“Գալուստ Կիւլպէնկեան ի՞նչ կը նշանակէ ինծի համար
Մարթին Էսաեանի շահեկան ելոյթը Գալուստ Կիւլպէնկեանի ծննդեան 150-ամեակի նշումին առթիւ
Իմ մեծհօրս հայրը Գալուստ Կիւլպէնկեան ամէն բանէ առաջ ինծի համար կը նշանակէ ԱՐԺԷՔՆԵՐ։ Մեր օրերուն այլեւս այնքան ալ յաճախ չի խօսուիր արժէքներու մասին, մինչդեռ յատկապէս բարեսիրական այսպիսի հիմնարկութեան մէջ պէտք է ընենք ատիկա։ Գալուստ Կիւլպէնկեան իր պաշտպանած արժէքներուն մասին գրած է շարք մը նամակներ, հասցէագրուած իր միակ մանչ թոռան՝ հօրս, երբ ան դեռ պատանի էր։ Տարուան ընթացքին պիտի հրատարակենք այդ նամակներուն մէկ մասը. անոնցմէ օրինակ մը կրնաք տեսնել ցուցահանդէսին։ Իրեն համար ծայր աստիճան կարեւոր էին այդ արժէքները, զորս ինք կը կոչէր իր բարոյական կանոնակարգը։ Ան ոչ միայն պաշտպանեց զանոնք, այլ նաեւ ապրեցաւ համաձայն անոնց։ Երբ առաջին անգամ ըլլալով կարդացի այդ նամակները՝ անդրադարձայ, որ հայրս զանոնք փոխանցած է ինծի, առանց երբեք ըսելու, թէ ուրկէ կու գան։ Այդ արժէքները նպաստեցին հօրս հրաշալի անձ մը դառնալուն եւ ամենէն թանկագին բանը, որ կրնամ ընել յառաջիկայ վայրկեաններուն՝ զանոնք ձեզի ներկայացնելն է։ Բայց կ՚ուզեմ ընդգծել, որ ես օրինակ մը չեմ, այլ պարզապէս պատգամաբեր մը։ Անոնք կու գան բարձրաբարձր չափանիշերով բացառիկ անձէ մը, որ տէր էր իր սեփական եւ ուրիշներու տկարութիւնները տեսնելու սուր զգայարանքի։ Այդ արժէքները կը կազմեն իր տեսլականը՝ լաւ մարդ ըլլալու համար, բայց կրնան նաեւ օգտակար ըլլալ իր Հիմնարկութիւնը ղեկավարելու գործին։ Անոնք ծայր աստիճան պահանջկոտ են, բայց ատիկա մաս կը կազմէ ընդհանուր գիծին, որոնք մեզի կը սորվեցնեն դառնալ լաւագոյնները։ Գալուստ զանոնք յղած էր երիտասարդ անձի մը, հետեւաբար ի զօրու են հոս ներկայ գտնուողներու այդ հատուածին համար եւս։ Քանի մը վայրկեանէն պիտի բացատրեմ, թէ անոնք ինչպէ՛ս կրնան օգտակար ըլլալ Հիմնարկութիւնը ղեկավարելուն։ Ասիկա վստահաբար պիտի հետաքրքրէ անոնք, որոնք կը սիրեն այս մեծ հաստատութիւնը երկար տարիներէ ի վեր։ Կը յուսամ, որ այդ վերջին բաժինը հետաքրքրական պիտի գտնեն երիտասարդներն ալ, որոնք առնուազն ինծի համար՝ Հիմնարկութեան մտերիմ բարեկամները դարձած են իրենց թափած ջանքերով՝ հասկնալու համար մեր հիմնադիրը, ինչպէս նաեւ՝ հասկնալու համար, թէ ի՞նչ կը նշանակէ ըլլալ աշխարհաքաղաքացի։
Նախ եւ առաջ, ըրէ՛ք ձեր լաւագոյնը, ըրէ՛ք այն՝ ինչ որ կը դատէք ճիշդ եւ մի՛ մտահոգուիք ուրիշներու գնահատանքով։ Ասիկա տարօրինակ կրնայ թուիլ մրցանակներու յանձնումի մը արարողութեան, բայց ա՛յդ է, որ ըրաւ Գալուստ։ Ան, այս արժէքը նիւթ առնող նամակներ գրեց հօրս, ի պատասխան անոր նուաճած փայլուն մրցանակներուն, յիշեցնելու համար, որ կատարուած գործին որա՛կն է կարեւորը, եւ ոչ՝ մրցանակը։ Յուսամ՝ գիտակից էք, որ բացառիկ գործ տեսաք եւ մեծ գոհունակութիւն կը զգաք՝ ձեր լաւագոյնը տուած ըլլալուն համար։
Երկրորդ՝ դուք ձեզ միշտ համարեցէք անաւարտ արտադրութիւն մը եւ յանձնառու եղէք դուք ձեզ տեւաբար կատարելագործելու։ Բոլորս ալ ծնած ենք որոշ ձիրքերով եւ առաւելութիւններով, որոնց համար ոչ մէկ գնահատանքի արժանի ենք. կրնանք հպարտանալ միայն՝ անոնց օգտագործումով՝ մեր ըրածով։ Բոլորս ալ «յառաջդիմող բանուորներ» ենք մինչեւ մեր կեանքին աւարտը եւ պէտք է միշտ բարձրացնենք մակարդակի այն ձողը որուն հետ մենք զմեզ կը չափենք։ Գալուստ Կիւլպէնկեան կատարեալ ինքնուս մըն էր, որ ուսումը լքած էր 19 տարեկանին, բայց այնուհետեւ ինքզինք զարգացուց բարձրագոյն ֆինանսներու, գիր-գրականութեան եւ արուեստի մէջ։ Երբ իրեն ներկայացուեցան նոր արուեստագէտներ, ինչպէս՝ Տըկա, անոր պատասխանը եղաւ. «Չեմ կրնար գնահատել, պէտք է սորվիմ»։ Քանի մը տարիէն, յուսամ, պիտի վերադառնաք, «Ո՞վ է Գալուստը»-ի նուիրուած ձեր գործերով հպարտ, բայց անմիջապէս դուք ձեզի պիտի ըսէք՝ «լաւ էր, բայց պիտի ընեմ աւելի լաւը»։ Գալուստ Կիւլպէնկեան կը հաւատար, որ բոլորս պէտք է դիմենք այս խոկումին՝ մեր կարողութեան բարձրագոյն սահմաններուն հասնելու համար։
Երրորդ՝ յարգեցէք միւսները, յատկապէ՛ս անոնք՝ որոնք ունին նուազ առաւելութիւններ, քան դուք։ Գալուստ Կիւլպէնկեան տէր էր հսկայ զօրութեան, բայց կը մնար միշտ քաղաքավար եւ բարեկիրթ։ Բոլոր անոնք, որոնք կը բանակցէին իր հետ՝ գիտէին, որ շատ դժուար խօսակից էր ան, բայց միշտ ինքնատիրապետումէն ծնունդ առնող բարեկրթութեամբ։ Որքան առնենք մեր տարիքը եւ դառնանք հզօր, այնքան աւելի կարեւոր կը դառնայ այս մէկը։
Չորրորդ՝ յարգեցէք ճշմարտութիւնը։ Իրեն համար՝ լոկ հասկացութիւն մը չէր այս, այլ՝ յարատեւ մտասեւեռում մը, «ստուգել, ստուգել, ստուգել», ինչ որ զինք մղած է բազմաթիւ տեղեկագրեր պահանջելու այս կամ այն ժողովի մասին, կամ արուեստի գործի մը համար։ Կեղծ լուրերու մեր արդի ժամանակներուն՝ կարեւոր է վերյիշեցնել, թէ ինչո՞ւ այսքան կարեւոր է ճշմարտութիւնը։ Ան ոչ միայն թոյլ կու տայ յառաջանալ,– ինչպէս այլեւս չենք հաւատար, թէ աշխարհը տափակ է եւ կը հանդիսանայ տիեզերքին կեդրոնը,– այլ նաեւ լաւագոյն պատնէշն է կեղծարար քարոզչութեան առջեւ, որ օրինակ՝ Միացեալ Նահանգներու եւ Միացեալ Թագաւորութեան, ինչպէս նաեւ երկրագունդի այլ բազմաթիւ անկիւններու մէջ ներկայիս հարցեր կը յարուցէ։ Ճշմարտութիւնը՝ մեր բոլորին կը պատկանի եւ ան՝ մեր բոլորին պատասխանատւութիւնն է։ Զայն պէտք չէ զիջիլ ամենէն բարձր ձայնը ունեցողներուն կամ ամենէն հզօրներուն։ Մեր անմիջական շրջապատին մէջ, ճշմարտութիւնը երբեմն կրնայ դառնալ անհանգստութեան ազդակ՝ կարճ ժամանակի վրայ, բայց կը դառնայ ազատարար՝ երկար ժամանակի վրայ։
Իսկ վերջին արժէքը, զոր ան չէ յայտնած իր պատանի թոռան, նպաստած է անոր դառնալուն՝ անձը որ է՛ եւ որուն ինք կը վերագրէ իր յաջողութիւնը։ Այդ արժէքը, զոր ան բաժնեց Սթիվ Ճոպսի եւ Պիլ Կեյթսի հետ՝ իր սեփական ճշմարտութիւնը ստեղծելու պահանջն ու կարողութիւնն է խնդիրները լուծելու համար, մինչեւ որ անոնք տեղի տան։ Ինչպէս ան ըսած է. «Եթէ հաւատաք՝ ձեռք կը ձգէք խոր համոզում եւ ինքնավստահութիւն… այնուհետեւ, անբացատրելի բանի մը ընդմէջէն՝ դուք ձեր շուրջը կը շողարձակէք այդ հաւատքը եւ յետոյ՝ կը յառաջանաք ու կը յառաջանաք»։ Կամ ալ ինչպէս ըսած է իր շատ մտերիմ բարեկամը՝ Լորտ Ռատգլիֆ. «Անմարդկային յամառութեամբ լուծեց իր դէմ ցցուող հարցերը, որքան ալ մոլորեցնող եւ անլուծելի թուէին անոնք. դէպքերը իր դիմաց դարձան ուժասպառ, լքեցին պայքարը եւ վերակազմակերպուեցան՝ անոր շահերուն պահանջած տեսիլքին համապատասխանելու համար»։
Ասոնք յստակ եւ փաստացի են։ Կարելի՞ է զանոնք կիրարկել Հիմնարկութեան։ Կը խորհիմ, որ այս արժէքները կրնան շրջանակ ծառայել նշելու համար այն ինչ, որ արդէն վերջերս իրագործեցինք եւ նաեւ մեզի ցոյց տալ, թէ ո՞ւր կրնանք ընել աւելին։ Բացատրեմ։
Առաջին արժէքը կը նշանակէ ընել այն ինչ որ ճիշդ է, լաւագոյնը՝ ուրիշներուն եւ երկրագունդին համար, եւ ոչ թէ ընել ամենէն բարձր ձայնը ունեցողներու ներբողածները։ Հրաշալի յառաջդիմութիւն արձանագրեցինք մեր լսած ձայներու բազմազանութեան առումով, որոնց կը ծառայենք վերջին տարիներուն։ Բազմաթիւ բնագաւառներու մէջ կապեր հաստատեցինք նոր հասարակութիւններու հետ եւ հետազօտութեանց հիման վրայ նոր ծրագրեր յղացուեցան այնպիսի ոլորտներու համար, ուր կրնանք ունենալ առաւելագոյն ազդեցութիւնը։
Երկրորդ արժէքը՝ յարատեւ բարեւլաւումը կատարելապէս կիրարկելի է Հիմնարկութեան։ Ինչպէս ըսի վերեւ ալ, ատիկա ընելու լաւագոյն միջոցը միշտ աւելի բարձր սահման ճշդելն է եւ այդ սահմանին ձողը տեւաբար բարձրացնելը։ Ատիկա կը նշանակէ, որ մենք զմեզ պէտք է միշտ բաղդատենք աշխարհի լաւագոյններուն հետ եւ սորվինք անոնցմէ։ Այս առումով եւս վերջին տարիներուն հսկայ յառաջդիմութիւն արձանագրուեցաւ, քանի որոնեցինք միջազգային լաւագոյն գործելաձեւերը եւ շատ բան շահեցանք. միջազգային տնօրէններ իրենց փորձառութիւնը բաժնեցին տարբեր բաժանմունքներու հետ։ Աշխարհին բացուիլը մեզի ապահովեց հսկայ առաւելութիւններ։
Երրորդ արժէքը, որ կը կայանայ նուազ առաւելութիւններ ունեցողներուն նկատմամբ յարգալիր վերաբերում ցուցաբերելու մէջ, Հիմնարկութենէն ներս ղեկավար պաշտօններ վարողներուս կը թելադրէ ինչպէ՛ս վարուիլ մեր ստորադասներուն հետ, բայց նաեւ Հիմնարկութենէն դուրս ալ բոլոր անոնց հետ, որոնք նուազ բախտաւոր եղած են կեանքի վիճակահանութեան։ Մեր ներկայ տնօրէնուհին կրքով յայտարարեց ամենէն կարօտեալներուն օգնելու իր յանձնառութիւնը, որ սկսած է ցոլանալ բովանդակ Հիմնարկութեան մէջ։ Որպէս բարեսիրական հաստատութիւն, մեր պարտականութիւնն է ծառայել անզօրներուն եւ ոչ թէ հզօրներուն, անոնց՝ որոնք դեռ կարողութիւնը չունին իրենք զիրենք պաշտպանելու։ Հոս, է որ իմաստ կը ստանայ մեր առաքելութիւնը, ա՛յս ձեւով է, որ կրնանք հաստատել հաւասար կարելիութիւններ։ Բազմաթիւ մեծ հիմնարկութիւններ կ՚անդրադառնան, որ աւելի լաւ պէտք է ծանօթանան կարիքներուն՝ այն անձերուն որոնց կ՚ուզեն օգնել, պէտք է ըլլան աւելի համեստ, աւելի ուշադիր եւ լսեն զանոնք։ Հաստատ կը հաւատամ, որ ատիկա պէտք է ըլլայ նաեւ մեզ ղեկավարող սկզբունքը, եթէ կ՚ուզենք շարունակել յաջորդ սերունդը ներգրաւել մեր աշխատանքներուն մէջ եւ այդ իսկ պատճառով՝ այս օրը կը համարեմ խիստ կարեւոր։
Վերջին ամիսներուն շարք մը նոր իրողութիւններ իմացանք շնորհիւ Գալուստ Կիւլպէնկեանի անկախ եւ գիտական առաջին կենսագրութեան հրապարակումին, որ ջրեց երկարամեայ կարգ մը առասպելներ։ Հիմա, պարկեշտ դիրքերէ կրնանք դատել Գալուստի ժառանգութեան՝ Սալազարի տուած մեկնաբանութիւնը, գիտենք թէ որո՞նք էին մեր հիմնադիրին իսկական բաղձանքները,– միջազգային հիմնարկութիւն մը, որ կը ծառայէ համայն աշխարհին,– եւ պէտք է յարգենք զանոնք, ինչպէս խոստացուած է Հիմնարկութեան կանոնագրութեան մէջ։ Փորթուկալի նկատմամբ ունինք պարտաւորութիւններ եւ պատասխանատւութիւններ, զորս պէտք է յարգենք եւ այս Հիմնարկութիւնը սրտով միշտ պիտի մնայ փորթուկալական, բայց ան կրնայ ըլլալ նաեւ միջազգային։ Արդարեւ, ան պիտի ըլլայ աւելի արդիւնաւէտ Փորթուկալի մէջ, բայց ներկայ ժամանակներուն պիտի համապատասխանէ՝ եթէ ըլլայ միջազգային։
Նշանակալի զուգադիպութիւն մը կայ մեր հիմնադիրին, մեր անցեալին եւ մեր ներկայ ու ապագայ կարիքներուն միջեւ։ Ես երրորդ սերունդն եմ մեր ընտանիքին, որ մաս կը կազմէ այս մեծ հաստատութեան վարչական խորհուրդին, հետեւաբար խորապէս ծանօթ եմ անոր պատմութեան։ Առաջին տասը տարիներուն,– երբ մեծ հայրս ալ առաջին վարիչներէն էր,– Հիմնարկութիւնը շատ աւելի միջազգային էր, քան՝ այսօր, Փորթուկալի եւ արտասահմանի մէջ հաւասարապէս բաժնուած գումարներով, վարչական խորհուրդի անդամներուն մէջ ալ կային բազմաթիւ օտարներ։ Այդ ժամանակներէն ի վեր գերազանց աշխատանք կատարեցինք, մութ տարիներու ընթացքին պահպանելով մշակոյթը եւ տասնեակ հազարաւոր երիտասարդներու թոյլ տալով ընդլայնել իրենց հորիզոնը՝ ուսանելով արտասահմանի մէջ։ Բայց միջազգային յանձնառութեան մէկ մասը կորնչեցաւ, հակառակ հօրս եւ ուրիշներու յարատեւ ջանքերուն. ներկայիս պէտք է դարմանենք այդ կորուստը, քանի այսօր աւելի քան երբեք հարկ է այդ քայլը, նկատի ունենալով՝ որ մեծագոյն խնդիրները համաշխարհային են եւ մենք ալ մեր հիմնադիրով եւ մեր միջազգային դրոշմով՝ յատկապէս ճիշդ տեղը կը գտնուինք այդ խնդիրներուն ձեռնամուխ ըլլալու համար։ Քաղաքական դէմքերը եւ կառավարութիւնները, ընտրողներու ճնշումով հետզհետէ կը յառաջանան դէպի զուտ ազգային շահերու ուղղութեամբ, որ անհեռատես է։ Որպէս միջազգային անկախ հիմնարկութիւն, պէտք է ունենանք աւելի լայն աշխարհահայեացք եւ դառնանք դէպի ապագայ։ Այսօր ցոյց տուինք, որ ապագան կը պատկանի համայն երգրագունդով եւ ամբողջ մարդկութեամբ մտահոգ աշխարհաքաղաքացիներուն։ Ատիկա կը թելադրէ մտածել երկրագունդի եւ ընդհանրապէս մարդկութեան կարիքներուն մասին. նոյնիսկ եթէ կը գործենք Փորթուկալի մէջ, պէտք է արժեւորենք մեր միջազգային դրոշմը, նոյնքան՝ որքան մեր ներկայութիւնը հոս՝ Փորթուկալի մէջ եւ բանանք մեր բոլոր կարելիութիւնները աշխարհին եւ ապագայ սերունդին առջեւ։
Վերջին արժէքը կը վերաբերի մեծ յաւակնութիւններու, յամառութեան եւ խնդիրներու լուծման։ Այս առումով՝ որպէս անհատ պէտք է ըլլանք քիչ մը համեստ եւ իրատես. Գալուստ Կիւլպէնկեան մը չենք։ Բայց եւ այնպէս, երբ մեր տրամադրութեան տակ ունինք Եւրոպայի ամենամեծ հիմնարկութիւններէն մէկուն նիւթական միջոցները, կրնանք որոշ յաւակնութիւններ ունենալ։ Մեր հիմնադիրը կրնայ մեզ առաջնորդել ու ներշնչել եւ կը կարծեմ, որ իբրեւ վարչական խորհուրդին մէջ անոր շառաւիղներու ներկայացուցիչ՝ իմ պարտականութիւնն է բոլորին յիշեցնել Գալուստի տեսլականի ընդարձակութիւնը, երբ ան կը գնահատէր, թէ իր ժառանգութիւնը շատ մեծ է, միայն մէկ երկրի, կամ մէկ համայնքի ծառայելու համար։ Ան ունէր միջազգային գործակցութեան եւ հեռատես մտածումի աւելի լայն տեսլական մը։ Իսկական աշխարհաքաղաքացի մըն էր ան, բնութեան սիրահար մը, բոլոր առումներով։ Ա՛յդ հեռանկարով է, որ պէտք է ձեռնամուխ ըլլանք մեր ժամանակաշրջանի կարեւորագոյն հարցերուն։ Պէտք է անցնինք աշխարհաքաղաքացիի խօսքէն,– ինչ որ արդէն լաւ սկիզբ մըն է,– մտածումի եւ արարքի, ապա ձեռնարկենք կատարուած գործի «յղկում»-ին, իրողութիւնը յարմարցնելով մեր տեսլականին, այնպէս՝ ինչպէս պիտի ընէր Գալուստ Կիւլպէնկեան։
Պիտի ուզէի խօսքս աւարտել վերադառնալով հիանալի երիտասարդներուն, որոնց կատարած գործը եւ յղացած գաղափարները կը նշենք այսօր։ Ո՛չ մէկ սերունդի, կամ ո՛չ մէկ մարդկային խումբի կը պատկանի այս Հիմնարկութիւնը։ Անոր հիմնադիրը կ՚ուզէր, որ ան ըլլայ ոչ միայն համայն մարդկութեանը, բայց նաեւ՝ բոլոր ժամանակներունը. ատոր համար է, որ ան յաւերժական դարձուց զայն։ Իմ սերունդս զայն պիտի փոխանցէ յաջորդներուն։ Ուստի, այսօր սկսինք սերունդներու միջեւ երկխօսութիւնը, որ կարելի պիտի դարձնէ ատիկա։
ՄԱՐԹԻՆ ԷՍԱԵԱՆ
ՆՈՐ ՅԱՌԱՋ