ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Գերմանիոյ իրաւապահ մարմինները յայտարարած են, որ տեղեակ են Թուրքիոյ խորհրդարանի հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլանի այն ազդարարութիւններէն, ըստ որոնց՝ Եւրոպայի շարք մը երկիրներու եւ մասնաւորապէս Գերմանիոյ մէջ մահափորձեր կը նախապատրաստուին Թուրքիոյ քաղաքացի եւ Անգարայի այլախոհ անձերու, մասնաւորապէս՝ հայերու եւ ալաուիներու դէմ:
Իրաւապահ մարմինները գերմանական «Deutsche Welle»ին յայտնած են, որ կ՛ուսումնասիրեն տուեալներ հնարաւոր յարձակումներու վերաբերեալ:
«Տեղեակ ենք վերոնշեալ վտանգին մասին եւ անհրաժեշտ աչալրջութեամբ կ՛ուսումնասիրենք իրադրութիւնը: Սակայն, իրավիճակի եւ պաշտպանական միջոցներու ձեռնարկման մասին այլ մանրամասնութիւններ չենք կրնար տրամադրել», ըսուած է իրաւապահ մարմիններու յայտարարութեան մէջ:
Փայլան գերմանական լրատուամիջոցներու հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտնած է, որ մահափորձերուն մասին տեղեկութիւն ստացած է արտերկրեայ հետախուզական մարմիններէն, սակայն չի կրնար յստակ նշել անոնց աղբիւրը: «Միայն կրնամ ըսել, որ անոնք շատ վստահելի տեղեկութիւններ են», ըսած է ան: Պատգամաւորը նաեւ ըսած է, որ Եւրոպայի ու գլխաւորապէս Գերմանիոյ մէջ, այս տեղեկատուութենէն ետք, որոշ անձեր պաշտպանութեան տակ առնուած են:
Փայլան նաեւ յայտնած է, որ Թուրքիոյ կառավարութեան ներկայացուցիչները, որոնց հետ հանդիպած եւ խօսած է իր ունեցած տուեալներուն մասին, խոստացած են անհրաժեշտ քայլերու ձեռնարկել:
Թուրքիոյ մէջ հետապնդումներուն իբրեւ հետեւանք Գերմանիա հաստատուած հայ լրագրող Հայկօ Պաղտատ իր կարգին յայտնած է, որ ինք եւս տեղեակ է Փայլանի յայտնած հետախուզական լուրերէն, որոնք իսկապէս լուրջ վտանգ կը ներկայացնեն: Ան տեղեկացուցած է, որ այս խնդիրին առնչութեամբ համապատասխան մարմիններու հետ համագործակցութեան մէջ է: «Թող Թուրքիա ընէ անհրաժեշտ ամէն բան՝ իր քաղաքացիները պաշտպանելու համար», ըսած է ան:
Հարցին մասին խօսած է նաեւ Գերմանիոյ Ալաուիներու միութիւններու դաշնակցութեան ղեկավար Եըլմազ Քահրաման, որ ըսած է, թէ իրենք շատոնց տեղեակ պահուած են հնարաւոր այս սպառնալիքին մասին: Ան ընդգծած է նաեւ, որ գերմանաբնակ ալաուիները թրքական ծայրայեղական կազմակերպութիւններու թիրախ են:
Միւս կողմէ, Թուրքիոյ գլխաւոր դատախազութիւնը Դեկտեմբեր 22ին հետաքննութիւն սկսած է Փայլանի նշեալ յայտարարութեան հիման վրայ: Թրքական «Ալեվինեթ» լրատուական կայքը կը նշէ, որ Փայլան՝ իբրեւ վկայ, ցուցմունք տալու հրաւիրուած է դատախազութիւն: