«Արմէնփրես» կը տեղեկացնէ, թէ երէկ երեկոյեան Երեւանի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանը` նախագահող դատաւոր Մնացական Մարտիրոսեանի գլխաւորութեամբ, բաւարարեց «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան ղեկավար Գագիկ Ծառուկեանը կալանաւորելու Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան քննիչին հայցը: Ծառուկեան երկու ամիս կալանքի տակ պիտի մնայ: