Բրիտանիոյ ամէնէն երկար իշխած գահակալը` Էլիզապեթ Բ. թագուհին մահացաւ: 70 տարի իշխած թագուհին 96 տարեկան էր:
Ան գահ բարձրացած էր 1952-ին եւ ականատեսը դարձած հսկայական ընկերային փոփոխութեան:
Պաքինկհամ պալատը յայտարարութիւն մը հրապարակելով յայտնեց. «Թագուհին այս կէսօրէ ետք խաղաղօրէն մահացաւ Պալմորըլի մէջ: Թագաւորն ու վիճակակից թագուհին այս երեկոյեան պիտի մնան Պալմորըլի մէջ եւ վաղը պիտի վերադառնան Լոնտոն»:
Թագուհիին մահով անոր աւագ տղան Չարլզը, նախապէս Կալեսի իշխանը, պիտի ղեկավարէ երկիրը իբրեւ նոր թագաւոր եւ հասարակապետութեան 14 շրջանները` իբրեւ պետութեան ղեկավար: Ան այսուհետեւ պիտի ճանչցուի իբրեւ Չարլզ Գ. թագաւոր:
Էլիզապեթ Բ.-ի զաւակներն ու թոռները մեկնեցան Սկովտիոյ Ապըրտին քաղաքին մօտ գտնուող Պալմորըլ, երբ բժիշկներ թագուհին բժշկական հսկողութեան տակ դրին:
Էլիզապեթ Բ. թագուհիին գահակալութեան ընթացքին Բրիտանիան 15 վարչապետներ ունեցած է` սկսելով 1874-ի ծնունդ եղող Ուինսթըն Չըրչիլէն եւ հասնելով 101 տարի ետք` 1975-ին ծնած Լիզ Թրաս, որ այս շաբթուան սկիզբը թագուհիին կողմէ վարչապետ նշանակուած էր:
Էլիզապեթ Բ. թագուհին ծնած էր Լոնտոն, 21 ապրիլ 1926-ին:
Բրիտանիոյ վարչապետ Լիզ Թրաս Էլիզապեթ Բ. Թագուհին կոչեց «այն ժայռը, որուն վրայ կառուցուեցաւ արդի Բրիտանիան»: