Հակառակ խորհրդարանական ընտրութիւններ կատարելու նկատմամբ արտայայտուող ապատեղեկատուութեան եւ մեկնաբանութիւններուն, լիբանանեան քաղաքական բոլոր շրջանակները, իշխանութեան պետերն ու պաշտօնական մարմինները կը հաստատեն, որ ընտրութիւնները պիտի կայանան:
Այս շրջագիծին մէջ հանրապետութեան նախագահութիւնը շաբաթ երեկոյեան հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն կառչած կը մնայ երեսփոխանական ընտրութիւնները ճշդուած թուականին` 15 մայիս 2022-ին կատարելու որոշումին:
Նոյն հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները ֆինանսաւորելու մասին կառավարութիւնը երեքշաբթի օրուան իր նիստին պիտի քննարկէ ներքին գործոց նախարարութեան պահանջը:
Միւս կողմէ, ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Պասսամ Մաուլաուի հաստատեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները պիտի կայանան ճշդուած թուականին` աւելցնելով, որ նախարարութիւնը իր կարիքները ցանկագրած է եւ կը ջանայ քուէարկութեան ու քուէախոյզ կեդրոններուն համար ելեկտրականութիւն ապահովել:
Մաուլաուի նշեց, որ ընտրութիւններուն կայացման համար պահանջուած գումարները հսկայական չեն` աւելցնելով, որ անոնց մասին յաւելեալ մանրամասնութիւններ պիտի յայտարարուին երեքշաբթի, 15 փետրուարին:
Նշենք, որ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը կիրակի օրուան իր քարոզին մէջ հաստատեց, որ երեսփոխանական եւ նախագահական ընտրութիւնները պաշտօնական անցքեր են, որպէսզի Լիբանանը վերստին նկատի առնուի իրենք զիրենք յարգող պետութիւններու շարքին:
Ան անդրադարձաւ նաեւ լիբանանեան բանակին դերակատարութեան` հաստատելով, որ բանակը քաղաքականութեան եւ ապահովութեան երաշխիքն է` ընդգծելով, որ իրենք շնորհակալ են բանակին զօրակցող եւ օժանդակող բոլոր պետութիւններուն: