ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս»․- 4 Օգոստոսի առաւօտեան ժամը 11-ի մօտերը, հայ-ատրպէյճանական սահմանի Գեղարքունիքի հատուածին մէջ արձանագրուեցաւ ատրպէյճանական անօդաչու թռչող սարքերով Հայաստանի օդային տարածքը մուտք գործելու փորձ մը, կը յայտնէ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը:
Հայաստանի հակաօդային պաշտպանութեան ստորաբաժանումներուն գործողութիւններուն շնորհիւ, փորձը կասեցուեցաւ:
Ատրպէյճանական կողմը Գեղարքունիքի հատուածին մէջ նման փորձեր կատարած էր նաեւ անցեալ շաբաթ․ անոնք եւս կասեցուած էին: