Սօսի Հաճեան
Հիւանդանոցի անկողնին մէջ երկարած, վատուժ եւ սպառած, նուաղուն աչքերով կը դիտէր չորս դին, ապա ինծի կը նայէր հարցական. ի՞նչ գործ ունէր հոս: Բառերը հազիւ կը լսուէին:
Մէկ շաբաթ առաջ փողոցին մէջ ինկած էր եւ զինք զգայազիրկ վիճակի մէջ փոխադրած էին հիւանդանոց, ուր զանազան քննութիւններէ յետոյ, երեւան ելած էր սրտի անօթային խցում. վիրաբուժական գործողութիւնը անհրաժեշտ էր :
Երբ Արփինէ սթափած էր հիւանդանոցին մէջ, խնդրած էր հիւնադապահէն, որ ինծի իմացնէր:
Ես դպրոցն էի այդ միջոցին. շուտով շտապեցի իր մօտ: Բժիշկը բացատրեց հիւանդին վիճակը եւ անմիջական գործողութեան կարիքը:
Արփինէին հարցուցի, թէ չէ՞ր ուզեր, որ իր աղջկան իմացնէի, որպէսզի գար եւ հարկ եղած կարգադրութիւնները ընէր :
-Դուն աւելի մօտ ես ինծի, քան թէ աղջիկս –ըսաւ-ան կ’ապրի հոսկէ երեք ժամ հեռաւորութեան վրայ գտնուող գիւղաքաղաքի մը մէջ. եւ որու՞ քով պիտի ձգէ իր անչափահաս զաւակները: Ձայնին մէջ սակայն, զգացի դառնութեան շեշտը:
Արփինէն քանի մը ամիս առաջ կորսնցուցած էր իր ամուսինը յառաջացած տարիքի մէջ:
Հազիւ ընթացաւարտ, նախքան ամուսնանալը ինք գործի ընդունուած էր որպէս քարտուղարուհի, հանրածանօթ արդիւնաբերական հաստատութեան մը մէջ, ուր քիչ ժամանակի մէջ յաջողած էր սիրաշահիլ իր մեծերուն եւ պաշտօնակիցներուն համակրանքը, իր յարգալիր եւ մեղմ բնաւորութեան պատճառով, ինչպէս նաեւ, գործին մէջ ցուցաբերած պարտաճանաչութեամբ:
Վերջերս ամուսինին, որ վարպետ դերձակ էր, յաճախորդներուն թիւը զգալիօրէն պակսած էր եւ ան այլեւս ի վիճակի չէր մինակը տան ծախսերը հոգալու. մանաւանդ զաւկին ծնունդէն յետոյ. հետեւաբար իրեն համար մեծ օժանդակութիւն մըն էր կնոջ բերած ամսավճարը:
Հարցը փոքրիկը խնամելն էր. եւ քանի որ ամուսինը հետզհետէ աւելի ազատ ժամեր կ’ունենար, ինք յանձն առաւ ստանձնել անոր հոգածութիւնը:
Եւ իսկապէս մօր մը նման, սկսաւ կերակուր եփել, գնումներ եւ այլ տնային պարտականութիւններ ընել. ինչ որ ուրիշ ընտանիքներու մէջ ընդհանրապէս կիները կը զբաղէին, հոս հայրն էր, որ փոքրիկը կը կերակրէր, դպրոց կը տանէր. մէկ խօսքով՝ տան տիկնոջ եւ մօր դեր կը կատարէր:
Միւս կողմէն՝ Արփինէն պաշտօնի բարձրացում եւ աշխատավարձի յաւելում ունեցաւ, որ կը նշանակէր առաւել ժամեր աշխատիլ, կամ գործի բերումով ճամբորդել:Իր բացակայութիւնը տան մէջ հետզհետէ աւելի կը շեշտուէր եւ իր բացասական անդրադարձը կ’ունենար մանաւանդ զաւկին վրայ:
Երբեմն այնքան սպառած կը հասնէր տուն, որ ոչ իսկ ընթրելու, կամ ամուսնին եւ աղջկան հետ խօսելու տրամադրութիւն կ’ ունենար. ննջասենեակը կ’առանձնանար՝ ինքզինք վերագտնելու եւ յաջորդ օրուան համար ուժանիւթ ամբարելու :
Փոքրիկը որքա՜ն կ’ուրախանար, երբ մաման տուն վերադառանար. կը վազէր իր մօտ, կը համբուրէր, կ’ուզէր պատմել դպրոցին մէջ անցուցած օրուան մասին, կամ ընկերներուն, ուսուցիչներուն մասին խօսիլ, բայց մաման, աչքերը կիսախուփ հազիւ մտիկ կ’ընէր, կամ քնացած կը մնար, պզտիկին յուսալքում պատճառելով: Ամուսինը եւս անհամբեր կը սպասէր իրեն, խօսելիք, կամ հարցնելիք շատ բաներ կային, բայց տեսնելով կնոջ յոգնած վիճակը, կը փորձէր ինք իր գիտցած ձեւով պատասխան մը գտնել:
Արփինէ յաճախ ինք իրեն հարց կու տար, թէ արդեօք ժամանակը չէ՞ր եկած, որպէսզի հրաժեշտ առնէր գործէն, իր ամուսնին եւ զաւկին հետ ըլլալու համար. բայց երբ կը տեսնէր, որ տան միակ նեցուկը ինքն էր հիմա, անմիջապէս կը վանէր այդ գաղափարը մտքէն: Ամուսինը ամբողջութեամբ տան եւ փոքրիկին նուիրուած էր եւ ունեցած մի քանի յաճախորդներն ալ ցամքած էին:
Օր մըն ալ հաստատութեան տնօրէնը փոխուեցաւ:Տեղը եկաւ նոր մը, աւելի երիտասարդ եւ անշուշտ աշխատելաձեւի նոր ոճով: Անմիջապէս լծուեցաւ անձնակազմը երիտասարդացնելու, աշխուժացնելու արշաւի մը.եւ բաւական կոկիկ մաքրագործում ըրաւ: Բայց, երբ հերթը հասաւ Արփինէին, տնօրէնը աչք գոցեց, նկատի առնելով անոր երկար տարիներու վաստակն ու փորձառութիւնը եւ մանաւանդ վայելած վարկը հաստատութեան մէջ:
Ամիս մը չանցած՝ երեւցան շատ երիտասարդ աղջիկներ եւ տղաք, որոնք համակարգիչով կ’աշխատէին, եւ ոչ թէ աւանդական ձեւով:
Արփինէին համար նոր մարտահրաւէր մը ներկայացաւ: Տնօրէնին թելադրութեամբ՝ արձակուելէն յետոյ կը մնար համակարգչային դասընթացքի հետեւելու:Աշխատանքի այս նոր համակարգը իրապէս յոգնեցուցիչ էր.ոչ միայն արդիական գործելակերպը, այլ երիտասարդներուն վարմունքը, իրենց համարձակութիւնը, մեծերուն հանդէպ ակնածանքի պակասը, կամ չգոյութիւնը, իրենց սերունդին իւրայատուկ բառապաշարը, որ երբեմն անհասկնալի էր. նոյնիսկ հագուելու ոճը խորթ էին իրեն համար: Ինզինք երբեմն դրսեցի կը զգար այն հաստատութեան մէջ, որուն ծնունդին հետ, գրեթէ քառասուն տարի առաջ, ինք ալ մուտք գործած էր:
Հիմա կը ջանար քայլ պահել այս յեղաշրջման հետ: Առաւօտները՝ պէտք եղածէն աւելի ժամանակ կը յատկացնէր իր արդուզարդին, հագուստ –կապուստին: Այս բոլորով մէկտեղ կը զգար, որ ինք այլեւս անհամատեղելի էր անոնց հետ:
Այսպէս քաշքշեց մի քանի տարի, որոնք դարու մը չափ երկար թուեցան իրեն:
Տնօրէնը, որ դիւանագէտ, կամ աւելի ճիշդ խորամանկ մարդ մըն էր, կ’անդրադառնար անոր հոգեկան տագնապին, անոր թափած ճիգին, պատշաճելու համար նոր օրերու արհեստականացում (թեքնոլոճի) կոչուած ամենահզօր հրէշին. եւ կը սպասէր, որ Արփինէ ինքնակամ կերպով հրաժարէր իր պաշտօնէն, որպէսզի չստիպուէին հատուցում վճարել իրեն: Արդէն հանգստեան կոչուելու օրերը մօտեցած էին:
Եւ վերջապէս հասաւ այդ օրհնեալ օրը: Բարեբախտաբար կենսաթոշակը Արփինէին երեւակայածէն շատ աւելի էր:
Ինք եւ ամուսինը անմիջապէս ձեռնարկեցին իրենց տարիներէ ի վեր փայփայած երազի իրականացման. ճամբորդել :
Եւ իսկապէս իրենց երազած ձեւով յաջողեցան ընել այդ գեղեցիկ եւ անմոռանալի ճամբորդութիւնը, որ տեւեց շուրջ երկու ամիս: Ացելեցին եւրոպական եւ ասիական զանազան երկիրներ եւ հոգեպէս կազդուրուած եւ նորոգուած վերադարձան տուն:
Սակայն ամէն ինչ ունի սկիզբ եւ վախճան: Առաջին հանգրուանը, հաստատութեան գործը հասած էր իր աւարտին. երկրորդն ալ, որ պտոյտն էր, ան ալ համեղ պատառի մը նման կուլ տուած էին:
Հիմա պիտի սկսէր երրորդ հանգրուանը, տունը մնալ եւ տանտիկին ըլլալ:
Առաջին օրերուն՝ Արփինէ շատ ուրախ էր.կարծես նորահարս մըն էր, որ իր մեղրալուսնի օրերը կ’ապրէր: Առտուն կանուխ արթննալու եւ գործի վազելու խուճապէն փրկուած էր:Ամուսինը եւս շատ գոհ էր: Ի վերջոյ պիտի կարենային իբրեւ զոյգ վայելել զիրար, առանց հապճեպի:
Այս բոլոր երանութեան մէջ, որուն իսկապէս պէտք ունէր Արփինէն, մէկ բան վրիպած էր իր նկատողութենէն. իր աղջկան պաղ կեցուածքը իրեն հանդէպ:
Այո,՛ անիկա ետեւ ձգած էր պատանութեան փոթորկալից տարիները. համալսարանի ուսանող էր եւ իր կեանքի ուղեգիծը արդէն ձեւաւորած էր: Սակայն իր մէջ թաքուն ատելութիւն մը բոյն դրած էր մօրը հանդէպ մանկութեան օրերէն ի վեր, որ երթալով աճած էր: Իր դժուար վայրկեաններուն, դպրոցական, զգացական եւ տարբեր բնոյթի հարցերու պարագային, մանաւանդ իր պատանեկան տարիներուն, երբ պահանջքը կը զգար զինք մտիկ ընող մօր մը, որուն կարենար իր մտերմիկ հարցերը պատմել եւ անոր թելադրութիւնները լսել, մայրը մեծ բացակայ մը եղած էր. աններելի յանցանք մը ,ըստ իրեն: Թէեւ հայրը որոշ չափով փորձած էր այդ բացը գոցել:
Հիմա ուշ էր այլեւս սխալը սրբագրելու համար. մայրը թերաւարտ ուսանողի մը նման, կիսատ թողած էր իր մայրական պարտականութիւնը:
Արփինէ յանկարծ նկատեց, որ իրենց դուստրը արդէն երիտասարդուհի մը եղած էր, եւ ինք չէր կրցած վայելել անոր մանկութիւնն ու պատանեկութիւնը: Այդ իրողութիւնը մեծ ցաւ պատճառեց իրեն: Ինք լուսանցքի վրայ մնացած մայր մը եղած էր,միայն ֆիզիքապէս ներկայ, առանց մասնակից դառնալու անոր ուրախութիւններուն,տխրութիւններուն, հոգեկան վերիվայրումներուն, սիրային տագնապներուն: Բայց , չէ որ ինքն էր տունը պահողը:
Անգամ մը մեղմօրէն յայտնեց իր յուսախաբութիւնը աղջկան անտարբեր կեցուածքին համար:
-Ի՞նչ կը սպասէիր, – ըսաւ աղջիկը – ես որքան պէտք ունէի քու գգուանքիդ, երբ փոքր էի, քեզի հետ խօսելու, կատակելու, միասին ըլլալու, կարիքը կը զգայի, բայց քեզի համար գործդ էր առաջնահերթը, որ քեզ ամբողջութեամբ կլանածէր: Մենք երկրորդական դիրքի վրայ մնացած էինք: Նոյնիսկ, երբ տունն էիր, իմ հարցերովս զբաղելու ժամանակ չունէիր:
Արփինէ ձայն չհանեց. աղջիկը իրաւունք ունէր: Երկուստեք չէին կրցած զիրար վայելել, որպէս մայր եւ զաւակ:Բայց, գէթ գնահատանքի խօսքի մը արժանի չէ՞ր, որ շնորհիւ իր երկար տարիներու զոհողութեան՝ յաջողած էին բարեկեցիկ կեանք մը ապահովել:
Իր յարաբերութիւնը զաւկին հետ հասած էր նուազագոյնի սահմաններուն: Անցնող տարիներուն հետ, փոխանակ մերձեցումի, հեռացած էին իրարմէ. մեծ անջրպետ մը կը բաժնէր զիրենք:
Եւ հիմա, Արփինէ «բացակայ» մօր պարտքը բարձր տոկոսներով կը վճարէր իր աղջկան:
ՍՕՍԻ ՀԱՃԵԱՆ