ԵՐԵՒԱՆ.- Կառավարութիւնը հաւանութիւն տուաւ «Կառավարութեան կառուցուածքի եւ գործունէութեան մասին» Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնքին մէջ փոփոխութիւններ եւ լրացումներ կատարելու մասին նախագծին եւ յարակից շարք մը օրէնքներու մէջ փոփոխութիւններ ու լրացումներու մասին օրէնքներու նախագիծերու ծրարին:
«Արմէնփրէս»ը կը տեղեկացնէ, թէ արդարադատութեան նախարար Արտակ Զէյնալեան նշեց, որ կը նախատեսուի կառավարութեան հետեւեալ կազմը եւ կառուցուածքը.
Կառավարութիւնը կազմուած է վարչապետէ, երկու փոխվարչապետներէ եւ նախարարներէ:
Կառավարութեան կառուցուածքին մէջ կ՛ընդգրկուին հետեւեալ նախարարութիւնները.
- Աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարարութիւն
- Առողջապահութեան նախարարութիւն
- Արդարադատութեան նախարարութիւն
- Արտակարգ իրավիճակներու նախարարութիւն
- Արտաքին գործոց նախարարութիւն
- Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզութեան նախարարութիւն
- Շրջակայ միջավայրի նախարարութիւն
- Պաշտպանութեան նախարարութիւն
- Տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարարութիւն
- Բարձր արհեստագիտութիւններու արդիւնաբերութեան նախարարութիւն
- Տնտեսութեան նախարարութիւն
- Ելեւմուտքի նախարարութիւն:
Կ՛ակնկալուի, որ կառավարութիւնը գործառնութեան իմաստով ունենայ առաւել արդիւնաւէտ կառուցուածք:
Կը կրճատուի առաջին փոխվարչապետի պաշտօնը, եւ 3 փոխվարչապետներու փոխարէն պիտի ըլլան 2 փոխվարչապետներ:
17 նախարարութիւններու փոխարէն պիտի ըլլան 12 նախարարութիւններ:
«Մշակոյթի նախարարութիւնը, մարմնամարզութեան եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարարութիւնը, կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութիւնը պիտի միաձուլուին՝ կազմելով կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզութեան նախարարութիւնը:
Ուժանիւթի ենթակառուցուածքներու եւ բնական պաշարներու նախարարութիւնը ու տարածքային կառավարման եւ զարգացման նախարարութիւնը պիտի միաձուլուին՝ կազմելով տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարարութիւնը: Վերջինիս պիտի փոխանցուին նաեւ փոխադրամիջոցներու, կապի եւ տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու նախարարութեան՝ փոխադրամիջոդներու ոլորտին վերաբերող բոլոր լիազօրութիւնները եւ գործառոյթները: Նշուած նախարարութեան ենթակայութեան պիտի յանձնուի նաեւ Պետական գոյքի կառավարման կոմիտէն:
Գիւղատնտեսութեան նախարարութիւնը եւ տնտեսական զարգացման ու ներդրումներու նախարարութիւնը պիտի միաձուլուին՝ կազմելով տնտեսութեան նախարարութիւն», ըսաւ Զէյնալեան:
Ըստ վերջինիս՝ սփիւռքի նախարարութիւնը պիտի միաւորուի վարչապետի աշխատակազմին հետ, ուր պիտի կազմուի Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակը: Նոյն ժամանակ վարչապետի աշխատակազմին մէջ պիտի ստեղծուի Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարի հայեցողական պաշտօնը, որ պիտի իրականացնէ վարչապետին՝ Սփիւռքին վերաբերող քաղաքականութեան ապահովման եւ Սփիւռքի հետ տարուող աշխատանքներու միասնականութեան ապահովման լիազօրութիւններու իրականացման աշխատանքներու կազմակերպումը:
Նախագիծի ընդունման պարագային, պիտի ընդգծուի այն, որ վարչապետին թոյլտուութեամբ՝ կառավարութեան նիստը ամբողջութեամբ կրնայ ընթանալ դռնբաց, իսկ կառավարութեան եւ վարչապետին որոշումներու յաւելուածները ստորագրելու իրաւազօրութեամբ՝ պիտի օժտուի վարչապետի աշխատակազմին ղեկավարը, ինչ որ, իր հերթին, էապէս պիտի բարելաւէ կառավարութեան եւ վարչապետին որոշումներու ընդունման յաջորդող գործընթացներու կարելի եղածին չափ արագ եւ արդիւնաւէտ կազմակերպումը: