Կազմակերպութեամբ «Աշքալ Ալուան» մշակութային եւ արուեստի կազմակերպութեան, երկուշաբթի, 30 մայիսին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Աշքալ Ալուան» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ Նիկոլ Պեզճեանի 2001-ին նկարահանուած «Ռոտզ ֆուլ աֆ Էփրիքըթս» եւ 2013-ին նկարահանուած «Այ լեֆթ մայ շուզ ին Իսթանպուլ» շարժանկարներուն ցուցադրութիւնը: Իսկ երեքշաբթի, 31 մայիսին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին ցուցադրուեցաւ 2014-ին Պեքաայի սուրիական գաղթակայանին մէջ նկարահանուած Պեզճեանի «Թենք եու լէյտիզ էնտ ճենթըլմըն» շարժանկարը, որմէ ետք զրոյց մը տեղի ունեցաւ Նիկոլ Պեզճեանի եւ նկարահանող Աքրամ Զաաթարիի միջեւ վերոյիշեալ 3 շարժանկարներուն մասին:
Աքրամ Զաաթարի կենսագրական ակնարկով մը ներկայացուց Նիկոլ Պեզճեանը` ըսելով, որ ան ծնած է Հալէպ, երիտասարդ տարիքին եկած է Պէյրութ, ապա մեկնած է Միացեալ Նահանգներ` շարժանկարներու արուեստին մէջ մասնագիտանալու համար: Պեզճեան շարունակեց ըսելով, որ ան չէր ծրագրեր Միացեալ Նահանգներ հաստատուիլ, իր նպատակը ուսում ստանալ էր եւ վերադառնալ Լիբանան: Սակայն Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը պատճառ դարձած է, որ ինք իր ծրագիրները փոփոխութեան ենթարկէ: Աւելի ուշ, երբ Լիբանան վերադարձած է, Պեզճեան զգացած է Լիբանանի մէջ աշխատելու կարեւորութիւնը, որովհետեւ ինքզինք իր անձէն զատուած զգացած է:
Զաաթարի նկատել տուաւ, թէ Պեզճեանի շարժանկարներուն միջեւ ներքին կապ մը կայ, որ յաջորդականութիւն մը կը ստեղծէ. «Ռոտզ ֆուլ աֆ էփրիքըթս»-ը մտային ճամբորդութիւնն է անցեալին, ներկային եւ ապագային միջեւ, «Այ լեֆթ մայ շուզ ին Իսթանպուլ»-ը, որ Պեզճեանի` հայ-թուրք յարաբերութեան փորձառութեան արձագանգն է, ժամանակէն եւ վայրէն բաժնուած ֆիզիքական ճամբորդութիւն է եւ հայուն ու թուրքին միջեւ կառուցուած պատնէշին շրջանցումը: «Հետեւաբար, հարց տուաւ Զաաթարի, «Թենք եու լէյտիզ էնտ ճենթըլմըն»-ը ինչպէ՞ս կարելի է կապել նախորդող երկու շարժանկարներուն»: Պեզճեան բացատրեց, թէ ասիկա վերջերս տեղահանուած եւ նոր կեանք կառուցող ժողովուրդի մը առօրեան է, որ կ՛ընթանայ նոր կազմուող յիշատակներու եւ հայրենիք վերադառնալու ցանկութեան հիման վրայ: Պեզճեան աւելցուց, որ թեմաներէն բացի շարժանկարի արուեստին յատուկ ձեւեր կան, որոնք կը նպաստեն այս կապերու ստեղծման. երաժշտութիւնը, պատկերները իրար կ՛ակնարկեն եւ այնպէս կը թուի, թէ մէկ շարժանկարին վերջը միւսին սկիզբն է, մինչ պատմութիւնները եւ անոնց հոլովոյթները բոլորովին կը տարբերին իրարմէ:
Երբ Աքրամ Զաաթարի հարց տուաւ, թէ ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս Պեզճեան պատրաստած է «Թենք եու լէյտիզ էնտ ճենթըլմըն» շարժանկարը, Նիկոլ Պեզճեան բացատրեց, թէ այս շարժանկարը պատրաստելու միտքը յղացած է նոյն վերնագիրով բանաստեղծութիւն մը գրելէն ետք, որ շարժանկարին մէջ քանի մը հատուածներով կը կարդացուի սուրիացի գաղթականներու կողմէ: Պեզճեան ուզած է մտիկ ընել գաղթականները եւ անոնց ձայնը լսելի դարձնել ոչ թէ քաղաքական շահախնդրութեամբ, ինչպէս լուրերու պատրաստութեան պարագային, այլ պարզապէս մարդկային վշտակցութենէ մեկնելով: Պեզճեան աւելցուց, որ իր անցեալը` Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրողէ մը սերող նկարահանող ըլլալը մեծ դեր խաղացած է այս շարժանկարի պատրաստութեան մէջ` տրուած ըլլալով, որ իր մեծ մայրն ու մեծ հայրը նոյնանման պայմաններու մէջ ապրած են եւ յաջողած են այսօրուան սուրիացի գաղթականներուն նման վերակառուցել իրենց աւերուած կեանքը: «Կարծէք հայկական գաղթակայանները կը վերադառնայի, եւ 1915-էն ի վեր ոչինչ փոխուած էր, միայն թէ այդ ժամանակ նկարները սեւ-ճերմակ էին, իսկ հիմա գունաւոր են», եզրափակեց Պեզճեան:
Նշենք, որ չորեքշաբթի, 1 յունիսին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Սանթր Սոֆիլ»-ի «Մեթրոփոլիս Արթ Սինեմա»-ին մէջ պիտի ցուցադրուի Նիկոլ Պեզճեանի «Տաճար լուսոյ» շարժանկարը: