ՅԱԿՈԲ ԼԱՏՈՅԵԱՆ
«Քորոնա» ժահրի ստեղծած համաճարակային վիճակէն ի վեր լիբանանահայ թատերական կեանքը ցնցումներ ապրեցաւ, բաւական կորուստներ ունեցաւ:
Վերջինը եղաւ անցնող շաբաթավերջին, երբ հողին յանձնեցին «Փորձառական թատրոն»-ի, «Գասպար Իփէկեան»-ի եւ «Թէաթրոն» թատերախումբերու վաստակաւոր դերասան Գէորգ Նալպանտեանը:
Զոհրապ Եագուպեանի, Վիգէն Ստեփանեանի, Դաւիթ Յակոբեանի, Ռոպերթ Առաքելեանի, Յակոբ Տէր Ղուկասեանի եւ Սուրէն Խտըշեանի բեմադրութիւններուն մասնակցած Գէորգ Նալպանտեանի բեմական ներկայութիւնը իւրայատուկ էր ու տպաւորիչ:
Երիտասարդ տարիքէն նուիրուած էր թատրոնին: Զոհրապ Եագուպեանի հետ «Փորձառական թատրոն»-ին մէջ` Արա Արծրունիի «Վահագն» թատերախաղէն սկսեալ, երկար տարիներ հաւատարիմ մնաց այդ խումբին եւ գործեց անոր հետ, աւելի ուշ` Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբին մէջ եւս եղաւ տիրական ներկայութիւն: Ուր ալ գտնուեցաւ, իր լուռ, ազնիւ, ընկերային եւ պարտաճանաչ մօտեցումով բոլորին կողմէ փնտռուած, սիրուած եւ յարգուած դերասանը եղաւ:
Անկախ թատերական կեանքէն, Գէորգ Նալպանտեան մեր ազգային, կրօնական, հայրենակցական միութիւններու աշխատանքներուն ալ աշխուժ մասնակից էր: Դպրոցի խնամակալ թէ եկեղեցւոյ թաղականութեան անդամ, Ուրֆայի հայրենակցական միութիւն թէ Արագածի ակումբի վարչութեան մէջ միշտ ալ կենսունակ, ուրախ, բոլորին հասնող եւ բոլորին հետ ուրախացող բազմատաղանդ թամատան էր խրախճանքներու:
Թատերական եւ միութենական աշխատանքէն անդին Գէորգ նաեւ լաւ հայր էր: Ընտանիքին ու իր մեծ ընտանիքին հարազատներուն եւ շրջապատին հետ միշտ կապ կը պահէր: Հայեցի դաստիարակութիւնը անոր համար սրբութիւն էր: Հայ ընտանիք պահելն ու պահպանելը բերդի ուժ ունէին անոր համոզումով:
Կանխահաս եւ անսպասելի հիւանդութիւնը մեզմէ առյաւէտ հեռացուց Գէորգ Նալպանտեանը: Սակայն անոր յիշատակը միշտ վառ պիտի մնայ լիբանանահայ թատերական կեանքին մէջ, անոր անունը միշտ պիտի հնչէ` իբրեւ ներդրում ունեցած դերասան:
Վարձքը կատա՛ր զինք շրջապատած եւ լաւապէս պահած մեծ ընտանիքին:
Վարձքդ կատա՛ր Գէորգ, հողը թեթեւ գայ: