ՍԻՐՈՒՆ ՍԻՍԵՌԵԱՆ-ՀԱՃԷԹԵԱՆ
Ձեռքիս մէջ է արդէն «Պատմական Հայաստանի աւանդներու հետքերով» գիրքը, ինծի նուիրուած` ազնիւ բարեկամի մը կողմէ: «Ազդակ»-ի մէջ առօրեայ աշխատանքներուս ընթացքին, մանաւանդ` բացառիկներու մէջ, միշտ հանդիպած եմ յարգելի յօդուածագիր Յովսէփ Պարազեանին:
Բայց չէի գիտեր, որ ինծի առիթը պիտի տրուէր անձնապէս ծանօթանալու արժանաւոր այդ անձնաւորութեան` Յունաստանի Համազգայինի Շրջանային վարչութեան ատենապետին:
– Չէ՛, երբեք չէի սխալած, երբ օր մը ամբողջ Աթէնքի մէջ իր ընկերակցութիւնը վայելեցի, ան զիս ծանօթացուց այդ երկրի բոլոր մեծ ու փոքր բարեմասնութիւններուն, բարձունքներուն եւ ձորերուն, ինչպէս նաեւ բոլոր ակադեմական կառոյցներուն` չմոռնալով յիշել յետին մանրամասնութիւնները:
Չկրցայ պահել իմ զարմանքս:
– Ա՛յ տղայ, դուն «Լա Ռո՞ւս» ես, ի՛նչ ես:
Այո՛, Յովսէփ Պարազեան իսկական համայնագիտարան մըն է` մշակուած ուղեղի կարողութիւններով եւ իր անհատնում ծանօթագրութիւններով:
Հիմա, երբ կը կարդամ գիրքը, դէմս կը պարզուին Արեւմտեան Հայաստանի տարբեր շրջաններն ու բնակավայրերը իրենց աշխարհագրական ու պատմական տեղեկութիւններով: Այդ շրջաններուն մէջ ապրած մեր մտաւորականներն ու գրագէտները, պատմաբաններն ու ազնուական ընտրանի մը կը տողանցեն աչքիս առաջ: Յովսէփ Պարազեանի տեսողութենէն չէ վրիպած ոեւէ մէկը, որ կարեւոր դեր ունեցած է մեր պատմութեան մէջ` Խրիմեան Հայրիկէն մինչեւ Ներսէս Շնորհալի:
Գնահատելի աշխատանք մը, որ կարդալով` յանկարծ քեզ իր հետ կը տանի այդ բոլոր շրջաններու եւ անհատնում եկեղեցիներու ըմբոշխնումին:
Օգտաշատ գործ մը եւ խոհուն անձի մը նայուածքն ու թելադրանքը` մեր պահանջատիրութեան նկատմամբ:
«Մենք կը հանդիսադրենք Արեւմտեան Հայաստանի գոյքերու, ինչքի խլուած իրաւունքի հարց. հազարաւոր եկեղեցիներ յափշտակուած, հազարաւոր վանքեր բռնագրաւուած, վաճառուած ու վերավաճառուած են», կ՛ըսէ Պարազեան:
Այսպիսով, Յովսէփ Պարազեան կը հաստատէ հայուն պահանջատիրութեան պայքարը եւ խանդը` ազգային դիմագիծը պահելու եւ իր իրաւունքներու վերատիրացման:
Յովսէփ Պարազեան կը շեշտէ խտրականութեան յստակ քաղաքականութիւնը, ինչպէս նաեւ հասարակական զարգացման իմաստով, թուրք պետութիւնը վատ քաղաքականութիւն կը կիրարկէ Արեւմտեան Հայաստանի հողերուն նկատմամբ եւ մեծաւ մասամբ լքած ու տնտեսապէս անտեսած է տարածաշրջանը:
Այս գրքոյկով Յովսէփ Պարազեան օգտակար ու շահաւէտ ձեռնարկութիւն մը կ՛ընէ նոր սերունդի գիտելիքներու ճանաչման, ծանօթացման ու տարածման: