ԵՐԵՒԱՆ, «Լրագիր».- 10 Սեպտեմբերին, Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ ընդունեց Բրիտանիոյ Լորտերու պալատի անդամ եւ նախկին փոխնախագահ, հայութեան բարեկամ պարոնուհի Քերոլայն Քոքսը:
Վեհափառը մեծապէս գնահատեց պարոնուհիին ներդրած ջանքերը՝ միջազգային տարբեր ատեաններու մէջ արցախահայութեան ազատ եւ անկախ ապրելու իրաւունքի պաշտպանութեան, ինչպէս նաեւ Արցախի ժողովուրդին մնայուն կերպով աջակցելուն եւ զօրակցելուն համար։
Առ ի գնահատանք պարոնուհի Քերոլայն Քոքսին՝ հայ ժողովուրդին եւ հայաստանեայց եկեղեցւոյ նկատմամբ մատուցած արժէքաւոր ծառայութիւններուն՝ կաթողիկոսը զայն պարգեւատրեց Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ «Սուրբ Սահակ-Սուրբ Մեսրոպ» պատուոյ բարձր շքանշանով:
Իր կարգին, Քերոլայն Քոքս խոր շնորհակալութիւն յայտնեց կաթողիկոսին՝ նման բարձր պատիւի արժանացնելուն համար: Ան հաստատեց, որ միջազգային տարբեր հարթակներու վրայ պիտի շարունակէ փաստերու հիման վրայ բարձրաձայնել Արցախի հայութեան եւ հայկական հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան նկատմամբ Ատրպէյճանի կողմէ գործադրուած ոճրագործութիւններուն մասին: