Հարիւր տարիներ առաջ, քրիստոնէական տեսլականով եւ հաւատքով տոգորուած հայորդիներ, իրենց օգնութեան ձեռքը երկարեցին hայ ժողովուրդի կոտորակուած բեկորներուն` Ամերիկայի մէջ հիմնադրելով ԱՀԱ ընկերակցութիւնը: Դար մը ամբողջ Աւետարանչականը սատարեց մեր ժողովուրդի բարօրութեան, յատկապէս կառուցելով եկեղեցի եւ դպրոց: Նախ` երկիր կորսնցուցած հայուն գոյութեան, կրթութեան եւ զարգացման նպաստեց, աւելի ուշ` հայրենաբնակ կարիքաւորին:
Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան կազմակերպութեամբ, կիրակի, 3 յունիս 2018-ին, երեկոյեան ժամը 5:00-ին, Պէյրութի Հայ Աւետարանական առաջին եկեղեցիին մէջ տեղի ունեցաւ Գոհաբանութեան պաշտամունք` Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան 100-ամեակին առիթով:
Փառաբանութեան աղօթքով հանդէս եկաւ վեր. Հրայր Չոլագեան: Ապա ժողովուրդը հրաւիրեց, որ «Փառք եւ պատիւ» փառաբանութեան հոգեւոր երգեն: Հայ աւետարանական Շամլեան-Թաթիկեան երկրորդական վարժարանի աշակերտներ Րաֆֆի Մինասեան եւ Լիլիթ Յովհաննէսեան ընթերցեցին Սաղմոս 96-ը փոխասացութեամբ: Այնուհետեւ Հայ աւետարանական վարժարաններու միացեալ աշակերտական երգչախումբը ներկայացուց «Թուէ՛օրհնութիւններդ», «Alleluia, Hallelujah» եւ Զաքար Քէշիշեանի յօրինած «Ապրիլ, կրկին ապրիլ» երգերը` խմբավարութեամբ Նեկտար Փալազեանի եւ դաշնամուրի նուագակցութեամբ Մարիա Բարսեղեանի:
Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան կողմէ ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Կեդրոնական մարմինի ատենապետ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան: Ան արժեւորեց աւետարանչականին բարերար ներկայութիւնը, որ զգալի եղած է բոլորին կողմէ. յատկապէս մեր եկեղեցիները, դպրոցները եւ ժողովուրդը յաճախ ճաշակած են անոր հոգատարութիւնը, առանց բարձրաձայն յայտարարութեան:
Ան դիտել տուաւ, որ Աւետարանչականը 100 տարիէ ի վեր ծառայած է հայերուն եւ երբեմն ոչ հայերուն բազմաթիւ երկիրներու մէջ, բայց մանաւանդ Միջին Արեւելքի մէջ: Ուժ, ժամանակ եւ միջոցներ թափած են անոնք,«որպէսզի մեր հաւատացեալ համայնքները աշխարհի բոլոր անկիւններուն մէջ բարգաւաճին հոգեպէս, ֆիզիքապէս եւ մտաւորապէս: Աւետարանչականը ժամանակի ընթացքին սորված է, թէ ո՛չ միայն պէտք չէ յանձնուիլ ցաւին, այլ նաեւ պէտք է առիթներ ստեղծել դուրս գալու նեղութենէն` հիմնուելով Քրիստոսի բարի լուրին վրայ»:
Ապա Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան խօսքը արտասանեց գործադիր տնօրէն Զաւէն Խանճեան: Ան ըսաւ, որ` «իբրեւ հաւատացեալ չեմ կրնար ինքզինքս սահմանափակել եւ ապաստան մը գտնել փրկութեան խոստումին մէջ` առանց հետապնդելու Քրիստոսի զոհաբերութիւնը, սէրը, հանդուրժողութիւնը եւ կարեկցութիւնը: Քաջութիւնը բաժին մըն է մեր առաքելութեան մէջ: Կը խոնարհիմ յիշատակին առջեւ հերոսներու եւ հերոսուհիներու յիշատակին, որոնք պայքարեցան եւ նահատակուեցան Հայաստանի Ա. հանրապետութեան շրջանին` 1918-ին: Նոյնպէս կը յարգեմ մեր երիտասարդներու առանց ուժի պայքարը Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակին վրայ, աւելի ուրախ եւ արդար հայրենիք մը ունենալու նպատակով: Կ՛ողջունեմ նաեւ այն պայքարները, որոնք կը միտին պահպանել կրթութեան լուսաւորութիւնը Միջին Արեւելքի մէջ եւ աշխարհի ամբողջ տարածքին մարդկային իրաւունքներու պահպանումը»: Խօսքի աւարտին ան ըսաւ, որ «մինչ մենք կը տօնենք Աւետարանչականի 100-ամեակը եւ կը փառաբանենք Աստուծոյ հաւատարմութիւնը,կը պահպանենք մեր լուծը եւ իմաստութեամբ կը զարգացնենք, այն ինչ որ ժառանգած ենք բոլոր կողմերով»:
Այնուհետեւ «Արմիս» երգչախումբը, խմբավարութեամբ վեր. Նշան Պագալեանի եւ դաշնամուրի նուագակցութեամբ Մաթիլտ-Սանտրա Չոլագեանի, ներկայացուց վեր. Ներսէս Պալապանեանի «Երկինքը մեր աստղազարդ» երգը, ուր մեներգեց Կասիա Տանաօղլեանը, իսկ Լոռի Պիլալեանը սրինգով ընկերակցեցաւ:
Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան խօսքը արտասանեց նախագահ տոքթ. Նազարէթ Տարագճեան: Ան ըսաւ, որ հիմնադիրները «տասնեակ հազարաւոր մղոն հեռու կը գտնուէին հայրենի հողերէն եւ Միջին Արեւելքի գաղթօճախներէն», սակայն «անոնց հայեացքը ուղղուած էր դէպի Արեւելք: Անոնց նպատակն էր նորոգել եւ վերաշինել մեր փլատակ եկեղեցիներն ու դպրոցները եւ ամուր պահել մեր դարաւոր քրիստոնէական հաւատքը: 1918-ին… այն ընտանիքները, որոնք հրաշքով իրենց կեանքը պահած էին, ցիրուցան եղած էին աշխարհի տարածքին` հացի եւ ջուրի կարօտ… (եւ) հարց տուին «Ո՞ւր է մեր Տէրը , ո՞ւր են(անոր) խոտաւէտ արօտները»: Ազգ մը ամբողջ իր կեանքը մահուան շուքին ձորին մէջ դրաւ… շատ դժուար էր այդ պայմաններուն մէջ Աստուծոյ ներկայութիւնը զգալ: Բայց հասաւ Աստուծոյ օգնութիւնը»: Տոքթ. Տարագճեան աւելցուց, որ` «հազարաւոր մանուկներ փրկուեցան շնորհիւ մարդասէրներու, արեւմուտքէն եկած միսիոնարներուն. առիթ տրուեցաւ,որ ցիրուցան եղած հայ ժողովուրդը անգամ մը եւս ոտքի կանգնի. գաղթականները շինեցին տուն, դպրոց, եկեղեցի եւ պահեցին Միջին Արեւելքը»:
Ան նշեց, որ` «Քրիստոնեայ եկեղեցիին պատասխանատուութիւնները չորս պատերուն մէջ չեն գտնուիր եւ ոչ ալ անոր թաղային սահմաններուն մէջ. առողջ եւ կայտառ եկեղեցւոյ մը առաւելութիւնը դուրս կու գայ եկեղեցւոյ շրջագիծէն եւ քաղաքի սահմաններէն, կ՛անցնի օգնութիւն հասցնելու պատերազմէն փախուստ տուած ընտանիքի մը, վերաշինելու այրած եւ փլած եկեղեցի մը, դաստիարակելու ազգի զաւակները եւ անոնց սրտին մէջ դրոշմելու Քրիստոսի սէրը»:
Աստուածաշունչէն Մատթէոսի 25.31-40 ընթերցեց Աւստրալիոյ Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան նախագահ վեր. դոկտ. Գրիգոր Եումուշագեան: Ապա «Արմիս» երգչախումբը ներկայացուց Հենտըլի «Great Lord God, ThyKingdom Shall Endure» երգը, որ մեծապէս գնահատուեցաւ ներկաներուն կողմէ:
Օրուան պատգամը փոխանցեց ՄԱՀԱԵՄի նախագահ վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեան: Ան անդրադառնալով Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան հիմնադրութեան օրերուն եւ պայմաններուն, նշեց. «Մեր ազգը կարիքը ունէր օգնողի. այդ վիճակի մէջ օգնութիւն եւ հոգածութիւն հասաւ մեր ազգի մնացորդներուն օտարներէն, որոնց միշտ երախտապարտ պիտի մնանք որպէս ազգ: Սակայն օգնութեան եւ հոգածութեան որակը իրապէս բարձրացաւ մեր ազգին մէջ շնորհիւ իր կառոյցներուն. այդ կառոյցներէն մէկն է Հայ աւետարանչական ընկերակցութիւնը, որ հիմնուեցաւ յունիս 1918-ին Ամերիկայի արեւելեան նահանգներու Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան համաժողովին մէջ առնուած որոշումով:
«100 տարիներու վրայ տարածուող աւետարանչութեան քրիստոնէական եղբայրական ծառայութիւնը Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան կեանքին առաջին 100 տարիներու պատմութիւնը մեզի համար կը ներկայացնէ Աստուծոյ գործը մեր մէջ:
«Ասիկա Աստուծոյ գործին մեզի տեսանելի մասն է միայն: Աստուծոյ իրական գործը, Աւետարանին գործը անտեսանելի է, անչափելի է, անգնահատելի է: Աւետարանին խօսքը նեղութեան մէջ եղող կարիքաւորին մասին է: Սակայն տեսանելի ըլլալէն շատ անդին կ’երթայ, ինչ որ ծածկուած կը մնայ մանաւանդ բարիք գործողին աչքին: Իրապէս բարիք գործողը չի գիտակցիր իր գործած բարիքին տարողութեան»:
Խօսքի աւարտին ան ըսաւ. «Ո՞վ կրնայ գիտնալ եւ արձանագրել, թէ մեր ըրած մէկ բարիքը ի՞նչ ազդեցութիւն պիտի ունենայ զայն ստացողին ամբողջ կեանքին ընթացքին եւ այդ կեանքէն ալ անդին անոր ընտանիքին եւ յաջորդ սերունդներու կեանքին մէջ: Բարի գործին իսկական գնահատական տալ մարդկօրէն պիտի չկրնանք: Բարիին իսկական արժէքը Ամենաբարին միայն կրնայ ճանչնալ»:
Աւարտին ժողովուրդին կողմէ երգուեցաւ «Աստուած իմ, երբ հոգիս նայի» նուիրման երգը, ապա գոհաբանութեան աղօթքով հանդէս եկաւ Սուրիոյ Հայ աւետարանական համայնքապետ վեր. Յարութիւն Սելիմեան, ուժ եւ կարողութիւն խնդրելով Աւետարանչականի Աստուածահաճոյ գործին շարունակութեան համար` թէ՛ հայրենիքին եւ թէ՛ ալ Սփիւռքին մէջ: Այնուհետեւ «Արմիս» երգչախումբը ներկայացուց Կոմիտասի «Քրիստոս ի մէջ» շարականը եւ Արմիսի «Աղօթք Տէրունական»-ը:
Վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեանի օրհնութեան աղօթքով վերջ գտաւ գոհաբանութեան այս յատկանշական պաշտամունքը: