Տիկին Սօսի Նիկտէլեան
2020-2021 Տարեշրջանի Գիտական Շաբաթը
Սրբոց Նահատակաց Ամէնօրեայ Վարժարանի (ՍՆԱՎ) Գիտական Շաբաթը սկսաւ 33 տարի առաջ երբ հանգուցեալ բարերար Էտուըրտ Փիթըրզ առատաձեռնօրէն վարժարանիս նուիրեց մեծ գումար մը որ յատկացնեն Գիտական Շաբթուան։ Այս քայլը քաջալերեց օրուան տնօրէնուհի Տիկ. Զարմինէ Պօղոսեանը, որպէսզի ամէն տարի նման գիտական շաբաթներ կազմակերպուին, աշակերտները քաջալերուին եւ գործնապէս զարգացնեն գիտական աշխարհէն ներս իրենց երեւակայութիւնը:
Վերջին տարիներուն վարժարանս ունեցաւ ուրիշ բարերարներ, որոնց իւրաքանչիւրին շնորհակալութիւն կը յայտնենք երախտագիտական զգացումներով:
Այժմ ձեզի պիտի ներկայացնեմ Հայ Գիտնականներու ASEA-NY-NJ-ի խումբին անդամները՝ Յովհաննէս Մարտիրոսեան, Արամ Սէթեան, Դաւիթ Միքայէլեան եւ մրցանակներու բարերար՝ Տիար Վահան Թանալ եւ Տիար Նշան Չորպաճեան։ Բոլորին վաձքը կատար։ Բոլորս ուրախ ենք որ ունինք նման հայասէր եւ ազգասէր հայեր որոնք միշտ նեցուկ կը կենան հայ վարժարաններուն, որ մեր ազգը գոյատեւէ։
Մեր Վարժարանին 2020-2021տարեշրջանի գիտական շաբաթը շատ յաջող անցաւ հակառակ պսակաւոր ժահրին պարտադրած սահմանափակումներուն։
Արդէն աշակերտները անհամբեր կը սպասէին եւ իրենց ուսուցչուհիներուն հետ միասին ի մտի ունէին իրենց պատրաստելիք աշխատանքները։
Իւրաքանչիւր դասարան անցաւ լուրջ աշխատանքի։ Բոլոր նիւթերը դաստիարակիչ էին։ Խանդավառ էին աշակերտները, ծնողները եւ ուսուցչական կազմը։ Դժբախտաբար այցելուներ չկրցանք ունենալ նախորդ տարուան նման։ Հակառակ շատ մը խոչընդոտներու, դպրոցին սրահը շատ գեղեցիկ շտկուեցաւ եւ իւրաքանչիւր դասարանի պատրաստածը զետեղուեցաւ առանձին յատկացուած սեղաններու վրայ։ Ամէն աշխատանք յայտնի էր որ խոր մտածումով եւ լուրջ աշխատանքով պատրաստուած էր։
Յաջորդաբար վայլեցինք բոլոր դասարանի պատրաստութիւնները, այսպէս՝ Մանկամսուրի փոքրիկները շատ գեղեցիկ ձեւով ներկայացուցին «Արեգակնային Դրութիւնը»։ Ծաղիկ դասարանը՝ «Ընկղմիլ կամ Ծփալ»,առաջին դասարանը՝ «Էութիւն», երկրորդ դասարանը՝ «Բնավայր», երրորդ դասարանը՝ «Արեգակնային Դրութիւն»,չորրորդ դասարանը «Կենդանիներու Դասաւորում», հինգերորդ դասարանը «Հիւլէ եւ Մասնիկներ»,վեցերորդ դասարանը «Օդի Վիճակ»։
Շնորհակալութիւն մեր շատ սիրելի Տնօրէնուհի՝
Տիկին Սեդա Մկրեանին եւ իր աջ բազուկ՝ Տիկին Մարօ Ժամկոչեանին։ Մասնաւոր շնորհակալութիւններ նաեւ մեր սիրելի ծնողներուն եւ դասատուներուն, որոնք
խանդավառելով փոքրիկները այսպիսի յաջող Գիտական Շաբաթ մը պատրաստեցին։ Ձեր բոլորին վարձքը կատար։
ԱՄԱՎԵՐՋԻ ՀԱՆԴԷՍԻ ԽՕՍՔ
Սիրելի Շրջանաւարտներ,
Շատ սիրելի շրջանաւարտներ 2020-2021 տարեշրջանի։ Ճիշդ է որ այս տարի եւս՝ ինչպէս անցեալ տարեշրջանը լեցուն էր խոչընդոտներով
եւ դժուարութիւններով, կրնամ ըսել թէ յաջողութեամբ բոլորեցինք եւ հասանք աւարտին։ Այս յաջողութիւնը կը պարտինք վարժարանիս հոգաբարձութեան, տնօրէնութեան, ուսուցչական
կազմին, քարտուղարութեան եւ անշուշտ ձեզի եւ ձեր ծնողներուն անխնայ աշխատանքին։
Ինչպէս կ՝ըսեն «Այն հարուածը որ չսպաններ,
Կը զօրացնէ»։ Ես վստահ եմ, թէ վերջին երկու տարիներու դժուարութիւններէն դուք դուրս եկաք զօրացած եւ լիովին պատրաստ անցնելու ձեր կեանքի յաջորդ հանգրուանին։ Ես վստահութեամբ
Ճամբու կը դնեմ ձեզ՝ սիրելի շրջանաւարտներ, գիտնալով թէ պիտի յաջողիք ուր որ ալ երթաք։ Բարի երթ ձեզի, ունենաք յաջող եւ երջանիկ ապագայ, միշտ ի մտի ունենալով թէ ՍՆԱՎ-ը ձեր առաջին տունն է եւ անհամբեր պիտի սպասէ ձեր այցելութեան։
Սիրելի Նինա, Թալին, Սարգիս, Աշլի, Արմէն, Եւա եւ Քրիստափոր։ Այս վարժարանին մէջ սորվեցաք ձեր մայրենի լեզուն։ Ըմբոշխնեցիք մեր գրականութիւնը եւ ազգային պատմութիւնը եւ դարձաք հպարտ հայորդիներ։ Պատրաստ էք ձեր բոլոր էութեամբ ցոյց տալու մեր շրջանակին ձեր հայեցի դաստիարակութիւնը եւ հայու ոգին։