուտ տօնական օրերը եւ տարեվերջի յատուկ վազվզուքը, գնումները, պահ մը մոռցնել տուած էին ինծի դրացուհիս:
Գրեթէ ամիս մը անցած էր, երբ ինք հեռաձայնեց եւ բաւական տեղեկութիւն տալէ յետոյ իր առողջութեան մասին, փափաք յայտնեց, որ անպայման այցելեմ իրեն:
Հետեւաբար՝ ընդառաջելով իր հրաւէրին, երեկոյ մը գացի իրենց:
Դէմքէն անհուն երջանկութիւն եւ գոհունակութիւն կը ծորէր. ժպիտը անպակաս էր:
Բարի գալուստի խօսքերէն յետոյ, իբրեւ պատասխան հարցումիս, թէ գո՞հ էր իր ներկայ վիճակէն.
– Հազար փառք կու տամ Աստուծոյ,- ըսաւ- որ ինծի որպէս մայր, առիթ տուաւ կիսատ ձգած պարտականութիւնս ամբողջացնելու եւ ունեցած թերացումներս, այս անգամ որպէս մեծ-մայր՝ թոռնիկներուս ընդմէջէն սրբագրելու: Եւ ինչ, որ ինծի աւելի ուրախութիւն կը պատճառէ, որ աղջիկս տեսնելով իմ եւ թոռնիկներուս փոխադարձ ջերմ յարաբերութիւնը, բոլորովին այլափոխուած է. շատ սիրալիր եւ հոգածու կեցուածք մը որդեգրած է ինծի հանդէպ: Տարիներ վերջ, մենք զիրար վերագտանք, քանդուած կամուրջը դարձեալ շինեցինք:
Անհունօրէն երախտապարտ կը զգամ նաեւ կեանքին հանդէպ. շատ երջանիկ օրեր կ’անցընեմ հոս, որովհետեւ շրջապատուած հարազատներովս, աղջկաս ընտանիքին եւ մանաւանդ փոքրիկներուն հետ, կեանքս կը լիցքաւորուի, կ’իմաստաւորուի: Ամուսնիս մահէն յետոյ, մինակութիւնս աւելի կը շեշտուէր այդ ընդարձակ տան մէջ:
Ոտքի ելայ տուն երթալու համար, բայց Արփինէն եւ աղջիկը թախանձեցին, որ մնամ իրենց հետ ընթրելու: Լաւ, որ չմերժեցի. թէ՛ մթնոլորտը հաճելի էր, թէ՛ խօսակցութիւնը հետաքրքրական եւ թէ ՛կերակուրները շատ համով, իսկ գինին մեզ ոգեւորութեան սանդուխներէն վեր կը բարձրացնէր առանց սայթաքելու:
Սուրճի ժամանակ, մենք երեք կիներս առանձնացանք հիւրասենեակ, մեր մտերմիկ խօսակցութիւնը ունենալու:
Մեզմէ իւրաքանչիւրը պատմելիք մը ունէր: Ամբողջ տարուան մեր դասերուն վերաքաղը ըրինք. ձեռքբերուած յաջողութիւնները եւ ասոնց կողքին ձախողութիւնները. ուրախ անկնկալները եւ յուսախաբութիւնները, ինչպէս նաեւ, կամայ, թէ ակամայ մեր գործած սխալները: Ձեւով մը խոստովանանք էր կարծես, առանց քահանայի: Անշուշտ մենք մեզի ներեցինք եւ միաժամանակ դրուատեցինք մեր ազնիւ եւ բարի արարքները:
Արփինէին աղջիկը արժանացաւ մեր լռելեայն շքանշանին. շնորհիւ իրեն, մայրը վերստին բազմած էր իր մայրական աթոռին, կամ գահին վրայ:
Ընթրիքին չափ երկար տեւող մեր զրոյցի երկրորդ բաժնին մէջ, մեր սրտերը քիչ մը աւելի խոր բացինք: Միջանկեալ ըսեմ, որ գինին իր բարերար ազդեցութիւնը ձգած էր մեր լեզուներուն վրայ: Առանց կեղծ ժպիտներու, կամ շինծու աւելորդաբանութիւններու խօսեցանք, պատմեցինք մեր թաքուն ցաւերը, որոնք երբեմն անքուն եւ տանջալից գիշերներ պատճառած էին մեզի: Ամբողջացնելու համար այս բազմերանգ համապատկերը, մեր անկատար տենչերն ալ մասնակցեցան մեր կանացի շաղակրատութեան:
Քիչ մը հոգեբանութիւն, քիչ մը փիլիսոփայութիւն ըրինք, եւ ես՝ ըստ իմ անտանելի սովորութեանս, խրատներու տոպրակս բացի: Խնդացինք, կատակեցինք եւ իբրեւ վերջաբան, բամբասանքի կծիկը քակեցինք, է՜ հարկաւ, մեր կանացի սովորութեան դէմ պիտի չերթայինք :
Նոր տարին չսկսած՝ մեր հաշուեփակը կատարած էինք արդէն: Գոհ սրտով եւ թեթեւցած հոգիով բաժնուեցանք իրարմէ, բարեմաղթութիւններ ցանկալով իրարու:
Հիմա անահմբեր եւ խանդավառ պիտի սպասէինք Կաղանդ ապապային եւ իր բերելիք նուէրներուն: Վերստին մանկացած էինք: