Նախաձեռնութեամբ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան եւ գործակցութեամբ Եւրոպական Միութեան, ՄԱԿ-ի Բարգաւաճման ծրագիրի (Եու. Էն. Տի. Փի.) եւ Մարդկային պաշարներու ծրագիրի (Եու. Էն. Հապիթաթ) միաւորներուն, չորեքշաբթի, 26 եւ հինգշաբթի, 27 մայիս 2021-ի առաւօտեան ժամը 10:00-էն սկսեալ ուշագրաւ եռուզեռ արձանագրուեցաւ Պուրճ Համուտի զանազան փողոցներուն մէջ:
Արդարեւ, Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւնը անգամ մը եւս յիշեցուց շրջանի բնակիչներուն, որ քաղաքապետութիւնը իրենց կողքին է ու պատրաստ է ընդառաջելու եւ պատասխանելու քաղաքացիներու այլազան մտահոգութիւններուն` իրենց տրամադրութեան տակ դրուած թէժ գիծը (71-800177) շրջանի կարգ մը տաղանդաւոր երիտասարդներուն կողմէ` գլխաւորութեամբ արուեստագէտ Օմար Քապպանիի, շրջանի չորս տարբեր փողոցներու պատերուն վրայ գեղանկարչական յատուկ ոճով ներկայացնելով:
Թէժ գիծը ձեռնտու է «Ուաց-ափ» ծրագիրին միջոցով` հայերէն, արաբերէն ու անգլերէն եռալեզու դրութեամբ: Անիկա ֆինանսաւորուած է Եւրոպական Միութեան շրջանային հաւատարմագրային հիմնադրամին կողմէ, եւ անոր միջոցով տրամադրուող ծառայութիւններէն կրնան օգտուիլ Պուրճ Համուտի բոլոր ազգութիւններու եւ պատկանելիութիւններու բնակիչները: Իբրեւ նախաքայլ` քաղաքապետութիւնը կ՛ընդառաջէ առաջին հերթին հիմնական երեք ծառայութիւններուն` «Քորոնա»-ի առնչուող հարցերու, Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին պատճառով վնասուած բնակարաններու նորոգութեան, պատկան միութիւններու կողմէ յատուկ խնամքի կարօտ պարագաներու զօրակցութեան ծառայութիւնը:
Այս նախաձեռնութիւնը կ՛օժտուի Քաղաքապետական կարողականութեան արհեստագիտական զօրակցութեամբ, որ ՄԱԿ-ի Բարգաւաճման ծրագիրի (Եու. Էն. Տի. Փի.) եւ Մարդկային պաշարներու ծրագիրի (Եու. Էն. Հապիթաթ) միացեալ նախաձեռնութիւնն է:
Գեղարուեստական դրոշմ կրող այս խոստմնալից նախաձեռնութեամբ մօտէն ծանօթանալու առաջադրանքով Պուրճ Համուտ այցելեցին եւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեանին հետ հանդիպում ունեցան Եւրոպական Միութեան տեղական ինքնակառավարման պաշտօնատար Ճիան Անտրէա Վիլա, ՄԱԿ-ի Մարդկային պաշարներու ծրագիրի Լիբանանի պատասխանատու Դանիա Քրիսթանսըն եւ ՄԱԿ-ի Բարգաւաճման ծրագիրի ընկերային, տնտեսական ու բարգաւաճման յայտագիրներու տնօրէն դոկտ. Ռաղետ Ասի:
Տեղեկատուութեանց եւ հաղորդակցութեան բաժանմունքի պատասխանատու Ալին Քիուան ներկայացուց ծրագիրը եւ բացատրեց, որ քաղաքապետութեան պատկան պաշտօնեաները, լսելէ ետք իւրաքանչիւր պարագայի կարիքները, ըստ այնմ կը համակարգեն օժանդակութեան միջոցներու կարելիութիւնը եւ ապա տեղեակ կը պահեն պարագաները: Քիուան շեշտեց, որ այս թէժ թիւը կարելի է գործածել որեւէ ատեն միայն «Ուաթս-ափ»-ի միջոցով փոխանցելու համար քաղաքացիները մտահոգող դժուարութիւններուն մասին, որպէսզի համապատասխան ձեւերով լուծում գտնելու աշխատանք տարուի:
Այս առթիւ «Ազդակ»-ի հարցումներուն պատասխանելով` Եւրոպական Միութեան տեղական ինքնակառավարման պաշտօնատար Ճիան Անտրէա Վիլա անգլերէն լեզուով բացատրեց նշեալ թէժ գիծին ու առնչակից ծրագիրին նպատակը, որ հիմնականին մէջ կը ձգտի կարիքաւոր շրջաններու քաղաքապետութեանց կարողականութեան ամրագրման: Միութիւնը իր այս ծրագիրով մօտէն կը հետեւի համավարակի, Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին թէ գաղթականներու հոսքին իբրեւ հետեւանք յառաջացած դժուարութիւններու հարթումի միջոցներուն: Ան այս գծով բարձր գնահատեց Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան նախաձեռնած թէժ գիծի կարելիութիւնը, որ առիթ պիտի տայ շրջանի բնակիչներուն` պարզելու իրենց դժուարութիւնները եւ օգտուելու կարելիութիւնները:
ՄԱԿ-ի Բարգաւաճման ծրագիրի ընկերային, տնտեսական ու բարգաւաճման յայտագիրներու տնօրէն դոկտ. Ռաղետ Ասի եւս արաբերէն լեզուով դրուատեց քաղաքապետութեան այս քայլը` շեշտելով, որ ՄԱԿ-ի հիմնական առաջադրանքն է օժանդակել կարիքաւոր շրջաններու բարելաւման ու բարեզարդման ճիգերուն:
Աւարտին ներկայ հիւրերը ուղղուեցան Պուրճ Համուտի քաղաքապետարան, ուր քաղաքապետ Մ. Պօղոսեան անոնց հետ զրուցեց առնչակից նիւթերու մանրամասնութեանց մասին: