Յարութիւն Իսկահատեան-Պէյրութ- ՊԱՅՔԱՐ 157
Հայոց Ցեղասպանութեան մէջ Օսմանեան Թուրքիոյ մեղսակից կայսերական Գերմանիոյ ոչ միայն վերնախաւը հայոց դէմ դիրքորոշմամբ թշնամական էր, այլ նաեւ մտաւորականութեան մէկ մասը եւ նոյնիսկ եկեղեցականներու մէջ կը գտնուէին կրօնաւորներ, որոնք աշխարհիկ մարդոցմէ աւելի հակամարդկային, հիւանդագին ու վայարագ կեցուածք ունէին: Վերջիններէն էր պատուելի Ֆրիտրիխ Նաումանը, որուն հայոց նկատմամբ ժխտական կեցուածքներուն վերլուծականօրէն կ’անդրադառնայ Հայասպանութեան ականատես վկայ, գերմանացի յուշագրող եւ վերլուծաբան Հայնրիխ Ֆիրպիւխեր իր հեղինակած «Հայաստանը 1915-ին, Թէ Ինչ Է Թաքցրել Կայսերական Կառավարութիւնը Գերմանահպատակներից, Հին Մշակոյթ Ունեցող Ժողովրդի Կոտորածը Թուրքերի Կողմից» խորագրեալ գիրքին (լոյս տեսած Պերլին 1930-ին, որ գերմաներենէ հայերէնի թարգմանած է Յունան Ղուկասեան, Երեւանի Պետական Համալսարանի հրատ., 2000, 112 էջ) «Պաստոր Նաումանը» վերնագրեալ գլուխին մէջ (էջ 36-38):
Հայնրիխ Ֆիրպիւխեր կ’ըսէ թէ 1878-ին Պերլինի Վեհաժողովը եւրոպական պետութիւններու ճնշումով ստիպեց Թուրքիան որ Հայոց վեց նահանգներու մէջ բարեփոխումներ կատարելու գրաւոր խոստում տայ, քրիստոնեաներու եւ մանաւանդ հայոց կեանքը բարելաւելու համար: Սակայն, «Թուրքիան ամէն ինչ ստորագրեց, ու ոչինչ չարեց: Դրան լռիւ հաւանութիւն տուեց պարոն Նաումանը», կ’աւելցնէ Ֆիրպիւխեր: Ֆրիտրիխ Նաումանի այս կեցուածքը կը բացատրուի իր իսկ խօսքերով, որոնք կու գան աղաւաղել ճշմարտութիւնը: Հայկական նահանգներու մէջ պարզ բարեկարգումներ իրականացնելու հայոց պահանջքը ան կ’որակէ յեղաշրջում: Ուստի հայոց արդար պահանջքը կը բախի Նաումանի բարդ ու հիւանդագին հոգեբանութեամբ մերժումին եւ դատարկ պատճառաբանութիւններով ան հանդէս կու գայ պաշտպանելու թուրքերը երբ 1898-ին (Այդ ընթացքում թէեւ կրկին սարքուել էին արեան բազում բաղնիքներ- Ֆիրպիւխեր էջ 36) Նաուման կ’ըսէ. «Նրանց (ռուսների եւ անգլիացիների) միջամտութեամբ Պերլինի քոնկրէսում քսան տարի առաջ հայերի համար հաստատուեցին բարեփոխումներ, որոնց ամենակարեւոր կէտը մեր աչքերում հայերի տոկոսային մասնակցութիւնն է պետական կառավարման գործերին՝ թուրքերի ընբռնումով պետութիւնը յեղաշրջող մի պահանջ: Եթէ իրագործուի այդ պահանջը, ապա տրամաբանական ուժով պիտի որ հայերը հակաթուրք դառնան, եթէ նոյնիսկ այսօր նրանց մեծամասնութիւնը սուլթանի ազնիւ, քնած եւ վճարունակ հպատակներն են: Ուստի Բարձր Դուռը թէեւ ստիպուած էր Եւրոպայի առաջ խոստումներ տալ, բայց, ի հարկէ, միայն խոստումներ, որոնք, ինչպէս Պիզմարքն է ասում, այնքան են տեւում, որքան այն իրադրութիւնը, որի մէջ դրանք ծնւում են»: Հայնրիխ Ֆիրպիւխեր թուրքերը արդարացնելու Նաումանի անտրամաբանական բացատրութիւններուն կը պատասխանէ հետեւեալը ըսելով. «Ինչպէս երեւում է, պարոն պաստորի համար, «թուրքական ըմբռնումներն» աւելի վեր էին կանգնած, քան հարիւր հազարաւորների վտանգուած կեանքն ու միջազգային իրաւունքը» (էջ 37):
Պատուելի Ֆրիտրիխ Նաումանի համար Գերմանիոյ շահերը ապահովելու նպատակով՝ իր ծայրահեղ ազգայնամոլութիւնը եւ անմարդկային կեցուածքը հայոց հանդէպ գերադաս էր իր հաւատացած այլ գաղափարներուն ինչպէս՝ քրիստոնէական եւ մարդկային հաւատամքին, եթէ ունէր անշուշտ: Ան յամառօրէն կ’արդարացնէ թուրքերու բարբարոսութիւնները հայոց դէմ ըսելով. «Մենք կ’ընդունինք համաընդհանուր թշնամութեան պայմաններում թուրքերի արիւնահեղ, մահմետական բարբարոսութեան անհրաժեշտութիւնը, քանի որ հայկական հարցը եւ հայերի կոտորածը մենք առաջին հերթին կը դիտենք որպէս ներթուրքական քաղաքական խնդիր» (էջ 37): Հայնրիխ Ֆիրպիւխեր այս յայտարարութեան դիմաց կ’ըսէ. «Այս «քրիստոնէական» խօսքերը պարոնը գրում էր դէպի Սուրբ գերեզման կատարած իր մի ճամբորդութեան ժամանակ: Նա գիտէր, որ 1895թ. Ծննդեան տօների առաջին օրը Ուրֆայի մայր տաճարում ողջ-ողջ հրկիզել էին 1200 հայերի» (էջ 37):
Ճիշդ այն ատեն՝ 1895-ին երբ թուրքերը հայեր կը կոտորէին Հայաստանի մէջ, Հայնրիխ Ֆիրպիւխերի բնորոշմամբ՝ համաշխարհային քաղաքագէտ Ֆրիտրիխ Նաուման կը գրէր, թէ գերմանացիները շատոնց որոշած են Թուրքիան հովանաւորել: Աւելի առաջ երթալով ան կ’ըսէ թէ Գերմանիոյ պետական ուժը թուրքերուն կ’օժանդակէ մարելու համար հայոց քրիստոնէական եւ մարդկային վերելքի բոլոր հնարաւոր յաջողութիւնները: Բայց պէտք է սպասել ժամանակին, կ’աւելցնէ ան: Իր նենգ ու թշնամական գաղափարներուն արդարացում տալու համար Նաուման կ’ըսէ. «Այդ մեր ժամանակի գիտակցումն ու սպասումը ինքնին նոյնպէս նշանակում է կատարել Աստուծոյ կամքը» (էջ 38):
Ֆիրպիւխեր առարկայականօրն կը վերլուծէ Նաումանի յայտարարութիւնը հետեւեալ ձեւով, Աստուծոյ կամքը կատարել «Աստուծոյ մարդու»՝ Ֆրիտրիխ Նաումանի կարծիքով կը նշանակէ հաշտ ու համաձայն գտնուիլ հարիւր հազարաւոր հայերու կոտորածին, հայոց տառապանքներուն հանդէպ լոկ վրդովելէ ետք: Որո՞ւ պէտք է Նաումանի կեղծ ցաւն ու վրդովումը կամ այդ ի՞նչ օգուտ կու տայ մարդուն: Ձեւականօրէն կատարելէ յետոյ իր կասկածելի քրիստոնէական պարտականութիւնը, ան ինքզինք կը քօղազերծէ եւ երեւան կու գայ իր իսկութեան մէջ՝ իբր վայրագ մարդ մը: Այո, սպաննուածները քրիստոնեաներ են եւ անմեղ մարդիկ կ’ըսէ Նաուման, սակայն այս մէկը կը համապատասխանէ Աստուծոյ կամքին, որովհետեւ Օսմանեան Պետութիւնը «կոչուած է լինելու գործունէութեան ասպարէզ գերմանական ռազմական ներկայացուցչութիւնների համար»: Ըստ իրեն թուրքերը թէեւ սրիկայ են, ոճրագործ ստրուկներ, բարբարոս ու տգէտ, սակայն անոնք Աստուծոյ կամքին կը ծառայէին մեծապէս օգնելով գերմանացիներուն: Այս լոյսին տակ, Նաուման կ’եզրակացնէ. «Թուրքիան իրաւունք չունի այսօր կործանուելու, այլ վաղը պիտի բաժին ընկնի գերմանացիներին: Իսկ եթէ մինչ այդ հարիւր հազարաւոր մարդիկ են սպաննուելո՞ւ… Ափսո՜ս, ափսո՜ս… Բայց չէ՞ որ դա պիտի լինի Աստուծոյ կամքը…» (էջ 38):
Պատուելի Նաումանը կեղծ քրիստոնիայի տիպարն է, որ լոկ երեւութապէս կրօնական եղած ըլլալով, Քրիստոսի շնորհքը վերջնականապէս յափշտակած ըլլալ կը կարծէ եւ ինքզինք ազատ կը զգայ խորհելու եւ ընելու ամէն ինչ որ իրեն հաճոյ կը թուի: Անոր հիւանդագին խորհուրդներն ու ծուռ գործերը հիմնուած են ինքնաստեղծ օրէնքներու եւ կանոններու վրայ, որոնց արդարացիութիւնը ըստ իրեն կը բխի «Աստուծոյ կամքն այսպէս է» սուտ գաղափարէն:
Նաումանի եւ անոր նմաններու վերոյիշեալ հրէշային գաղափարներու նկրտումները արդիւնք են գերմանական ազգայնամոլոկան երեւոյթին, որ շուտով դրսեւորուեցաւ Գերմանական Նացի կուսակցութեան եւ Ատոլֆ Հիթլերի երեւոյթով ու համատարած կործանիչ գործունէութեամբ: Ֆիրպիւխեր Նաումանի «չքնաղ» գաղափարներու ներկայացման առընթեր կը խօսի թուրք եւ հայ ազգերուն մասին իրականութիւնը երեւան հանելով եւ ընդգծելով տարբերութիւնները անոնց միջեւ: Նախորդ յօդուածով մը («Պայքար» շաբաթաթերթ, թիւ 154, 22 Դեկտեմբեր 2019 թուագրեալ), «Թուրք Ցեղին Նկարագրային Յոռի Գիծերը Ըստ Հայնրիխ Ֆիրպիւխերի» խորագրեալ, ներկայացուցած էինք Հայնրիխ Ֆիրպիւխերի վերլուծական խոհերը թուրքերու մասին եւ մանաւանդ՝ թուրք վերնախաւին:
Հայոց մասին խօսելով, Հայնրիխ Ֆիրպիւխեր կ’ըսէ. «Հայը հիմնականում ազնիւ աշխատող հողագործ է առանձնապէս ցայտուն արտայայտուած հակումով դէպի ընտանիքը: Նա երախայասէր է: Եթէ նա այդպիսի չլիներ, ապա վերջին տասնամեակների ջարդերը դեռ մինչեւ 1915թ. այդ ժողովրդին արդէն արմատախիլ արած կը լինէին: Լռիւ խաղաղ կեանքի ձգտումը կապուած շատ հայերի փայլուն բանիմացութեան հետ, նախադրեալ ստեղծեց այն բանի համար, որ Առաջաւոր Ասիայի լաւագոյն ուսուցիչները, բժիշկները, թարգմանիչներն ու վաճառականները հայեր էին» (էջ 38): Ֆիրպիւխեր պարզ գովասանք չէ որ կ’ընէ հայոց մասին, որովհետեւ հայոց վերագրուած այս նոյն յատկութիւնները կը գտնենք նաեւ այլ օտար ականատեսներու գրութիւններուն մէջ եւս, իբրեւ հաստատ իրականութիւն: Օսմանեան Պետութեան գիւղատնտեսութեան ողնաշարը հայերն էին: Երկրին արհեստներն ու առեւտուրը հայոց ձեռքին մէջ էին կ’աւելցնէ ան (էջ 35):
Երբ ոեւէ մէկը Օսմանեան Պետութեան հայոց մասին կը խօսի, անկարելի է որ չյիշէ քիւրտերը՝ իրենց ժխտական ազդեցութեամբ ու գործունէութեամբ: Ֆիրպիւխեր կ’ըսէ. «Այս ժողովրդի համար արտակարգ դժբախտութիւն է եղել որ ինքն իր երկիրը միայնակ չի բնակեցրել: Նա ապրում էր հովիտներում, մինչդեռ բարձրլեռնային վայրերում մօտ 4000 տարուց ի վեր [Յստակ է որ հեղինակին այս տեղեկութիւնը ճիշդ չէ, որովհետեւ քիւրտերը երբեք Հայաստանի մէջ չեն եղած մինչեւ 1600-ական թուականները Ք.Ե.- Յ.Ի.] մնում էին քրտերը, որոնք պետեւիների նման երբեք նստակեաց չեն եղել, մնում էին կիսաքոչուոր եւ չէին ճնշւում ոեւէ նուաճողի կողմից: Քրտերն ու հայերը միշտ էլ ոխերիմ թշնամիներ են եղել: Հովիտներում ապրող հողագործ եւ առեւտրով զբաղուող հայերը միշտ ենթարկւում էին քրտերի աւազակային յարձակումներին: Եւ բոլոր կոտորածներում, ինչպէս նաեւ 1915 թուականին հայերին բնաջնջելու գործում, քրտերը աղետալի դեր են խաղացել» (էջ 33):
Հայերը ներկայացնելու հատուածին մէջ Հայնրիխ Ֆիրպիւխեր կը պարզէ հայոց կոտորածներու նկատմամբ Նաումանի պատեհապաշտական կեցուածքը հետեւեալ ձեւով. «Գերմանական հասարակայնութիւնն արդէն սաստիկ հեղեղւում էր Թուրքիայում գերմանական հեռանկարների մասին վարդագոյն նկարագրութիւններով, Ֆրիտրիխ Նաումանն էր, որ իր «Ասիա» գրքում հայերի նկատմամբ նոր կատարուած զանգուածային սպանութիւնների ազդեցութեան ներքոյ չարչրկուած ժողովրդի ու նրա ճակատագրի մասին երկարաւուն դատողութիւններ էր անում ուղղակի վաստակաւոր քծնողի շողոքորթութեամբ» (էջ 35):
Գերմանական ծայրայեղ ազգայնամոլութենէ մղուած, թուրքերու ոճրագործութիւնները արդարացնել փորձող պատուելի Նաումանի կողմէ անուղղակիօրէն ըսուած այս խօսքերը հայոց կոտորածներու մասին՝ ազդու վկայութիւն եւ խոստովանութիւն են թուրքերու հակահայ ոճիրներու առկայութեան մասին: