ՀՅԴ Հայ Դատի Գանատայի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, որ Գանատայի արտաքին գործոց նախարար Մարք Կարնօ եւ միջազգային զարգացման նախարար Քարինա Կուլտ յայտարարեցին, որ Գանատա կը շարունակէ աջակցիլ Արցախի Հանրապետութեան մէջ տագնապի լուծման ջանքերուն եւ խորապէս յանձնառու է անոր վնասներու հետեւանքներու վերացման գործին: Հիմք ընդունելով 2020ի պատերազմական գործողութիւններէն անմիջապէս ետք Գանատայի կողմէ տրամադրուած նիւթական օժանդակութիւնը` պաշտօնական Օթթաուան լրացուցիչ 1 միլիոն ամերիկեան տոլարի օժանդակութիւն կը տրամադրէ Արցախի Հանրապետութեան մէջ Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէի ջանքերուն աջակցելու համար:
Ըստ յայտարարութեան՝ Գանատա կը շարունակէ աջակցիլ ԵԱՀԿին` տագնապի մնայուն լուծման հասնելու հարցին մէջ եւ կը խրախուսէ Հայաստանը եւ Ատրպէյճանը` համագործակցելու ԵԱՀԿի Մինսքի խմբակին հետ: Գանատական կողմը նաեւ պատրաստակամութիւն կը յայտնէ շարունակելու աշխատիլ ԵԱՀԿի եւ ՄԱԿի մէջ` տագնապին խաղաղ լուծման հասնելու համար: