ՅԱԿՈԲ ԼԱՏՈՅԵԱՆ
1996-ի վերամուտին ստանձնեցի Ազգային Աքսոր Գասարճեան վարժարանի տնօրէնութիւնը: Այդ տարի դպրոցին ճիշդ դիմացը, միայարկանի տան մը մէջ կ՛ապրէին Վիգէնը, Նարինէն եւ Թամարը:
Վիգէն հրաւիրուած էր Լիբանան` իբրեւ բեմադրիչ ՀԲԸՄ-ի «Վահրամ Փափազեան» թատերախումբին, Նարինէն պետական երաժշտանոցի եւ Համազգայինին «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտանոցի թաւջութակի ուսուցչուհի էր, իսկ Թամարն ալ` Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի աշակերտուհի:
Առտու մը Վիգէն գրասենեակս ներկայացաւ, «Բարեւ, Աստուծոյ բարի»-էն ետք առաջարկեց, որ առտուները ունեցած իր ազատ ժամերուն կ՛ուզէ երգի եւ գծագրութեան դասեր տալ: Առաջարկը ընդունեցի, եւ այդ երկու տարեշրջաններուն դպրոցը կազմակերպեց գծագրութեան ցուցահանդէս, երգչախումբի ելոյթ եւ երկու յաջորդական տարեվերջի լաւ հանդէսներ, զորս մինչեւ օրս կը յիշեմ:
Մինչ այդ, 1998-ին, երբ Համազգայինի Շրջանային վարչութեան ատենապետ էի, Վիգէնը եկաւ նոր առաջարկով մը` «Արեգ» թատերական դպրոց հիմնելու: Շրջանայինը որդեգրեց առաջարկը, քանի մը տարիներու ընթացքին մեծ թիւով պատանիներ ու պարմանուհիներ հաւաքեց ու տպաւորիչ թատերախաղեր ներկայացուց գաղութին:
Աւելի ուշ, Վարուժան Խտըշեանի մահէն ետք, Վիգէն «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբով ներկայացուց «Սորի» թատերախաղը` Յասմիկ Թաշճեանի, Կարօ Անտոնեանի եւ Դաւիթ Գազանճեանի հետ:
Վիգէն Ստեփանեան շուտով Համազգայինի ընտանիքին մէջ ընտելացաւ արդէն: Ճեմարան կը դասաւանդէր: Շաբաթը քանի մը օր «Լեւոն Շանթ» էր: «Քնար» պարախումբի պարուսոյց Ֆելիքս Յարութիւնեանի հետ «Փուր Թուա Ազնաւուր»-ին իր ներդրումը ունեցաւ: Խումբը 2008 թուականին Հայաստան հրաւիրուեցաւ: Աւելի ուշ, իր ջանքերով, «Երգ երգոց»-ը Լիբանան հրաւիրուեցաւ: Այսպէս, ամբողջ տասնամեակ մը ու աւելի զանազան ձեռնարկներու, հանդիսութիւններու, մեծարանքի երեկոներու Վիգէնը իր դրոշմը ունեցաւ` ըլլա՛յ բեմայարդարումի, ըլլա՛յ գեղարուեստական բաժինի բեմադրութեան, ըլլայ ասմունքի կամ ներկայացման մէջ:
Ինծի համար, սակայն, Վիգէնը «Բեմի առիւծ» էր: Թատերախաղի մէջ անոր ներկայութիւնը ուղղակի ուշադրութիւն կը գրաւէր: Անոր առոգանութիւնն ու բամբ ձայնը մեր ականջներուն մէջ միշտ կը մնայ, իսկ անոր բեմական կեցուածքը ոչ ոք պիտի կարենայ փոխարինել:
Վիգէն Ստեփանեան լաւ կապեր ունէր նաեւ Համազգայինի Հայաստանի թատրոնին հետ, որոնց հրաւէր ելոյթներուն ընթացքին ալ միշտ օգտակար եղաւ ան:
Վիգէնի կորուստով անպայման որ կը յիշեմ բոլոր հայրենի արուեստագէտ առաքեալները, որոնք հաւատացին Համազգայինի առաքելութեան եւ իրենց կեանքի լաւ տարիները սփիւռքին նուիրեցին` մէկը երկու տարի, միւսը վեց տարի, ուրիշ մը մինչեւ տասնութ տարի:
Բագրատն ու Ալեքսան Քոչարեանը` իբրեւ ուսուցիչներ, «Թորոս Ռոսլին» ակադեմիայի, Յարութիւն Թոփիքեանը` իբրեւ «Գուսան»-ի խմբավար, Ֆելիքս Յարութիւնեանը` իբրեւ «Քնար»-ի պարուսոյց եւ «Գայեանէ» պարի դպրոցի հիմնադիր, Աշոտ Ճէնտէրէճեանը` իբրեւ «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտանոցի տնօրէն եւ ջութակի ուսուցիչ, Վիգէն Ստեփանեանը` իբրեւ «Արեգ» թատերական դպրոցի հիմնադիր եւ աւելի ուշ «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի բեմադրիչ:
Ինչպէս կը տեսնէք խումբ մը յարգելի արուեստագէտներ, որոնք հայրենի տաքուկ տունն ու հանգիստ տեղը ձգած, օտարութեան մէջ Սփիւռքի կարեւորութեան եւ մանաւանդ Համազգայինի առաքելութեան հաւատացած, տարիներով ծառայած եւ սերունդներ պատրաստած են:
Վիգէնին ընդմէջէն թող բոլորին յիշատակները անթառամ մնան:
Հաւատացէք, որ տարբեր սերունդներու մէջ երգի, գծագրութեան, պարի, երաժշտութեան եւ դերասանութեան ծիլը դրիք:
Հաւատացէք, որ տարբեր սերունդներու մէջ ձեր ուրոյն տեղը ունիք:
Վարձքերնիդ կատա՛ր: