Ամերիկեան ամենափնտռուած երկու ժապաւէններու մէջ, իր փայլուն խաղարկութեան շնորհիւ Հոլիվուտի աստղերու պատուանդանը բարձրացած Քարէն Պլէք մահացաւ: 74-ամեայ դերասանուհին շրջանէ մը ի վեր կը տառապէր քաղցկեղէ:
Քարէն Պլէք՝ անունը անմիջականօրէն կապուած է «Իզի Ռայտըր» (1969) , «Ֆայֆ Իզի Փիսըս» ( 1971), «Տը Կրէյթ Կեցպի» (1974) ժապաւէններուն հետ: Պլէք՝ 1959-էն 2013-ի միջեւ ինկած ժամանակամիջոցին, նկարահանուած է աւելի քան երկու հարիւր ժապաւէններու եւ հեռատեսիլային հաղորդաշարերու մէջ: Բեղուն ասպարէզի ընթացքին, Քարէն Պլէք արժանացած է երկու Կոլտըն Կլոպ մրցանակներու:
ՄԱՅՔԸԼ ՏՈՒԿԼԱՍ ԿԸ ԲԱԺՆՈՒԻ ԳԱԹՐԻՆԷՆ
68-ամեայ հոլիվուտեան դերասան Մայքլ Տուկլաս մտադրած է բաժնուիլ իր կնոջմէն՝ 43-ամեայ դերասանուհի Գաթրին Զեթա Ճոնզէն: Աղբիւրը կը յայտնէ, թէ Տուկլաս հոգնած է իր կնոջ հոգեկան վերիվայրումներէն: Զեթա Ճոնզի մօտ յայտնաբերուած է երկբեւեռային խանգարում:
Ամոլը որոշած է բաժնուիլ 13 տարուան ամուսնական կեանքէն ետք: Ամուսնալուծումը 300 միլիոն տոլար պիտի արժէ Մայքլ Տուկլասին: Նշենք, թէ 2011-էն սկսեալ, Զեթա Ճոնզ շաբաթը հինգ անգամ կ’այցելէ հոգեբուժարան: Մայքլ Տուկլաս եւ Զեթա Ճոնզ ամուսնացան 2000-ին: Ամոլը ունի երկու զաւակ՝ 13-ամեայ Տիլանը եւ 10-ամեայ Քերիսը: