24-25 Оգոստոսին, պաշտօնական այցով Հայաստան պիտի ժամանէ Գերմանիոյ Դաշնային Հանրապետութեան վարչապետ Անկելա Մերքելը: Այցի ծիրէն ներս տեղի պիտի ունենան հայ-գերմանական բարձր մակարդակի բանակցութիւններ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ ԳԴՀ վարչապետ Անկելա Մերքելի գլխաւորութեամբ: Այս մասին «Հայերն այսօր»-ին կը տեղեկացնեն ՀՀ կառավարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն:
Հայաստանի եւ Գերմանիոյ վարչապետները բանակցութիւններու արդիւնքները կ’ամփոփեն համատեղ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին: Այցելութեան ծիրէն ներս վարչապետ Անկելա Մերքելը հանդիպում կ’ունենայ նաեւ ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեանի հետ:
Գերմանիոյ վարչապետը կ՛այցելէ Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր` յարգանքի տուրք մատուցելու Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին: