Գիշերուան ժամը 11:00-էն սկսեալ երիտասարդ ցուցարարներ սկսան հաւաքուիլ Կեդրոնական Պէյրութի «Լը Կրէյ» պանդոկին մօտ, ուր սկսան զայրոյթի կանչեր արձակել, պահանջել կառավարութեան հրաժարականը եւ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին պատասխանատուներուն հաշուետուութեան ենթարկուիլը:
Շուտով բախումներ ծայր տուին ցուցարարներուն եւ Ներքին ապահովութեան ուժերուն միջեւ: Ցուցարարները հրկիզուած անիւներով փակեցին Պէյրութի քաղաքապետարանի ճամբան եւ վնասներ հասցուցին Կեդրոնական Պէյրութի մէջ գտնուող կարգ մը խանութներու գոյքերուն:
Ապահովական ուժերը ցուցարարները ցրուելու համար օգտագործեցին արցունքաբեր ռումբեր, մինչ ցուցարարները քարկոծեցին զանոնք: Ցուցարարները խորհրդարանի մուտքերէն մէկուն մօտ ճամբան փակեցին հրկիզելով տախտակներ եւ ծանուցողական պաստառներ: