ՅԱԿՈԲ ՃԱՆՊԱԶԵԱՆ
Շատ անգամ յետաձգուած, բայց երբեք չուշացած այս գրառումս շնորհակալութեան եւ գնահատանքի արտայայտութիւնը թող ըլլայ «Ազդակ»-ի առցանց լսարանի փառաւոր երթին:
Անցնող երկու տարիներուն շարունակ մեր ազգային, քաղաքական, պատմական, մշակութային, եկեղեցական եւ կրթական կեանքի հայելին դարձած «Ազդակ» լսարանի առաքելութեան համեստի բարեբանանքն է, որ պիտի ջանամ կատարել:
Այս առիթով շնորհակալութեան եւ երախտագիտութեան խօսքս նախ կ՛ուզեմ յայտնել «Ազդակ»-ի առցանց լսարանի հիմնադիրին` թերթի գլխաւոր խմբագիր եւ տնօրէն Շահան Գանտահարեանին, որ այս եզակի նախաձեռնութեան յղացողն ու մղիչ ուժը հանդիսացաւ: Շնորհակալութիւն` «Ազդակ»-ի ելեկտրոնային բաժնի աշխատակից, լսարանները համադրող Մինաս
ՀանսՔէհեանին, շնորհակալութիւն նաեւ` իրեն հետ գործող ելեկտրոնային առցանցը համակարգող անձանց, որոնք անցնող 2 տարիներուն համագործակցութեամբ ծրագրեցին, համադրեցին ու յաջողութեամբ եւ հետեւողականութեամբ գլխաւորեցին «Ազդակ»-ի լսարանի հաղորդաշարը` ի մի բերելով ու կամրջելով աշխարհով մէկ կայք հաստատած ու այս նախաձեռնութեան մասնակից ու ջահակիր հայորդիներս: Կը հաւատամ` հաւաքական ու ամբողջական նուիրումի արդիւնքն է, որ կարելի եղաւ այս լուրջ նախաձեռնութիւնը ցայսօր յաջողութեամբ պսակել:
Արդ, խոնարհումս «Ազդակ»-ի լսարանի հեռու եւ մօտիկ` Հայաստանի եւ սփիւռքի 43 երախտարժան մտաւորականներուն, ակադեմականներուն, բանախօսներուն, դասախօսներուն, կրթական մշակներուն, աշխարհաքաղաքական ու պատմագիտութեան փրոֆեսէօրներուն, առողջապահութեան յառաջապահներուն, հոգեւոր առաջնորդներուն, որոնք իրենց ելոյթներով, բարձրորակ ու բարձրագոյն գիտելիքներով հարստացուցին մասնակիցներուս մտային ներաշխարհն ու գանձարանը, որուն համար պիտի մնանք միշտ շնորհակալ եւ երախտապարտ:
Պատեհ այս առիթով շնորհակալութեան խօսքս կ՛ուզեմ յայտնել նաեւ հայ մամուլին եւ ի մասնաւորի «Ազդակ» օրաթերթին ու համացանցի վրայ զետեղուած յարատեւ վերելք արձանագրող կայքէջին, անոր յաջողութեան օժանդակող անցեալ եւ ներկայ խմբագիրներուն, յօդուածագիրներուն, թղթակիցներուն, բացառիկ ճաշակով էջադրող արուեստագէտներուն, վարչական պատասխանատուներուն, ինչպէս նաեւ` բոլոր անոնց, որոնք նիւթապէս եւ բարոյապէս օգտակար եւ նեցուկ հանդիսացան անոր տարիներու գոյատեւումին ու աստիճանաւոր վերելքին: Այո, սիրելի՛ ընթերցող, հաւաքական ամբողջանուէր նուիրումի արդիւնք է, որ կարելի եղաւ անցնող 95 տարիներուն այս լուրջ նախաձեռնութիւնը` «Ազդակ» օրաթերթը, յաջողութեամբ պահպանելու իր ամբողջանուէր լրատուական ծառայութիւնն ու հմայքը:
Մենք ոգի ի բռին կը հաւատանք, որ հայ ժողովուրդի ազգային, իմացական, քաղաքական, հոգեւոր եւ ընկերային պէտքերը հոգալու գործընթացին մէջ մեծ դերակատարութիւն ունին դպրոցը, եկեղեցին, միութիւնները եւ կազմակերպութիւնները: Բայց այս բոլորին չափ եւ երբեմն ա՛լ աւելի կարեւոր կը նկատենք մամուլը, լրագիրը, հեռատեսիլի, ձայնասփիւռի լրատուական միջոցները եւ վերջապէս` լրատուական արդի ցանցերը:
Սիրելի՛ ընթերցող, սփիւռքեան դժուարին պայմաններուն մէջ հայատառ լրագիր պահելը հրաշքի համազօր երեւոյթ մըն է: Տակաւ առ տակաւ կը պակսին հայերէնով գրող խմբագիրներն ու յօդուածագիրները, տպագիր մամուլի ընթերցողները: Պէտք է թեւ ու թիկունք կանգնինք մեր նորահաս սերունդին եւ քաջալերենք զանոնք, որ հետաքրքրուին մեսրոպածին հայոց աննման լեզուով, հայ գրականութեամբ ու մամուլով եւ ջանան դառնալ այս ասպարէզին ապագայի դրօշակիրներն ու արթուն պահակները:
Այս գիտակցութեամբ է, որ նաեւ կը նայինք «Ազդակ» օրաթերթի ապագայ հորիզոնին, որ պիտի առաջնորդէ մեզ դէպի նոր, այժմէական եւ արդիական լրատուական ցանցերու ձեռնարկումին եւ ելեկտրոնային արդի միջոցներու բծախնդիր գործածութեան:
Բարի երթ ու վերելք հայ մամուլին ընդհանրապէս եւ «Ազդակ» օրաթերթին` մասնաւորապէս:
Թորոնթօ