Հանրապետութեան նախագահը իր հետ ունենալով քաղաքական բազմաթիւ հոսանքներ, կը շեշտէ երկխօսութեան սեղան վերադառնալու անհրաժեշտութիւնը:
Շաբաթավերջին Ճիպէյլի մէջ արտասանած իր խօսքին ընթացքին, հանրապետութեան նախագահը ընդգծեց, թէ ոչ ոք կրնայ խլել իր իրաւասութիւնները, ոչ ալ մեկուսացնել երկրի նախագահը: Նախագահ Սըլէյման յայտնապէս շեշտեց ազգային միասնականութիւնը ամրապնդելու հրամայականը: Երբ հանրապետութեան նախագահն է համախոհութեան ու միասնականութեան վրայ շեշտադրողը, կը նշանակէ, թէ խախտումի նախանշաններ գոյութիւն ունին լիբանանեան կառոյցին մէջ, սկսելով Սահմանադրական Խորհուրդէն, որուն անդամները քաղաքական ճնշումներու ենթարկուելով, կը խուսափին քննարկելու խորհրդարանին երկարաձգման վիճարկումը: Հաւաստողը երկրին նխագահն է:
Երկխօսութեան անհրաժեշտութիւնը կու գայ միաժամանակ հաստատելու, թէ բեւեռացող անհանդուրժողութիւնը, մագլցող լարուածութիւնը կը սպառնան Լիբանանի համակեցութեան, անոր ժողովրդավար դրութեան: Իր դեմոկրատական վարչաձեւով արաբական աշխարհին տիպար հանդիսացող Լիբանանը հետզհետէ կը կորսնցնէ իր ինքնուրոյնութիւնը եւ կը ծփծփայ համայնքային, յարանուանական առ ճակատումներու ալիքներուն տակ: Ոչ ոք կրնայ ժխտել այս դառն իրողութիւնը: Լիբանանը շրջանային պետութիւններէն զանազանող իւրայատկութիւնները մէկ առ մէկ փուլ կու գան, օտարներու թելադրութեամբ՝ անոր քաղաքական այրերուն միջեւ խորացող անհանդուրժողութեան, այլամերժութեան եւ տարակարծութիւններուն հետեւանքով: Համայնքային ինքնուրոյնութիւնը քօղի տակ ծածկած է ազգային ինքնուրոյնութեան ոգին:
Ճիշդ կամ սխալ, արդար կամ անիրաւ, լիբանանցիները նախ պարտաւոր են յստակացնելու երկխօսութեան նիստերուն ընթացքին քննարկուելիք օրակարգերը, ինչպէս նաեւ անոնց հերթականութիւնը:
Նախ գիտակցիլ եւ ապա՝ սահմանել, ինչո՞ւ երկխօսութեան նիստերը: Անպայման, որ անհրաժեշտութեան մը ստիպողութիւն է ան, եւ կամ՝ թոյլ տալ, որ կառավարութիւնը իր ընթացիկ օրակարգերուն վրայ քննարկէ տարակարծութեանց կէտերը…: Այսօրուան դրութեամբ, քաղաքկան ուժերը կը մերժեն երկխօսութեան սեղան վերադառնալ, կը խանգարեն կառավարութեան կազմութիւնը, ինչպէս նաեւ խորհրդարանական ընտրութիւնները:
Զբօսաշրջութիւնը, ճարտարարուեստը, առեւտրական առօրեան կ’ապրին տեղատուութիւն: Ո՞վ կը մտածէ մօտաւորապէս 54 միլիառ տոլար գնահատուող Լիբանանի ընդհանուր պարտքերը մարելու եղանակներուն մասին: Ուրտեղէն եւ ինչպէ՞ս յառաջացաւ այս պարտքը: Որո՞նք հաշուետու են կուտակուած պարտքերուն համար (բնականաբար՝ հարցադրողը եւ ժողովուրդը…), ինչո՞ւ կը գաղթէ երիտասարդութիւնը,: Լուրջ մարտահրաւէրներու առջեւ կը գտնուի այսօր Լիբանանը: Ճարտարարուեստի, առեւտուրի, զբօսաշրջութեան մարզերը սրտատրոփ ահազանգ կը հնչեցնեն: Որու՞ն ուղղուած է անոնց բողոքն ու պոռթկումը՝ խորհրդարանի՞ն, կառավարութեան…: Շնչահեղձ այս իրավիճակը ինքնաբերաբար պարտի թելադրել հաւաքական գիտակցութիւն: Լիբանանի գոյութիւնն է խնդրոյ առարկան: Առ ճակատումը եւ փողոցի ընտրանքը ոչինչ կ’երաշխաւորեն կողմերուն:
Հանրապետութեան նախագահը նախազգուշացնելով անհաճոյ զարգացումներու հետեւանքներէն, երկխօսութեան սեղանին վրայ կ’առաջադրէ տեսնել լուծումները: Սակայն դժբախտաբար արտաքին շահեր հետապնդող քաղաքական երկու գլխաւոր հոսանքները, խօլ ականջ կը ձեւանան երկխօսութեան կոչերուն եւ նախաձեռնութիւններուն:
Ճիշդ այս մտահոգութիւններուն լոյսին տակ, մարոնիներու Պշարա Ռայի գարտինալը Կիրակի օրուան իր պատարագին մէջ, որուն ներկայ գտնոեցան հանրապետութեան նախագահը, նորանշանակ վարչապետը, բանակի հրամանատարութեան եւ լիբանանեան խորհրդարանի ներկայացուցիչներ՝ ազգային հաշտութեան կոչ ուղղեց լիբանանցիներուն եւ համախոհութեան հրաւիրեց զանոնք՝ վերակառուցելու վստահութեան երկփեղկուած կամուրջները: Ան խստիւ դատապարտեց Մարտ 8-ի եւ 14-ի քաղաքական ուժերուն ընթացքը, աւելցնելով, որ անոնք շարունակուող երկփեղկումով աղաւաղած են Լիբանանի պատկերը, անոր ազգային համերախութեան ուխտը, Լիբանանի ժողովրդավարութիւնն ու բազմազանութիւնը: Գարտինալը նաեւ յայտնեց, թէ Մարտ 8-ի եւ 14-ի ուժերը իրենց երկփեղկումներուն հետեւանքով խանգարեցին խորհրդարանական ընտրութիւնները, իսկ ներկայիս կ’արգելակեն կառավարութեան կազմութիւնը, ինչպէս նաեւ կը քայքայեն սահմանդարական եւ իրաւական համակարգը:
Ասկէ աւելի անկեղծ եւ դիպուկ, աւելի ճշմարիտ եւ արդար տակաւին ին՞չ կրնար ըսել գարտինալ Ռային: Վստահաբար քաղաքական հոսանքներու մեծամասնութիւնը դժգոհեցաւ գարտինալին խիզախ քննադատութիւններէն, սակայն ճշմարտութիւն ըլլալէ չի դադարիր գարտինալին կանչը: Շարունակելով իր խօսքը, գարտինալը ցաւով յայտարարեց, թէ միեւնոյն ուժերը խախտած են Լիբանանի որդեգրած չէզոքութեան պաշտօնական կեցուածքը, հեռացած են Պաապտայի Յայտարարութենէն եւ Լիբանանը մխրճած են Սուրիոյ հակամարտութեան մէջ: Ահաւասիկ ճշմարտութեան հայելիին մէջ, մեր քաղաքական ներկայացուցիչներուն իսկական դիմագիծը:
Գարտինալը չքննադատեց միայն: Ան լուծումներ առաջարկեց, վերահաստատելով հանարաետութեան նախագահին եւ երկրին սահմանդրական կառյոցներուն նկատմամբ իր զօրակցութիւնը: Ան միաժամանակ շեշտեց, թէ միայն բանակը եւ ապահովական կառոյցները իրաւունք ունին լիբանանեան գոյացութիւնը: Տակաւին ին՞չ չըսաւ գարտինալ Ռային…: Բայց քաղաքական այրերը հասկցա՞ն անոր մտահոգութիւնը, արձակած կանչին պատճառները…: Այստեղ պահուած է Աքիլեսի գարշապարը:
Շրջանային փոթորիկները անկասկած պիտի հարուածեն Լիբանանը: Զգաստութեան ահազանգ մը մը կը հնչեցնէր մարոնի գարտինալը: Սակարկութիւններու եւ նախապայմաններու հանգրուանը սպառած է այլեւս: Հերմէլի, Աքքարի, Արսէլի, Թրիփոլիի միջադէպերը ժայթքող հրաբուխի վրայ կը բոցկլտայ երկիրը: Այս իրողութիւնները տեսնելով, ապշեցուցիչ է պարզապէս՝ երկիրն ու ժողովուրդը տարուբերել փոխադարձ ամբաստանութիւններու խառնակութեան մէջ կամ՝ խարխափած ձեւանալ ներածուող խռովարարութեանց առջեւ:
ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ