Գանատայէն ժամանած «Արարատ»ի բարեկամ մը իր կնոջ հետ կ’այցելէ խմբագրատուն: Նոր հրատարակութիւն մը կը յանձնէ՝ ստացանքի ակնկալութեամբ ու կը մեկնի: Կը նայիմ գիրքին՝ « Հայ Մշակոյթի Լուսաւոր Ուղիներէն», հեղինակ՝ Յակոբ Ալթունեան: Վայրկեանական կը փոխադրուիմ յիշատակներու գրադարանս, երիտասարդութեան սեմին նոր թեւակոխած այն օրը երբ ծանօթացայ Պրն. Յակոբ Ալթունեանին՝ Լիբանանեան ճարտարարուեստի եւ հիւսուածեղէնի հպարտանք՝ Ապրոյեան գործարանի տնօրէնին:
Զինք ծանօթացայ իբրեւ տնօրէն, բայց հետագային՝ իբրեւ գլխագիր մարդ: Սովորական տնօրէն չէր Պարոն Ալթունեանը: Պիտի չխօսիմ տնօրէնի արժանիքներէն աւելի անոր բարեմասնութիւններուն, աշխատասիրութեան, ճշդապահութեան, հանդուրժողութեան ,շրջահայեցութեան, ազնիւ մարդուն եւ հայուն մասին: Պիտի չխօսիմ ընթերցասէր, պրպտող, գիտելիքներու լայն հորիզոնով հարուստ մարդուն մասին, որ իր զրուցակիցին ինքնասիրութիւնը չվիրաւորելու համար յաճախ ինքզինք անտեղեակ կը ձեւացնէր դիմացինին լսածներէն, երբ էութեամբ ու խորքով քաջատեղեակ կ’ըլլար խնդրոյ առարկայ նիւթին: Պիտի չխօսիմ համեստ ու ազնիւ մարդուն մասին, որ վերակազմակերպեց, բարձրորակ արտադրութեան խորհրդանիշի մը վերածեց քանդումի եւ սնանկութեան եզրին հասած գործարան մը, միաժամանակ փրկութեան լաստ ծառայելով հարիւրաւոր ընտանիքներու: Պիտի չխօսիմ այն համեստ մարդուն մասին, որ ձեռքը բացած կ’օգնէր բոլորին, պաշտօնեային, գործաւորին, կարիքաւորին, ծանօթին ու անծանօթին: Հասարակական գործիչէ մը փնտռուած բոլոր արժանիքները կը ցուցաբերէր ան՝ իր համեստութեամբ, զրուցակիցը լաւապէս ունկնդրելու, հարցերը բազմակողմանիօրէն քննարկելու, լայն տեսահորիզոնով գործելու, ծրագրաւորելու եւ կազմակերպելու ունակութեամբ: Իր բազմազբաղութեան կողքին, հայ մամուլի ջերմ քաջալերող մըն էր Պարոն Յակոբ Ալթունեանը: Մտաւորականութիւնը, ընթերցողները յարգաքով կը հետեւէին «Արարատ»ի եւ «Խօսնակ»ի մէջ տնտեսական, ընկերային նիւթերով ստորագրած իր վերլուծական յօդուածներուն: Մարդը ճանչած ըլլալով, գիտէի, թէ Յակոբ Ալթունեան «հանգիստ» պիտի չմնար Գանատայի մէջ: Չէի սխալած: Լուրերը կը հասնէին՝ Յակոբ Ալթունեան մշակութային, կրթական, ազգային մտահոգութիւններու մէջ մխրճուած հայը դաստիարակչական դասախօսութիւններ կը կազմակերպէր իր շրջապատին մէջ, վերլուծութիւններով եւ ուսումնասիրութիւններով կը զբաղէր..: Շատ հաւանաբար տեղեկութիւններս համեստ ըլլան…: Յակոբ Ալթունեան պրպտող անհատ մըն էր՝ վկայ «Հայ Մշակոյթի Լուսաւոր Ուղիներէն» հատորին մէջ հայ դիցաբանութեան, հայ գիրի, հայ եւ այլ լեզուներու, Հռաճեայ Աճառեանի, հայ ժողովուրդի զարթօնքին մասին, տասը գլխաւոր գլուխներու մէջ խտացուած ուսումնասիրութիւնները, վերլուծութիւնները:
Գրասեղանիս առջեւ նստած կը մնամ: Աչքիս առջեւէն կը սահին Ապրոյեան հաստատութեան մէջ Յակոբ Ալթունեան մարդուն հետ բոլորած տասը տարիներս: Կարծես անուրջ մը ըլլար: Յուզում եւ միաժամանակ ուրախութիւն, որ այդպիսի օրինակելի անձնաւորութիւն մը, երիտասարդութեանս աեմին ուղեցոյց դարձաւ ինծի: Պիտի չխօսիմ այն բարեխիղճ մարդուն մասին, որ ներողամտութեամբ կը դիտէր եւ անհուն համբերատարութեամբ կը բացատրէր աշխատանքի ընթացքին թոյլ տուած մեր սխալները, առանց վիրաւորելու կամ վարկաբեկելու զրուցակիցը: Այսպիսի օրինակելի եւ տիպար անձնաւորութեան մը ծանօթանալու եւ գործակցելու պատեհութիւնը ունեցայ Ապրոյեան գործարանին մէջ: Այսօր, Ապրոյեան գործարանը փակուելէ տասնհինգ տարիներ ետք, լաւ յիշատակները վերապրելու զուգահեռ, մեր մտքէն անբաժանելի կը մնայ Յակոբ Ալթունեան Մարդը իր բոլոր արժանիքներով:
Կը մատծեմ, արդեօ՞ք Սփիւռքի նախարարութիւնը տեղեակ է Յակոբ Ալթունեանի նման լուռ ծառաներու գոյութեան, երբ անդին մետալներ կը շռայլէ Սփիւռքի մէջ հայապահպանութեան սատառողներուն, հայ եկեղեցւոյ, մշակոյթին, հայապահպանութեան ծառայողներուն:
ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ
www.araraddailynews.com