ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ
Գերմանիայէն հաղորդուած փոքր լուր մը առիթ դարձաւ մտորումներու: Գերմանիոյ կառավարութիւնը կը պատրաստուի երկրէն արտաքսելու ապօրինի ներգաղթեալները: Ասոնց մէջ` կարեւոր թիւով հայեր:
Հայաստանէն մեկնողները դասական կոչուած սփիւռքէն անջատ նոր սփիւռք մը ստեղծեցին: Դասականը առաւելաբար Ցեղասպանութեան հետեւանքով յառաջացած էր: Հայեր միշտ ալ գտնուած էին թէ՛ Մերձաւոր Արեւելքի, թէ՛ Եւրոպայի եւ թէ՛ Ամերիկաներու մէջ: Արեւմտեան համայնքները անդադար ուռճացան Մերձաւոր Արեւելքէն, Արեւելեան Եւրոպայէն եւ Հայաստանէն (կարեւոր թիւ մը` ներգաղթած հայեր) նոր հաստատուողներով, որոնք շուտով իրենց նոր համայնքներուն մէջ դիրքեր գրաւեցին: Հիներու նոր սերունդները կը հեռանան հայ ազգային հաւաքականութենէն, նորերը անոնց բացերը կը լրացնեն:
Մեզ հետաքրքրողը այս պահուն Հայաստանի անկախութենէն ետք մեկնողներն են: Թէ՛ Հայաստանէն եւ թէ՛ Մերձաւոր Արեւելքի անկայուն երկիրներէն արտագաղթի նոր ալիքի ազդանշանը գոյութիւն ունի: Առայժմ ճամբաները փակ են համաճարակին պատճառով, բայց ի վերջոյ անոնք պիտի բացուին, եւ այն ատեն կրնանք ականատես ըլլալ Հայաստանի եւ հայրենամերձ գաղութներու հայ բնակչութեան նօսրացման:
Որո՞նք են մեկնումի դրդապատճառները: Քաղաքական անկայունութիւնը, անապահովութիւնը, տնտեսական դժուարութիւնները, ընկերային օրէնսդրութեան անկատարութիւնը առաջադրուած գլխաւոր պատճառներ կը հանդիսանան: Ասոնց վրայ պէտք է աւելցնել զինուորական ծառայութենէ խուսափումը եւ երկրին մէջ ստեղծուած տագնապէն փախուստը: Կարծէք մեր ապրած երկիրները, ու յատկապէս Հայաստանը, միայն օգտուելու համար են շատերու համար. իրենք տալիք չունին:
Այս կարգի մեկնողներէն ոմանք կը ներկայանան իբրեւ ապաստան փնտռողներ: Ընդհանրապէս կարծեցեալ հալածանքներ, քաղաքական թէ քրէական անարդար հետապնդումներ պատրուակելով, անոնք կը վարկաբեկեն իրենց հայրենիքը: Յաճախ նմանները իրենց յանցանքները պարտկելու համար շինծու հալածանքներ կը հնարեն ու կը խուսափին իրենց արարքներուն համար պատասխանատուութիւն վերցնելէ:
Ըսուածը չի նշանակեր, որ անարդարութիւններ չեն գործուիր: Անարդարութեան յանդիման քաղաքացին կը պայքարի, իր իրաւունքը կը պաշտպանէ, արդարութիւն կը պահանջէ: Չի լքեր, փախուստ չի տար: Կը կառչի ճշմարտութեան: Նմաններուն աննահանջ պայքարներուն շնորհիւ են, որ երկրին օրէնքները կը բարելաւուին, դատական ու այլ իշխանութիւններու վերաբերմունքը աւելի արդարամիտ կը դառնայ, քաղաքացիական հասարակութիւնը կը կայանայ:
Շատ հեռացանք մեր մտորման առիթէն: Կը թուի, որ դիրքերը լքելը, գաղթելը հայուն առհաւական ճակատագիրն է: Հայոց պատմութեան ողջ տեւողութեան մենք անդադար լքած ենք մեր հայրենիքը ու հեռացած դէպի հեռաւոր հորիզոններ: Երբեմն պարտադրաբար, բայց աւելի յաճախ կամաւորապէս: Մեր դատարկած վայրերը գրաւուած են օտարներու կողմէ, որոնք մեր հարազատ ապրելավայրերուն մէջ մեզ օտար համարած են, հալածած ու նոր գաղթերու մղած:
Շաւարշ Միսաքեան, երբ ներգաղթած ֆրանսահայեր կը պահանջէին Հայաստանէն Ֆրանսա վերադառնալ, «Յառաջ»-ի խմբագրական մը խորագրած է «Հայրենիքը պանդոկ չէ»: Մեր ապրած երկիրները, անոնք, որոնք մեզ հիւրընկալեցին Ցեղասպանութենէն ետք, բայց մանաւանդ Հայաստանը, ժամանակաւոր ապրելավայրեր չեն: Եթէ պիտի գաղթենք, մեր միակ հասցէն Հայաստանը պէտք է ըլլայ, նոյնիսկ ներկայ պայմաններուն մէջ: Հայաստան մերը կը մնայ, երբ կը գիտնանք պահել զայն, ապրելով այնտեղ եւ մեր գործերով ապրեցնելով զայն: