ԵՐԵՒԱՆ, «Լրագրող».- Գլխաւոր դատախազութիւնը 26 Օգոստոսին յայտնեց, որ «Սուրմալու» առեւտուրի կեդրոնին մէջ պատահած պայթումին առիթով նախաձեռնուած քրէական վարոյթով 4 անձեր ձերբակալուած են: Անիկա չճշդեց ձերբակալուածներուն ինքնութիւնը։
Factor.am-ին յայտնի դարձաւ, որ ձերբակալուածները «Երեւանի պահածոների գործարան» ընկերութեան փոխտնօրէնը, տարածքի վարձակալը եւ պահեստը շահագործող երկու անձեր են: