ԱԲԻԿ ԱԲՐԱՀԱՄ ԳԱՆՏԻԼԵԱՆ
Երբ ընկերութիւն մը հիմնենք ապա շատ կարեւոր է այդ հիմնարկը ինչպիսին ալ ըլլայ անոր զարգացումն ու յարատեւ կերպով շարունակելը աւելի կարեւոր է եւ կը պահանջէ աննկուն կամք եւ կորով որպէսզի արդարացնէ իր նպատակը, ըլլայ այդ բարոյական կամ նիւթական:
Այսօր օտար ափերուն մէջ գեր-մարդկային աշխատանքի կը կարօտի երիտասարդութիւնը համախմբել միատեղ ոչ միայն դաստիարակելու նպատակով այլ գաղութին մէջ անոնց կարողութիւնները հասանելի դարձնելով, օգնելով մարդոց ըստ անոնց կարիքներուն:
Ահա այսպիսի ծրագիր մըն էր որ 35 տարիներ առաջ Գանատայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութիւնը հիմնուեցաւ եւ տարիներու ընթացքին ծաղկեցաւ եւ բազմացաւ եւ այսօր կը վայելէ գաղութին յարգանքն ու գնահատանքը:
Այս ուրախ առիթով Ընկերակցութիւնը գեղեցիկ ծրագիր մը մշակած էր՝ 35 ամեակի առիթով արուեստի երեկոյ մը պատրաստած էր: Նոյնիսկ երեկոն բարեգործական նպատակի պիտի ծառայէր, որովհետեւ համերգին հասոյթը պիտի տրամադրուէր իբրեւ նուէր՝ ԱՀԱԸ եւ ԳՀԱԸ «Եփրեմ եւ Զապէլ Պասմաճեաններու մանկապարտէզին» որ կը գտնուի Արցախի, Ասկերան քաղաքին մէջ:
Տօնակատարութիւնը տեղի ունեցաւ, Մոնթրէալի Աւետարանական Առաջին եկեղեցւոյ ներքնասրահին մէջ, 4 Մայիսին 2019, օրուայ հանդիսութեան բեմավարն էր՝ Ռաֆֆի Շնորհոքեան:
Կազմակերպիչները շատ գեղեցիկ եւ յաջող ընտրութիւն մը կատարած էին Հայաստանէն հրաւիրելով սիրուած եւ սրտի մօտիկ հռչակաւոր արուեստագիտուհի, ժողովրդային եւ դասական երգչուհի Եւա Եկանեանը, որ օժտուած է արուեստի զանազան ձիրքերով եւ յատկութիւններով՝ դաշնակահարուհի, երգչուհի, ստեղծագործութիւն: Ան աւարտածէ երաժշտանոցը կարմիր վկայականով:
Եվային պիտի միանային՝ Կրօնական եւ հոգեւոր երգերու մեկնաբան՝ Սիլվի Տէմիրճեան եւ արհեստավարժ ասմունքող՝ Շուշանիկ Մելքոնեան, որ հանրածանօթ է իր հետաքրքրական եւ եզակի ասմունքի ելոյթներով զանազան երկիրներու մէջ:
Եւան իր մենահամերգը մեծ յաջողութեամբ ներկայացուց: Ելոյթը բաժնած էր չորս բաժիններու, որոնք կազմուած էին հայրենաշունչ, ազգագրական եւ ժողովրդային երգեր է:
Առաջին երգով արդէն հրապուրած էր ներկաները՝ «Չկայ Քիզի Նմանով», «Երկիր Իմ Սուրբ»: Երկրորդ բաժնին մէջ յատկանշական էր «Յարեն Էրված իմ» , «Մարտիկի Երգը» եւ «Սարի լալան»: Երրորդ բաժին ներկայացուց «Հայաստան Աշխարհ», «Ասա Ինչու», «Քեզ Սիրել եմ», եւ փակած էր «Կիլիկիայով» մեծ խանդավառութիւն ստեղծելով ներկաներուն մէջ:
Առաջին դադարին Շուշանիկը ներկայացաւ իր համադրած քերթուածներով, որոնց հեղինակներն էին՝Արամայիս Սահակեան, Կապուտիկեան, Շիրազ եւ Չարենց, որոնք կազմուած էին Հայրենիքի Սէրով եւ մարտնչական ոգիով շաղախուած գրութիւններէ: Ասմունքը զգացական կերպով ներկայացուց Շուշանիկը յուզելով ներկաները եւ խլելով ծափահարութիւնները:
Երկրորդ դադարին խօսք առած էր Ամերիկայի Հայ Աւետարանակչական Ընկերակցութեան Տնօրէն՝ Զաւէն Խանճեան, ամփոփ կերպով ներկայացուցած էր Հայ Աւետարանակչական Ընկերակցութեան գործունէութիւնը եւ անոր տարած բարեգործական աշխատանքը գաղութին մէջ: Իր խօսքի աւարտին բեմ հրաւիրեց մեծ բարերար եւ բարեգործական նուիրատու՝ Յակոբ Պասմաճեանին, որ իր ծնողաց յիշատակին՝ «Եփրեմ եւ Զապէլ Պասմաճեաններու անունով մանկապարտէզ» հիմնած էր Արցախի, Ասկերան քաղաքին մէջ իր իշխանական նուիրատուութիւններով եւ այս ուրախ առիթով իր Շնորհեց գեղեցիկ եւ յատկանշական յուշանուէր մը որ կը պատկերացնէր «Նոյան Տապանը»:
Երրորդ դադարին Սիլվի Տէմիրճեան, ներկայացուց՝ «Միայն Դու, Տէր Դու Գիտես» վերացնելով ներկաները դէպի խաղաղ երկնային մթնոլորտ:
Եւան վերջին արարին մեծ յաջողութեամբ ներկայացուց՝ «Տըլէ-Եամանը», «Իմ Ղարաբաղ»-ը, «Պիտի Գնանք» եւ Ելոյթը փակեց «Երեբունի Երեւան» երգով: Ժողովուրդը յոտնկայս երկար ժամանակ ծափահարելով ողջունեց Եվա Եկանեանին, խոր յուզումնալից վիճակ ստեղծելով Եվային եւ ներկաներուն քով:
Համերգի աւարտին Վերապատուելի Ճորճ Տապպոն իր օրհնութեան Աղօթքը փոխանցեց ներկաներուն:
Համերգէն վերջ երբ առիթը ունեցանք մտերմիկ երկու բառ խօսելու Եվային հետ որուն հետ տարիներ առաջ ծանօթացած էինք եւ միշտ կապի մէջ եղած էինք մաղթելով որ օր մը կը տեսնուինք Մոնթրէալի մէջ, եւ այդպէս իրականացաւ մեր փափաքը: Եւան ըսաւ՝ «իսկապէս մեծ անակնկալ էր ինծի համար այսպիսի խանդավառ եւ հաղորդակից ու հարազատ ժողովուրդի մը ներկայութիւնը: Իրենց ներկայութիւնը մեծապէս յուզեց ինծի եւ խթանեց որ լաւագոյնս ներկայացնեմ ողջ ներկաներուն»: Ականջին փսփսացի ըսելով , այսօր երեք ձեռնարկներ կային այլապէս Եկեղեցւոյ սրահը նստելու տեղ պիտի չի գտնուէր:
Ուրախ տրամադրութեամբ ներկաները բաժնուեցան յիշատակի նկարներ առնելով Եւային, Շուշանին եւ Սիլվիին հետ:
Վարձքը կատար կազմակերպիչներուն որոնք անխոնջ կերպով աշխատեցան յաջողեցնելու համար այս բարեգործական համերգը որպէսզի օգնութեան ձեռք երկարէն իրենց Արցախի հեռաւոր հարազատներուն:
ԱԲԻԿ ԱԲՐԱՀԱՄ ԳԱՆՏԻԼԵԱՆ
Գանատա, 14 Մայիս 2019