Հայաստանի բռնցքամարտի ֆետերասիոնին նախաձեռնութեամբ միջազգային մրցաշարք մը տեղի պիտի ունենայ 16 դեկտեմբերին, Երեւանի մէջ:
Մրցաշարքին պիտի մասնակցին Հայաստանի, Ուքրանիոյ, Իրանի եւ Վրաստանի հաւաքականները: Հայաստան եւ Ուքրանիա պիտի մասնակցին երկու կազմերով: Նշենք, թէ ռինկ պիտի բարձրանան նաեւ իգական սեռի ներկայացուցիչներ: