ԱՆԳԱՐԱ ԿԸ ԴԱՏԱՊԱՐՏԷ
ՕԹԹԱՈՒԱ.- Գանատայի արտաքին գործոց նախարար Մարք Կարնօ նշեց, որ 13 Ապրիլին չեղեալ յայտարարուեցան նախապէս տրուած զէնք եւ արհեստագիտութիւն Թուրքիա արտածելու արտօնագիրները, որովհետեւ կան յստակ փաստեր, որ անոնք ապօրինի կերպով օգտագործուած են Արցախի մէջ:
«Անցեալ աշնան, արտածման վերահսկման մեր խիստ դրութեան տակ, Գանատայի կառավարութիւնը սառեցուց զինուորական ապրանքներու եւ ճարտարագիտութիւններու` Թուրքիա արտածելու արտօնութիւնները` մինչեւ հետաքննութիւնը այն մեղադրանքներուն վերաբերեալ, որ գանատական ճարտարագիտութիւնը Ատրպէյճան օգտագործած է Լեռնային Ղարաբաղի զինուորական տագնապին մէջ: Այս հետաքննութենէն ետք, որուն ընթացքին բացայայտուեցան համոզիչ ապացոյցներ, որ Արցախի մէջ կ՛օգտագործուի Թուրքիա արտածուող գանատական ճարտարագիտութիւնը, ես կը յայտարարեմ 2020ի աշնան դադրեցուած արտօնութիւններու ջնջման մասին: Նման օգտագործումը կը հակասէ Գանատայի արտաքին քաղաքականութեան եւ Թուրքիոյ վերջնական օգտագործման հաւաստումներուն: Խօսեցայ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուի հետ` վերահաստատելու Գանատայի մտահոգութիւնները եւ նախաձեռնելու երկխօսութեան գործիքակազմ քանատացի եւ թուրք պաշտօնատարներու միջեւ` փոխադարձ վստահութիւնը հաստատելու եւ արտածման արտօնութիւններու շուրջ համագործակցութիւնը ընդլայնելու համար` վերջնական օգտագործման երաշխիքներու հետ համապատասխանութիւն ապահովելու համար: Թուրքիա ՆԱԹՕի կարեւոր դաշնակից է, եւ ՆԱԹՕի հետ համագործակցութեան ծրագիրներու վերաբերեալ դիմումները պիտի գնահատուին իրարմէ անջատ կերպով», յայտարարեց նախարարը:
Այս նպատակով յատյանշական աշխատանք տարած Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբը ողջունեց այս քայլը, իսկ Անգարա դատապարտեց որոշումը։