ՀԲԸՄ-ի Տեմիրճեան կեդրոնի տնօրէնութիւնը Շաբաթ, 22 Մայիս 2021-ի յետմիջօրէին, ընդունելութիւն մը կազմակերպեց ի պատիւ ՀԲԸՄ-ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիասի թեքուանտոյի սեւ գօտիներու քննութիւններուն փայլուն արդիւնքներ արձանագրած մարզիկներուն, ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի Անդրանիկ ֆութպոլի մարզադաշտին մէջ:
Շնորհիւ իրենց հետեւողական եւ անխոնջ աշխատանքին, սոյն մրցաշարքին մասնակցեցան 29 մարզիկներ: 13 մարզիկներ ստացան «1st Poom Dan», եօթը՝ « 2nd Poom Dan», ութը՝ «3rd Poom Dan», մէկ՝ «4th Poom Dan»:
Հաւաքին ներկայ գտնուեցան մարզիկներուն ծնողները եւ ՀԲԸՄ-ՀԵԸ Անդրանիկ թեքուանտոյի խումբի սեւ գօտի կրող մարզիկները, ղեկավարութեամբ՝ «Grand Master» Պասըմ Աատի եւ գլխաւորութեամբ «Grand Master» Գոզէթ Պասպուսի, օգնականներ՝ «Master» Փաւել Հատտատի, «Master» Նարեկ Պուլտուքեանի, «Master» Թոնի Աուպի, «Master» Էիլիաս Սալիպայի:
Շնորհաւորանքներէն ետք հատուեցաւ օրուան կարկանդակը: