ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Տաթեւ-Աղուանի հանրապետական նշանակութիւն ունեցող մայրուղիի նորոգութիւնը ընթացքի մէջ է եւ պիտի աւարտի 2021-ի վերջաւորութեա: «Ֆէյսպուք»ի իր էջին վրայ այս մասին գրած է Հայաստանի տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարար Գնել Սանոսեան: «Երէկ ուշ երեկոյեան հետեւել եմ Տաթեւ-Աղուանի ճանապարհահատուածի շինաշխատանքներին եւ համոզուել, որ արւում է առաւելագոյնը աշխատանքները սահմանուած ժամկէտին աւարտին հասցնելու համար: Տաթեւ-աղուանի ճանապարհի 43 կմ. հատուածի հիմնանորոգման համար բիւջէից յատկացուել է շուրջ 5,25 մլրդ. դրամ», գրած է ան։
Ըստ նախարարին՝ 2021-ին շինարարական աշխատանքներ կատարուած են ընդհանուր երկարութեամբ 43 քիլոմեթր հատուածին մէջ: 12,5 քիլոմեթրի նորոգութիւնը սկսած էր 2020ին եւ այդ աշխատանքները արդէն աւարտած են:
Ըստ նախարարին՝ 17,5 քիլոմեթրին նորոգութիւնը մեկնարկած էր 2021-ի ամրան եւ այդ հատուածի աշխատանքներուն աւարտը սահմանուած է այս տարուան վերջը: Իսկ 13 քիլոմեթր ճամբու նորոգութիւնը, որ սկսած էր այս տարուան ամրան, արդէն աւարտելու փուլի մէջ է: