Հինգշաբթի, 4 ապրիլ 2013-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, ՀԲԸՄ «Տեմիրճեան» կեդրոնի 5-րդ յարկի սրահին մէջ հաւաքուած հայորդիներ, եկած էին իրենց յարգանքի տուրքը մատուցելու լիբանանահայ բանաստեղծ, գրականագէտ ու պատմաբան Լեւոն Վարդանի յիշատակին: Առիթը, անոր «Հարկերը Օսմանեան եւ Պարսկական կայսրութիւններուն մէջ – ԺԵ.-Ի. դար», Բ. հատոր, (Լ-Ֆ) գիրքն էր, որ լոյս տեսած էր 2012-ին, Պէյրութ:
Հանդիսութեան առաջին խօսքը առաւ վարչութեան ատենապետ դոկտ. Արմէն Իւրնեշլեան, որ նշեց, թէ սոյն գրքին ու զայն կանխող առաջին հատորին մէջ (Երեւան, 2004) մէկտեղուած են մօտաւորապէս 700-750 անուն հարկեր, որոնց տուեալներն ու բացատրութիւնները 30 տարիներու ընթացքին պատմաբանը քաղած է հարիւրաւոր հայերէն, օսմաներէն, պարսկերէն, արաբերէն, թրքերէն, անգլերէն եւ ֆրանսերէն սկզբնաղբիւրներէ, որոնց հիմամբ ալ «Պատմաբանի պարկեշտութիւնն ու մտաւորականի խղճմտանքը ունենալով ի ձեռին իբրեւ լապտեր, Լեւոն Վարդան մի առ մի ուսումնասիրած, բաղդատած, ստուգած, ճշդած եւ արձանագրած է հարիւրաւոր տեղեկութիւններ, վկայութիւններ, տուեալներ»:
Ըստ Իւրնեշլեանի, սոյն բառարանին վրայ թափուած մանրակրկիտ աշխատանքը կը խօսի նաեւ Լեւոն Վարդանի լեզուաբանական բծախնդրութեան ու հմտութեան մասին, երբ ան, ամենայն ճշգրտութեամբ, երբեմն` ի գին կրկնութեանց, կը թուարկէ ու կը վերլուծէ իւրաքանչիւր հարկի ամենատարբեր անուանումները: Ըստ բանախօսին, այս զոյգ հատորներուն «պատմագիտական աներկբայ արժէքին ու դերին կրնան անդրադառնալ միայն օսմանեան կամ պարսկական պատմութեան մասնագէտները կամ այդ շրջանի քաղաքական-տնտեսական զարգացումներով ու յարաբերութիւններով զբաղող գիտնականները»:
Ըստ դոկտ. Իւրնեշլեանի, հայոց վրայ գործադրուած Ցեղասպանութիւնը ուսումնասիրողները չեն կրնար զանց առնել անոր նախապատմութիւնը, որուն արմատները խորունկ թաղուած են թրքութեան պատմութեան եւ ինքնութեան մէջ: Ի հետեւումն այդ եզրակացութեան, ան դիպուկ ու խօսուն օրինակներով ներկայացուց նմուշներ զանազան տուրքերէ, հարկային այդ դաժան քաղաքականութեան մէջ տեսնելով հայուն ու հայկականին հանդէպ թրքութեան դարաւոր նախանձն ու ատելութիւնը:
Լեւոն Վարդանի այս հատորին եւ պատմագիտական այլ ուսումնասիրութիւններուն հիմամբ, բանախօսը Լեւոն Վարդանը բնորոշեց իբրեւ այն առաջամարտիկներէն մին, որոնք հունաւորած են հայոց ցեղասպանագիտութիւնը:
Երկրորդ խօսք առնողն էր Կարօ Աբրահամեան, որ նաեւ հատորին խմբագիրն ու հրատարակութեան պատրաստողն է:
Աբրահամեան Լեւոն Վարդանի պատմագիտական աշխատանքը դիտեց հայոց վրայ գործադրուած Ցեղասպանութեան 50-ամեակին ենթահողին վրայ` զայն նկատելով մէկը այն բազմաթիւ ջանքերէն, որոնք կատարուեցան անհատներու կողմէ: Այդ ծիրին մէջ, բանախօսը Լեւոն Վարդանը նկատեց այն առաջին պատմաբաններէն մին, որոնք ձեռնամուխ եղան օսմանեան եւ թրքական սկզբնաղբիւրներու ուսումնասիրութեան` կիզակէտ ունենալով «հայոց պատմութեան «ուշ աւատապետական» պատմաշրջանի տնտեսագիտական առանցքը. եւ գուցէ ան առաջիններէն էր,- նշեց Աբրահամեան,- որ կ՛ուսումնասիրէր հայ-օսմանցի, հայ-թուրք, հայ-պարսիկ, եւ հայ-հայ տնտեսական յարաբերութիւնները»:
Բանախօսը ներկայացուց նման երկասիրութեան մը իրականացման անհրաժեշտ այն հսկայ աշխատանքը, որ կատարած է Լեւոն Վարդան` ամենատարբեր գրադարաններու մէջ ուսումնասիրելով բազմաթիւ ու բազմալեզու արխիւային նիւթեր, մանաւանդ Օսմանեան կայսրութեան կանոնագրութիւնները: Եւ այս աշխատանքին պատմաբանը լծուած է գիտական մօտեցումին ընդելուզելով մարդկայինը` «բացատրելու համար զինուորական եւ տնտեսական ուժի վրայ հիմնուած քաղաքականութիւնը, ինչպէս նաեւ ցեղային, կրօնական թէ հատուածական անհանդուրժողականութեան եւ նեղմտութեան նուրբ եւ խրթին հաւասարակշռութիւնը»: Ըստ Աբրահամեանի, Լեւոն Վարդան հայ-թուրք, հայ-պարսիկ յարաբերութիւնները դիտած է «իշխողի ու իշխուողի, «հաւատացեալ»-ի ու «անհաւատ»-ի, շահագործողի ու շահագործուողի տնտեսական յարաբերութիւններուն վրայ»:
Հուսկ, ներկայացնելով սոյն հատորին խմբագրութեան եւ հրատարակութեան պատրաստման փուլերը, Աբրահամեան վկայեց, որ Լեւոն Վարդանի պատմագիտական երկերը մեծապէս օգտակար կը հանդիսանան այն գիտնականներուն, որոնք կ՛ուսումնասիրեն «Հայկական տասնհինգ»-ը եւ/կամ հայ-թուրք, հայ-օսմանցի յարաբերութիւնները:
Բանախօսութիւններուն աւարտին, Յասմիկ Սանոսեան-Թեմիզեան մեներգեց «Կիլիկիա»-ն եւ «Գովք Հայաստանի»-ն, որմէ ետք Անի Թորանեան-Գրիգորեան հատորէն ընթերցեց կարգ մը յատկանշական հատուածներ:
Հանդիսութիւնը աւարտեցաւ գինեձօնով եւ հանգուցեալ Լեւոն Վարդանի այրիին` Վեհան Պետիրեանի շնորհակալութեան խօսքով: