«Գոյ» թատրոնին մէջ փետրուար 21-ին տեղի կ’ունենայ «Շնորհաւոր ծնունդդ, Ընկեր» խորագիրը կրող յուշ-երեկոն` նուիրուած Արմէն Մազմանեանի 54-ամեակին: Ինչպէս «Արմէնփրէս»-ին կը տեղեկացնեն ԵԹԿՊԻ մամլոյ ծառայութենէն, երեկոյին ընթացքին ելոյթ կ’ունենան «Հովեր» պետական կամերային երգչախումբը, Քրիստ Մանարեանը, Արամոն, ինչպէս նաեւ «Գոյ» թատրոնի դերասանական կազմը, Մազմանեանի ղեկավարած դասարանի ուսանողները: Կը ցուցադրուի Մազմանեանի գործունէութեան մասին պատմող մինչ այս ցուցադրուած եւ չցուցադրուած պատմութիւններ ընդգրկող տեսանիւթը:
Բեմադրիչ, դերասան Արմէն Մազմանեան մահացած է յունուար 8-ին, երկրատեւ ծանր հիւանդութենէ ետք: