ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ատրպէյճանի զինուած ուժերը 10 Յունիսին, Հայաստանի Գեղարքունիքի մարզի սահմանային հատուածին մէջ անգամ մը եւս փորձեցին ճարտարագիտական աշխատանքներ իրականացնել: Հայկական բանակի ստորաբաժանումները հակազդեցին՝ ստիպելով դադրեցնել աշխատանքները, որուն իբրեւ պատասխան՝ ատրպէյճանական կողմը կրակ բացաւ հայկական դիրքերուն ուղղութեամբ: Հայ սահմանապահները դիմեցին պատասխան գործողութիւններու: Փոխհրաձգութեան պատճառով հայկական կողմէն տուժողներ չկան:
Այս մասին տեղեկացուց Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութիւնը: