Լոնտոնի յայտնի Բրիտանական գրադարանին մէջ եւ վերջինիս համագործակցութեամբ Նոյեմբեր 22-ին ՀՀ դեսպանութիւնը կազմակերպած էր այդ գրադարանին մէջ պահուող հայկական ձեռագիր ու տպագիր գիրքերու ցուցահանդէս` նուիրուած Հայ տպագրութեան 500-ամեակին, հայ-բրիտանական դիւանագիտական յարաբերութիւններու 20-ամեակին եւ Երեւանի` իբրեւ գիրքի համաշխարհային մայրաքաղաքի հռչակման: Հայկական ձեռագիր եւ տպագիր գիրքերու հիանալի նմուշները ներկայացուած են Բրիտանական գրադարանի «Գանձատուն» կոչուող սրահին մէջ: Այս մասին կը հաղորդէ ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի, տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութիւնը:
Ցուցահանդէսի հանդիսաւոր բացումին մասնակցելու համար Լոնտոն ժամանած էր ՀՀ մշակոյթի նախարար Յասմիկ Պօղոսեան: Արարողութեան ներկայ էին նաեւ Միացեալ Թագաւորութեան խորհրդարանի պատգամաւորներ, ԱԳՆ եւ Լոնտոնի դիւանագիտական մարմին ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ հայ համայնքի ու հայ ուսանողութեան ներկայացուցիչներ:Բացման արարողութեան ողջոյնի խօսքով հանդէս եկած է Բրիտանական թանգարանի գիտական եւ հաւաքածուներու հարցերով տնօրէն Քերոլայն Պրազիեր: Այնուհետեւ ելոյթ ունեցած է ՄԹ Համայնքներու պալատի անդամ, ՄԹ խորհրդարանի մշակոյթի, գիտութեան, կրթութեան եւ մարմնակրթութեան հարցերով յանձնաժողովի նախագահ, Բրիտանա-հայկական համակուսակցական խորհրդարանական խումբի փոխնախագահ Ճոն Ուիթինկտէյլը:
Մեծ Բրիտանիոյ մէջ ՀՀ դեսպան Կարինէ Ղազինեան հանդէս եկած է երախտագիտութեան խօսքով եւ ցուցահանդէսի մասնակիցներուն հակիրճ ներկայացուցած է հայ գիրքի եւ հայկական տպագրութեան պատմութիւնը: Յատուկ շնորհակալութիւն յայտնուած է «Ուիկմոր մետիքըլ» ընկերութեան ղեկավար Պետօ Եղիայեանին, որուն հովանաւորութեամբ հնարաւոր եղած էր իրականացնել այս նախաձեռնութիւնը: Ցուցահանդէսը պիտի տեւէ մինչեւ 31 Յունուար 2013: