ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Երեւանի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանը՝ դատաւոր Մնացական Մարտիրոսեանի նախագահութեամբ, հաւանութիւն տուաւ «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան ղեկավար Գագիկ Ծառուկեանի նկատմամբ բանտարկութիւնը նիւթական երաշխիքով փոխարինելու միջնորդութեան:
Այս տեղեկութիւնը փոխանցեց անոր պաշտպանը՝ Սամուէլ Դիլբանդեան:
Գագիկ Ծառուկեան ազատ արձակուեցաւ 100 միլիոն դրամ նիւթական երաշխիքի դիմաց:
«Երեւան-կենտրոն» քրէակատարողական հիմնարկէն դուրս գալէն ետք, Գագիկ Ծառուկեան լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին յայտնեց, որ մէկ կողմ կը դնէ իր բոլոր քաղաքական հակասութիւնները՝ շեշտելով, որ ներկայիս իր եւ կուսակցութեան հիմնական հարցը Ազրպէյճանի կողմէ սանձազերծած պատերազմին Արցախին աջակցիլն է: