ԵՐԵՒԱՆ, ՊԷՅՐՈՒԹ.- Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսները 24 Ապրիլին նամակներ յղեցին Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընին՝ երախտագիտութիւն յայտնելով անոր ապրիլքսանչորսեան ուղերձին մէջ դրսեւորած արդարամիտ կեցուածքին համար:
Գարեգին Բ. կաթողիկոսը իր նամակին մէջ կը նշէ, որ 106 տարի առաջ Օսմանեան Թուրքիոյ մէջ գործադրուած Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը՝ Միացեալ Նահանգներուն կողմէ, յատկապէս այս պատմական դժուարին պահուն, ունի ուրոյն կարեւորութիւն` նկատի ունենալով նոյն Թուրքիոյ սատարումով Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի դէմ սանձազերծուած բարբարոսական պատերազմը 2020ի աշնան, որուն հետեւանքներու յաղթահարման առումով Մայր Աթոռը կ՛ակնկալէ ամբողջ միջազգային հանրութեան շուտափոյթ մարդասիրական ներգրաւումը։
Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը շնորհակալութեան եւ գնահատանքի նամակին մէջ կ՛ըսէ հետեւեալը. «Ջերմօրէն կ՚ողջունեմ ու բարձրօրէն կը գնահատեմ ձեր կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը՝ իմ նախորդներուս, որոնց պարտադրուեցաւ հեռանալ Հայ եկեղեցւոյ Սիսի պատմական կաթողիկոսարանէն, ինչպէս նաեւ աշխարհի բոլոր կողմերը ցրուած Ցեղասպանութեան վերապրողներուն կողմէ»:
Շարունակելով իր խօսքը՝ Արամ Ա. դիտել կու տայ, որ նախագահ Պայտըն իր ընտրական խոստումը յարգելով՝ յոյս ներշնչեց Ցեղասպանութեան զոհերուն, որոնց իրաւունքը տակաւին կը մնայ անտեսուած, եւ աւելի՛ն, ան կը վերահաստատէ արդարութեան, մարդկային իրաւանց եւ հաշուետուութեան նկատմամբ Միացեալ Նահանգներու յանձնառութիւնը։
Ապա Արամ Ա. կը գնահատէ նախագահ Ճօ Պայտընի՝ «խօսքէ անդին աշխարհաքաղաքական շահերը շրջանցելու քաջ նախաձեռնութիւնը, ինչպէս նաեւ աշխարհի քաղաքագէտներուն ուղղուած մարտահրաւէրը՝ թէ ընտրական խոստումները պատասխանատու յանձնառութիւններ պէտք է դառնան՝ ի խնդիր արդարութեան եւ ոչ թէ ընտրութիւնը ապահովելու միջոցներ»: