Յունիսի 29-ին Գարեգին Բ. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ (1977-1995), ապա Գարեգին Ա. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի (1995-1999) վախճանման 22-րդ տարելիցն էր:
Գարեգին Ա. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի վերջին գրաւոր խօսքը, որ գրուել է վախճանումից օրեր առաջ Մայր Աթոռի միաբանների ներկայութեամբ.
18 յունիս
Սիրելի՛ միաբաններ,
Հոգեկան խորը յուզումով կը բաժնուիմ ձեզմէ, կը միանամ Աստծոյ` յարուցեալ Տիրոջս: Փափաքս է, որ դուք երկար ժամանակ մնաք Աստուծոյ հետ, քաջ ըլլաք եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը սիրէք եւ անոր սուրբ, կրօնական եւ ազգային ծառայութիւնը շէն պահէք:
«Անտանելիօրէն տկար եմ. դուք մնաք զօրաւոր»:
Աղօթարար սիրով` Գարեգին Ա.
* * *
23 յունիսի առաւօտեան
Վեհափառը հիւանդ էր: Անողոք հիւանդութիւն մը անկողնին գամած էր Ամենայն Հայոց Գարեգին Ա. վեհափառ կաթողիկոսը: Եւ այդ շքեղ անձնաւորութիւնը` պերճախօս հոգեւորականը, ներհուն գիտնականը, բանասէրը, գրասէրը, գրագէտը, մեծ հայը, 20-րդ դարու երկրորդ կէսի գուցէ ամէնէն փայլուն հայ դէմքը այսօր վիրաւոր արծիւի մը պէս ինկած էր թեւաբեկ ու կը մաքառէր մահուան դէմ: Հոգեվարքի մէջ էր վեհափառը, բայց չէինք հաւատար: Կը նայէինք իրեն` աչքերը փակ, լեզուն համր, կը սպասէր մահուան, կը սպասէր, որ հանդիպէր իր յարուցեալ Փրկչին: Բայց մենք տակաւին կը յամառէինք խօսիլ իրեն հետ եւ կը սիրէինք հաւատալ, որ կը լսէր մեզ եւ ատոր համար ալ երբ որ մօտը կ՛երթայինք, իր սնարին կը մօտենայինք եւ իրեն կը փսփսայինք մեր գործերուն, մեր աշխատանքներուն մասին: Այդպէս եղաւ նաեւ 1999-ի 23 յունիսի առաւօտեան: Այդ օրերուն Օշականի մէջ կը գումարուէր վեհափառի իսկ փափաքով կազմակերպուած «Աստուածաշնչական Հայաստան» գիտաժողովը: Հայաստանէն եւ սփիւռքէն շուրջ 100 աստուածաբաններ, բանասէրներ, գիտնականներ, հայագէտներ, բնագրագէտներ հաւաքուած էին, եւ 1700-ամեակի ծրագիրներու շրջագծին մէջ կ՛իրագործուէր այս մեծ համաժողովը: Մօտեցայ վեհափառին եւ սկսայ պատմել ժողովի մասին, թէ ինչպէս բացուեցաւ ժողովը, թէ ինչպէ՛ս գացինք, ծաղկեպսակ դրինք Սուրբ Մեսրոպի գերեզմանին, ինչպէ՛ս ծունկի եկանք, եւ թէ` յետոյ իր կողմէ մոմ մը վառեցի սուրբի գերեզմանին եւ ապա խոնարհեցայ ու համբուրեցի պաղ մարմարը, վեհափառին սէրը, ողջոյնը տուի Սուրբ Մեսրոպին: Վեհափառը չէր պատասխաներ, շրթները չէին շարժեր, աչքերը չբացուեցան, բայց ձեռքի շարժումով ինծի խօսեցաւ. կը գնահատէր, կ՛ուրախանար, կ՛օրհնէր: Աջը համբուրեցի ու դուրս ելայ:
ՄԵՍՐՈՊ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ԱՇՃԵԱՆ
«Գարեգին Ա. Ամենայն Հայոց կաթողիկոս. Զրոյցներ Ջ. Գուայտայի հետ» գրքի յառաջաբանից