ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի Գլխաւոր դատախազութիւնը մերժեց երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի խափանման միջոցը փոխելու վերաբերեալ Ազգային ժողովի պատգամաւորներու միջնորդութիւնը: Այս մասին կը յայտնեն Գլխաւոր դատախազութեան հանրային կապերու բաժինէն:
«Նախաքննութեան ներկայ փուլին կը պահպանուին Ռոպերթ Քոչարեանի նկատմամբ ընտրուած խափանման միջոց կալանաւորման հիմքերը եւ անազատութեան հետ կապ չունեցող այլ խափանման միջոցի ընտրութիւնը տակաւին ի զօրու չէ երաշխաւորելու մեղադրեալի պատշաճ վարքագիծով պայմանաւորուած քննութեան անխափան ընթացքը», յայտնեց Գլխաւոր դատախազութեան հանրային կապերու բաժինի պետ Արեւիկ Խաչատրեան:
Դատախազութիւնը ներկայացուց նաեւ անձնական երաշխաւորագիր ներկայացուցած պատգամաւորներուն հետեւեալ ցանկը.
Արա Բաբլոյեան, Արփինէ Յովհաննիսեան, Էդուարդ Շարմազանով, Վ. Յարութիւնեան, Միհրան Յակոբեան, Կարինէ Աճէմեան, Ճեմմա Պաղտասարեան, Կնեազ Հասանով, Արսէն Միխայլով, Արմէն Աշոտեան, Անդրանիկ Յարութիւնեան, Արամ Յարութիւնեան, Յարութիւն Կարապօղոսեան, Աշոտ Արսէնեան, Յակոբ Յակոբեան, Կարէն Աւագեան, Արայիկ Յովհաննիսեան, Վահրամ Պաղտասարեան, Ռոպերթ Սարգսեան, Շուշան Սարդարեան, Հերմինէ Նաղդալեան, Մարգարիտ Եսայեան, Արտաշէս Գեղամեան, Նայիրի Սահակեան, Գագիկ Մելիքեան, Ռուստամ Մախմուդեան, Արայիկ Գրիգորեան, Սամուէլ Նիկոյեան, Շուշան Պետրոսեան, Հայկ Բաբուխանեան, Գալուստ Սահակեան, Սամուէլ Ֆարմանեան, Խոսրով Յարութիւնեան, Միհրան Պօղոսեան, Իշխան Զաքարեան, Կարէն Բեքարեան, Ռուզաննա Մուրատեան, Արթուր Գէորգեան, Կորիւն Նահապետեան, Տաճատ Վարդապետեան, Կարէն Կարապետեան, Աւետ Սարգսեան, Արմենուհի Կիւրեղեան, Ռոմիկ Մանուկեան, Ռուզաննա Առաքելեան: