26 Յունուարին` ժամը 15:00-ին, ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ Պոլսոյ «Ժամանակ» օրաթերթի հիմնադրման 110 ամեակին առթիւ Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան երեւանեան մասնաճիւղին մէջ տեղի կ’ունենայ յոբելենական շնորհանդէս (Մելիք-Ադամեան 2/2):
Բացման խօսքով հանդէս կու գայ Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան:
Ողջոյնի խօսքով հանդէս կու գայ նաեւ ՀԲԸՄ կեդրոնական վարչութեան Հայաստանի ներկայացչութեան ղեկավար Յովիկ Եորտեկեան:
Շնորհանդէսի ընթացքին պիտի ներկայացուին Վահան Թէքէեանի, Երուխանի, Ռուբէն Զարդարեանի «Ժամանակ-100» մատենաշարով լոյս տեսած գիրքերը:
Այնուհետեւ «4 գիրքերու գրականագիտական արժեւորում» եւ «Դարադարձէն ի վեր նոր ձեռքբերումները» թեմատիկ նիստերուն մէջ զեկուցումներով հանդէս կու գան Սփիւռքի նախարարի տեղակալ Սերժ Սրապիոնեան, ԵՊՀ Հայ բանասիրութեան բաժանմունքի տնօրէն Արծրուն Աւագեան, Հանրային ձայնասփիւռի տնօրէն Մարք Գրիգորեան, հրապարակախօս Տիգրան Պասկեւիչեան, հեռուստատեսային վերլուծաբան Գեղամ Մանուկեան եւ այլք:
Ձեռնարկին աւարտին ելոյթ կ’ունենայ «Ժամանակ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Արա Գոչունեան: