Հալէպի «Գանձասար» շաբաթաթերթի գլխաւոր խմբագիր Զարմիկ Պօղիկեան կը գրէ.
Սուրիոյ տագնապի սրման տարիներուն ՏԱՀԷՇ-ի ընդլայնման մասին բազմիցս հնչեցին նախազգուշական արտայայտութիւններ: Լուսարձակի տակ առնուեցաւ յատկապէս Թուրքիոյ վարչակարգին լռելեայն գործակցութիւնը ՏԱՀԷՇ-ի հետ: Նոյնիսկ թրքական լրատուամիջոցներ փաստերով ներկայացուցին Թուրքիոյ ճամբով ՏԱՀԷՇ-ի սուրիական քարիւղի ապօրինի վաճառքին մասին, ապա նաեւ թրքական իշխանութիւններուն նշեալ արմատական ծայրայեղականներուն զէնք հայթայթելու, անոնց վիրաւորները թրքական հիւանդանոցներու մէջ բուժելու մասին հիմնաւորեալ տեղեկութիւններ փոխանցեցին:
Իրադարձութիւններուն հետեւողը պիտի պարզէ, թէ ահաբեկչութեան դէմ կոչերով հանդէս եկող Թուրքիան իրականութեան մէջ ահաբեկչութեան ծնունդին սատարող ու զայն Ֆինանսաւորող գլխաւոր երկիրներէն մէկն է: Անոր համար ՏԱՀԷՇ-ը սուր-իական թոհուբոհին մէջ երկրի քանդումին, սուրիական վարչակարգի տապալման, ինչպէս նաեւ քրտական գործօնին դէմ օգտագործելի խաղաքարտ մըն է:
Սուրիական կողմեր բազմիցս կը շեշտէին, թէ Թուրքիա դերակատար է ՏԱՀԷՇ-ի եւ ընդհանրապէս ահաբեկչական շարժումներու ընդլայնման մէջ ու փաստերով կը պարզէին, թէ Միջին Արեւելքի մէջ ահաբեկչական շարժումը տեղայնական բնոյթէն դուրս պիտի գայ ու հասնի արեւմտեան երկիրներ: Սուրիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը ՄԱԿ-ին ուղղուած իր բազմաթիւ նամակներով կոչ կ՛ուղղէր «ցամքեցնելու» նման շարժումներու ֆինանսաւորման աղբիւրներն ու պատժելու անոնց հոսքը դիւրացնող երկիրները: Արեւմուտքն ու ԱՄՆ-ը սակայն անտարբեր կը ձեւանային Թուրքիոյ երկդիմի քաղաքականութեան նկատմամբ:
Վրայ հասաւ գաղթականներու հարցը եւ Թուրքիան կատարելապէս օգտագործեց մարդկային այս ցաւոտ երեւոյթը եւս` դիւրացնելով գաղթականներուն հոսքը դէպի արեւմտեան երկիրներ, անոնց հետ արտահանելով նաեւ ահաբեկիչներ:
Գաղթի ճամբուն խեղդամահ մանուկներուն պատկերները շահարկուեցան ու աղէտալի երեւոյթները Թուրքիոյ քաղաքական թէ տնտեսական հաշուարկներուն ծառայեցին:
Այսօր Թուրքիան մեծ գումարներ կը պահանջէ եւրոպական երկիրներէ, իբրեւ թէ սուրիացի գաղթականներուն աւելի լաւ պայմաններ ստեղծելու համար, մինչ այլ երկիրներ գաղթականներ կ՛ընդունին առանց խաղաքարտի վերածելու գաղթի երեւոյթը:
Թուրքիան անպատիժ ձգելու այս անտարբերութիւնը գլխաւոր պատճառներէն մէկը հանդիսացաւ ահաբեկչական ալիքի ընդլայնման:
Այստեղ տեղին է նշել Թուրքիոյ Անթալիա քաղաքին մէջ Քսաններու խմբակի երկօրեայ վեհաժողովին աւարտին հրապարակուած հաղորդագրութիւնը, ուր կը շեշտուէր ահաբեկչութեան ֆինանսաւորման «ցամքեցման» կարեւորութիւնը: Վեհաժողովին Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին յստակօրէն նշեց, որ «Ահաբեկչութիւնը կը ֆինանսաւորեն 40 երկիրներ, որոնց շարքին Քսաններու խմբակի վեհաժողովին մասնակից երկիրներ»:
Մատնանշումը յստակ էր: Կը մնայ լուսարձակի տակ պահել ահաբեկչութեան դէմ պայքար յայտարարող, բայց խորքին մէջ զայն սնուցանող երկրին քօղարկուած քաղաքականութիւնը: Այն երկրին, որ Եւրոպա մուտք գործելու իր նկրտումներուն ճամբայ կը հարթէ անոր ապահովութեան խախտման նպաստելով, ապա ցաւակցողի դերը խաղալով:
Ֆրանսայի մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչական արարքները առաւել եւս կը շեշտեն միջազգային ընտանիքին կողմէ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի եւ ահաբեկչութեան նիւթապէս սատարող պետութիւնները պատժելու հասարակաց մօտեցումի մը որդեգրման կարեւորութիւնը:
Տարածաշրջանին մէջ յատկապէս Թուրքիոյ կործանարար դերին վերջ տալու այլ ելք չկայ: Անպատիժ մնալով Թուրքիան պիտի շարունակէ սնուցանել հաւատադրժողական ահաբեկչութիւնը: