Յարութիւն Իսկահատեան-Պէյրութ -Պայքար 182
Պալքանեան պատերազմի մէջ Օսմանեան Պետութեան ջախջախիչ պարտութենէն ետք, Երիտթուրքերը լծուեցան իրավիճակի վերականգնումի աշխատանքներու: Պալքաններու կորուստով կառավարութիւնը այդ շրջանէն զրկուած էր եկամուտի կարեւոր աղբիւրէ, որ մղեց յաւելեալ տուրքեր սահմանելու ժողովուրդին վրայ: Ընդհանուր այդ շիկացած մթնոլորտին մէջ թրքական ազգայնամոլութիւնը սկսաւ զօրանալ եւ տարածուիլ թուրք տարրին բոլոր ընկերային խաւերուն մօտ: Երկրին մէջ ամէն բանի նկատմամբ նախապատուութիւնը թուրքին կը տրուէր: Թուրքերը կը փորձէին քրիստոնեաները եւ մանաւանդ հայերը հեռացնել ընկերային, քաղաքական եւ մշակութային ոլորտներէն, սակայն անկարող կ’ըլլային զանոնք հեռացնել տնտեսական ասպարէզէն: Անոնք կը ձգտէին հայոց զօրաւոր հարուած մը տալ տնտեսական ոլորտին մէջ, սակայն այդ մէկը անկարելի էր, որովհետեւ հայերն էին որ երկրին տնտեսական բանալիները իրենց ձեռքին մէջ ունէին՝ թէ՛ ներածումի եւ թէ՛ արտածումի գծով: Հայերը տնտեսապէս ընկճել կարելի չէր՝ բացի հայոց բնաջնջումով, որուն փորձը կատարեցին Երիտթուրքերը: Անոնք շահագործեցին տուրքերու յաւելումը հայոց ընկճելու արարքին մէջ: որ թէեւ սահմանուեցաւ ամբողջ ժողովուրդին համար, սակայն հարկահաւաքներու վերաբերմունքը միայն հայոց նկատմամբ էր որ շատ դաժան եւ անարդար էր, որ աւելցուց հայոց տառապանքները:
Եգիպտացի պատմաբան դոկտ. Մուհամմէտ Ռիֆաաթ Իմամ Հ. Բ. Ը. Մ.ի հրատարակած 12 հատորնոց արաբերէն աշխատութեան մէջ, որ կը կրէ «Հայաստան Եւ Հայերը 1876-1923 ժամանակաշրջանի Արաբական Մամուլին Մէջ» ընդհանուր խորագիրը, անոր «1915-1918 Հայոց Մեծ Եղեռնը» (Սաթենիկ Չաքըր հիմնադրամ, 2018, Գահիրէ, Եգիպտոս, 501 էջ) վերնագրեալ վեցերորդ հատորին յառաջաբանին մէջ կը քննարկէ Հայասպանութիւնը իր բոլոր երեսներով:
Վերյիշեցման համար ըսենք թէ Ա. Հատորին յառաջաբանին մէջ եգիպտահայ ազգային գործիչ եւ Հ.Բ.Ը.Մ.ի վարչութեան նախկին ատենապետ Պերճ Թերզեան հրատարակութեան մասին տեղեկութիւններ կու տայ եւ աշխատութիւնը կը ներկայացնէ, ուր ան կ’ըսէ թէ Վարչութիւնը այս գործը վստահեցաւ եգիպտական Տամանհուր Համալսարանի Նորագոյն եւ ժամանակակից պատմութեան դասախօս՝ դոկտ. Մուհամմատ Ռիֆաաթ Ալ-Իմամի գլխաւորութեամբ գիտական աշխատասիրական խմբակի մը: Աւելի քան տասը տարուան պրպտումներու իբրեւ արդիւնք, արաբական մամուլի մէջէն երեւան եկան 36 հազար էջ կտրօններ հայոց եւ Հայաստանի մասին: Սոյն վաւերագրութիւնները օգտագործուեցան կազմելու համար «Հայկական Հարցը 1876-1923 Ժամանակաշրջանի Արաբական Մամուլին Մէջ» ընդհանուր խորագրեալ հատորաշարքը, որուն նիւթերը հաւաքուած են 253 արաբական թերթերէ: Կան նաեւ արաբերէն մամլոյ հրատարակուած նիւթեր որոնք պիտի օգտագործուին՝ Եգիպտոսի մէջ հայոց գործունէութեան եւ լրատուութեան բաժինին մէջ, «բացատրելու համար Եգիպտոսի արդի պատմութեան մէջ հայոց խաղցած կարեւոր դերը վերոյիշեալ ժամանակաշրջանին» (էջ 3), կ’աւելցնէ Պերճ Թերզեան: Գահիրէի Հ. Բ. Ը. Մ.-ի վարչութիւնը հաստատած է արաբերէն www.arminmedia.com յատուկ կայքէջը, որ կը պարփակէ «Հայաստան Եւ Հայերը Արաբական Մամուլին Մէջ 1876-1923» ընդհանուր խորագրով հատորներու շարքին ամբողջ բովանդակութիւնը: Վարչութեան ատենապետ տոքթ. Վիգէն Ճիզմէճեան, որ մղիչ ոյժն է սոյն կայքէջի իրագործումին, կը յուշէ թէ կարելի է այդ կայքէջէն որոնումներ եւ ուսումնասիրութիւններ կատարել՝ թուականով, նիւթի խորագրով, թերթի կամ հեղինակի անունով, կը տեղեկացնէ տիար Պերճ Թերզեան:
Մուհամմէտ Ռիֆաաթ Իմամ ամէն բանէ առաջ բացայայտօրէն կը շեշտէ Հայասպանութեան կանխամտածուած բնոյթի փաստը ըսելով. «Օսմանեան Պետութեան մէջ հայոց բնաջնջումի որոշումը տրուած է գործնականապէս 1915-ի Փետրուարին ամբողջովին գաղտնի կերպով: Իւրաքանչիւր վայրի կառավարիչն ու բանակի սպաները բերանացի կամ հեռագիրի միջոցաւ կը տեղեկացուին իրենց վստահուած պարտականութեան մասին: Ծրագիրի գործադրութիւնը կը վստահուի ոստիկանութեան եւ Թաշքիլաթի Մահսուսէ (բառացի կը թարգմանուի՝ Յատուկ Կազմաւորում, որ կառավարութեան կողմէ ստեղծուած յատուկ խումբեր էին, ոճրագործներէ եւ բանտէն արձակուած թուրք, քիւրտ եւ չէչէն յանցագործներէ կազմուած, որոնց վստահուած էր հայերը տարագրել եւ սպաննել- Յ.Ի.)» (էջ 16): Վերոյիշեալ միտքը ամրապնդող հատուած մը կը գտնենք http://www.parliament.am/news.php?cat_id=2&NewsID=7278&year=2015&month=03&day=10&lang=eng&view=print հասցէով համացանցային կայքէջին վրայ, որ կ’ըսէ. «Երիտթուրքերը ցեղասպանութեան գաղափարը յղացան եւ Հայասպանութիւնը գործադրեցին: Անոնք գաղտնի ժողով մը գումարեցին Թեսաղոնիկէի մէջ, 1911-ին եւ որոշում տուին բնաջնջել Օսմանեան Պետութեան քրիստոնեայ բնակչութիւնը, քանի որ ան արգելք էր Երիտթուրքերու Համա-թրքական ծրագիրի գործադրութեան առջեւ: Բացարձակապէս անհիմն են ներկայ Թուրքիոյ վարչակարգերու յօրինած պատմութիւնները, թէ պատերազմի ընթացքին թուրքերն ու հայերը հաւասարապէս տարագրուած եւ տուժած են»:
Հայոց բնաջնջումի հրամանը տրուելէ ամիս մը ետք թրքական իշխանութիւնները Զէյթունի եւ Վանի մէջ հայերը ճնշելու եւ հալածելու կը սկսին: Կիլիկիոյ մէջ հայոց պատմական Զէյթուն քաղաքը դիմադրութիւն գործադրած ժողովուրդ ունէր: Ա. Համաշխարհային Պատերազմի սկիզբը՝ 1914-ին Զէյթունի մէջ կացութիւնը կը սրի թուրքերու հայոց հանդէպ ատելավառ արարքներու եւ ձերբակալութիւններու պատճառով: Արդարեւ թրքական իշխանութիւնը կը ձեռնարկէ բանակ տանիլ Զէյթունի բոլոր հայ երիտասարդները, որոնք կը մերժեն լքել իրենց ընտանիքները ի խնդիր անոնց ապահովութեան: Հայ երիտասարդներէն ոմանք լեռները կ’ապաստանին իրենց զէնքերով որպէսզի չենթարկուին թուրքի կամքին: Թրքական բանակի գումարտակ մը Զէյթունը կը պաշարէ եւ կը սկսի կրակել հայոց տուներուն վրայ: Պաշարուած Զէյթունը անսալով Կիլիկոյ Սահակ Բ. Կաթողիկոսի յորդորին չի դիմադրեր եւ անձնատուր ըլլալով, թուրքերը տեղւոյն հայ բնակչութիւնը տեղահան կ’ընեն: Քանի մը շաբթուան ընթացքին քաղաքը հայերէ կը պարպուի: 8000 զէյթունցիներ դէպի Տէր Զօր կը քշուին: Պուլկարիայէն եւ պալքանեան ուրիշ երկիրներէ փախած թուրքեր եւ իսլամներ շուտով Զէյթունի հայոց տուները կը բռնագրաւեն: Հեղինակը կ’ըսէ. «Այսպէս կատարուեցաւ 1915-ի Ապրիլին Զէյթունի հայոց բռնագաղթը, որ կովկասեան ճակատէն շատ հեռու էր աշխարահագրականօրէն» (էջ 17):
Մուհամմէտ Ռիֆաաթ Իմամ Վանի 1915-ի գարնան դէպքերը հետեւեալ ձեւով կ’ամփոփէ. «Վանի դէպքերը սկսան երբ կառավարիչ Ճեւտէթ պէյ, Էնվեր փաշայի քեռայրը, հայոց հրամայեց 3000 հայ երիտասարդ տալ Օսմանեան բանակին: Հայերը մերժեցին կատարել այս հրահանգը, որ թուրքերու կատաղութիւնը բորբոքեցուց եւ 15-18 Ապրիլ 1915-ին անոնք 80 հայկական գիղեր կողոպտեցին, այրեցին եւ բնակիչները սուրով հալածեցին: Անոնք Վանի շուրջ խրամատներ փորեցին եւ սկսան հայերը նեղել պաշարումով: 20 Ապրիլ 1915-ին Վան լրիւ պաշարուեցաւ» (էջ 17): Այդ կռիւներուն Վանը պաշարող թուրք զինուորներուն թիւը 30 հազար էր, իսկ հայ ինքնապաշտպանութիւն ընող երիտասարդներուն թիւը՝ 1500 միայն:
«Թուրքերն ու օտարներէն ոմանք այն սխալ կարծիքը ունին թէ հայերը ըմբոստացած են Վանի մէջ: Այդ մէկը ըմբոստութիւն կամ յեղափոխութիւն չէր, այլ՝ ինքնապաշտպանութիւն թուրքերու պաշարումին եւ ռմբակոծումին դէմ», կ’աւելցնէ Մուհամմէտ Ռիֆաաթ Իմամ (էջ 17):
Վանի հայոց ինքնապաշտպանութեան պայքարին թուրքերու «յեղափոխութիւն» յորջորջումը Երիտթուրքերու պատրուակն է՝ կարենալ յայտարարելու համար թէ հայերը Օսմանեան հայրենիքին կը դաւաճանէին: Վանի սկիզբի խլրտումներուն եւ այնտեղի 1915-ի հայոց ինքնապաշպանութեան մասին, Օսմանեան Պետութեան մէջ Ա.Մ.Ն. դեսպան Հենրի Մորկընթաու կ’ըսէ թէ թուրքերը երբ հրահրեցին Վանի խնդիրները, ի մտի ունէին այդ հարցը շուտով շահագործելու իբրեւ հայկական յեղափոխութիւն: Երիտթուրքերը իրենց հետագայ ոճիրներուն համար արդարացուցիչ պատճառներ կը ստեղծէին, քանի որ իսկական պատճառներ գոյութիւն չունէին, մէկ խօսքով անոնք կեղծ պատրուակներ էին: Հետագային Երիտթուրք կառավարութիւնը հայոց բռնագաղթերն ու կոտորածները անհիմնօրէն վերագրեց «իբրեւ թէ հայոց կատարած յեղափոխութեան»:
Ուրիշ քաղաքներու եւ աւաններու մէջ ալ դիմադրութիւն տեղի ունեցած է, ինչ որ թուրքերը յեղափոխութիւն կոչած են հետագային՝ իրենց ոճիրները արդարացնելու միտումով: Ինչպէ՞ս յառաջացած են այս շինծու պատրուակները, զորս թուրքերը «պատճառ» կը բռնեն Հայասպանութեան: Ամէն արարք իր հակա-արարք հակազդեցութիւնը ունի: Գերմանացի, աւստրօ-հունգարացի, թուրք եւ այլ քաղաքական ու զինուորական «միտքեր» եւ «հանճարներ», կանխամտածուած այս Մեծ Ոճիրին՝ Հայասպանութեան արդարացուցիչ պատճառներ որոնելու գործընթացքին մէջ, քով քովի գալով ծրագիրներ մշակած են յարմար նկատուած ժամանակին՝ դաժան եւ անարդար արարքներ գործելու հայոց դէմ ու սպասելով հակազդեցութեան, զայն իբրեւ պատճառ գործածած են իրենց ոճիրներուն: Այն օրերուն պետական մակարդակով եւ տեղեկատուութեան ոյժով, անոնք պատրուակներով բթամիտ եւ անտարբեր կամ նենգամիտ հանրային կարծիքներ սնուցած են: Անոնք այս պատրուակները Հայոց Ցեղասպանութեան ոճիրներուն իբրեւ պատճառ փորձած են հրամցնել հանրային կարծիքին, բայց ձախողած են: