2018 թուականի մարտ ամիսէն Գերմանիոյ մայրաքաղաք Պեռլինի մէջ գործող «Գիտելիք» հայկական դպրոցի հիմնադիրներ Լիլիթ Յակոբեանն ու Մասիս Առաքէլեանը Գերմանիոյ Մեքլնպուրկ-Ֆորպոմերն նահանգի Կրայֆսուալտ եւ Ռոսթոք ամենամեծ քաղաքներուն մէջ յունուարին բացած են «Գիտելիք» դպրոցի մասնաճիւղերը:
Այս քաղաքներուն մէջ հայկական կազմակերպութիւններ, միութիւններ չկան, իսկ այնտեղ ապրող հայերու շփումը կը սահմանափակուի միայն իրար հանդիպելու կամ տուն երթալու մակարդակով: Լիլիթն ու Մասիսն առաջինն են, որ այդ քաղաքներուն մէջ բացած են հայկական դպրոցներ, որ անոնք բացառիկ երեւոյթ կը համարեն: Նախ եւ առաջ տարածք տրամադրելու ակնկալիքով կապ հաստատած են քաղաքային իշխանութիւններուն հետ: Պատասխանը չէ ուշացած. գաղթականներու ընդելուզման պատասխանատուն, իբրեւ ազգային փոքրամասնութիւններու ներկայացուցիչներ, հայկական մշակոյթը տարածելու համար անոնց իր աջակցութիւնը յայտնած է:
«Չնայած հիմնադրումէն մէկ տարի անցած է, սակայն Պեռլինի մէջ գործող մեր դպրոցն արդէն կայացած է եւ բարի համբաւ ունի: Եւ այս քաղաքներուն մէջ ալ արձագանքը չուշացաւ: Տեղի հայերուն կողմէ դպրոց բանալու գաղափարը մեծ ոգեւորութեամբ եւ գրկաբաց ընդունուեցաւ: Ի հարկէ, դժուար աշխատանք կը կատարենք, սակայն պատասխանատուութեամբ կ՛իրագործենք սկսած գործը` գիտակցելով օտար միջավայրի մէջ հայ երեխաներուն հայեցի կրթութիւն եւ դաստիարակութիւն տալու անհրաժեշտութիւնը»,-«Հայերն այսօր»-ին տեղեկացուց Մասիս Առաքէլեան:
Բարւոք եւ կոկիկ վիճակի մէջ գտնուող վարձակալած դասարաններուն մէջ Լիլիթն ու Մասիսը իւրաքանչիւր շաբաթ օր Պեռլինէն, հաշուի չառնելով հեռաւորութիւնը, կու գան` դասաւանդելու երեխաներուն: Լիլիթը հայերէն կը սորվեցնէ, Մասիսը` երգ, իսկ պարի դասընթացները համատեղ կը կազմակերպեն: Առաւօտեան Կրայֆսուալտի մէջ, ցերեկը` Ռոսթոքի մէջ կը կայանան դասերը:
Մասիս Առաքէլեան յոյս յայտնեց, որ աստիճանաբար իրենց գործունէութիւնը կ’աշխուժացնեն եւ նոր ծիլեր կու տան, քանի որ շփուելով երեխաներու հետ` կը հասկնան, որ մեծ ցանկութիւն ունին հայերէն սորվելու եւ անհամբերութեամբ կը սպասեն հանդիպումներուն: անոնցմէ շատերը նոյնիսկ չեն գիտեր, թէ ուր կը գտնուի Հայաստանը, ինչ պատմութեան եւ մշակոյթի կրողներ են:
«Սփիւռքի մէջ հայ երեխաներուն գրաճանաչ դարձնելու, հայերէն խօսիլ սորվեցնելու ամէնօրեայ պայքարի մէջ կը գտնուինք: Աշակերտները հայերէնի տիրապետման տարբեր մակարդակի են, անոնց մէկ մասն ալ գրեթէ հայերէն գրել-կարդալ չի գիտեր: Մենք նաեւ հոգեբանական աշխատանք կը տանինք աշակերտներուն հետ: Պատկերացուցէք, ականատես կ՛ըլլանք այն փաստին, որ հայ երեխան սեփական լեզուն չիմանալու պատճառով դասի ժամանակ կ՛արտասուի: Թէեւ դժուարին իրավիճակի մէջ կը յայտնուինք, սակայն կեդրոնացնելով ուժերը` կը շարունակենք դասաժամը»,-ըսաւ Լիլիթ Յակոբեան:
Աւելցնենք, որ «Գիտելիք» դպրոցի բոլոր մասնաճիւղերուն մէջ կը յաճախեն 70 աշակերտ: Սեպտեմբեր ամսուն դպրոցը մշակութային փառատօնի մասնակցելու հրաւէր ստացած է, ուր Գերմանիոյ տարբեր քաղաքներու մէջ ապրող ազգերը պիտի ներկայացնեն իրենց երկրի մշակոյթը: Արդէն որոշուած է, որ երեք դպրոցներու աշակերտները պէտք է համերգային ծրագիրով` երգ ու պարով օտարներուն հաղորդակից դարձնեն մեր ազգային-մշակութային արժէքներուն:
Գէորգ Չիչեան