Նայիրի Մկրտիչեան
5 Հոկտեմբերին, Երեւանի մէջ մահացաւ մանկավարժ, ազգային գործիչ եւ դաստիարակ Գեղանի էթիեմեզեանը։ Ան Լիբանանի մէջ աւելի քան 53 տարի գործած է մանկավարժական ասպարէզէն ներս, իբրեւ ուսուցիչ եւ տնօրէն, երկար ժամանակ եղած է Համազգայինի հայ կրթական եւ մշակութային միութեան կեդրոնական վարչութեան անդամ, իր բազմաթիւ յօդուածներու եւ աշխատութիւններու շարքին, ամիսներ առաջ, հրապարակեց իր հեղինակած «Ստուերներ» գիրքը: Համազգայինի շքանշանակիր է եւ ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան մայրենի լեզուի դեսպանի մետալ ստացած է։
Առաջին անգամ հանդիպեցանք, երբ Աբգարեան վարժարան գացինք մանկավարժական գործնական դասեր անցնելու. ես Համազգայինի հայագիտական հիմնարկի ուսանող էի, օրդ Գեղանին՝ Աբգարեան վարժարանի տնօրէնուհի։ Ուսանողներով մէկ կողմ կեցած էինք՝ սպասելով, որ մանկապարտէզի աշակերտներու շարքը դասարան անցնի եւ մենք օրդ. Գեղանիին հետ անցնինք գործի։
Ուշադրութիւնս գրաւեց շարքին մէջ լացող աշակերտներէն մէկը, որ դասարան երթալու ընթացքին, իր հարազատ մայրը տեսնելու համազօր ուրախութեամբ, շարքէն դուրս վազեց դէպի օրդ Գեղանին, փոքրիկը փաթթուեցաւ անոր ծունկերուն։ Օրդ․ Գեղանին կը զրուցէր ուսուցչուհիի մը հետ, եւ զրոյցը շարունակելով՝ շոյեց փոքրիկին գլուխը, որ անմիջապէս հանգստացած՝ վերադարձաւ իր շարքն ու գնաց դասարան…
Հաւանաբար շատերուն համար եղածը շատ սովորական արարք մըն էր, սակայն վայրկեաններ տեւող այս երեւոյթը տեսնելով՝ մտածեցի, թէ ինչքան սէր տուած է դպրոցի տնօրէնուհին այս երեխաներուն, այն ալ մանկապարտէզի երեխաներուն, որոնց հետ ի պաշտօնէ այնքան ալ առնչութիւն ունենալու պարտաւորութիւնը չունէր, որ երեխան իր հասակը ներածին չափ արագ վազէր, անոր ոտքերը գրկէր ու հանգստանար։ Պարզ էր, որ յաճախակի կը պատահէր այդ երեւոյթը, եւ գլխու շոյանքն անգամ բաւարար էր երեխան հանգստացնելու…
Ահա, թէ ով է իսկական մանկավարժը, նուիրեալ ուսուցիչն ու անձնազոհ տնօրէնը՝ սիրոյ մշտաբուխ աղբիւր, որ իր անսպառ սէրը կու տար իր աշակերտներուն, դպրոցի ողջ անցնակազմին, ընտանիքին, հարազատներուն, ազգին, հայոց լեզուին, հայրենիքին, ուր հանգրուանեց իր կեանքի վերջին տարիները, ապրեցաւ իր տառապանքով ու յաւիտենական հանգիստը գտաւ անոր հողին մէջ…
Հայագիտականի այն ուսանողներէն էի, որուն համար Էթիեմեզեան ընտանիքը դարձած էր հարազատ․ այդ ջերմ, հայեցի ու ազնուական օճախէն ներս յաճախ գիշերած եմ, հաց կիսած ու նոյնիսկ բաց ձգած քննութիւնս դիմած… Օրդ Արփին, բարձրագոյն կրթութեանս մայրն էր՝ անոր թելադրանքով ու անսահման հոգատարութեամբ ընդունուեցայ եւ աւարտեցի Հայագիտական հիմնարկը, ապա ընդունուեցայ Երեւանի պետական համալսարան, միշտ կապս շարունակելով ու մինչեւ կեանքիս վերջը երախտապարտ մնալով իրեն։ Օրդ Արփիին երախտապարտ եմ նաեւ անոր հսմար, որ մտերմիկ կապ ստեղծեց իմ եւ Օրդ Գեղանիին միջեւ, յաճախակի հանդիպումներն ու զրոյցները, նոյն համաժողովներուն ու հանդիպումներուն ներկայ ըլլալը, աւելի քան ուսուցանող էին։ Հայաստանի թէ Սփիւռքի մէջ տեղի ունեցող ամենատաղտկալի ու երկարատեւ ժողովներուն անգամ, երբ ելոյթ կ’ունենար Օրդ Գեղանին, անմիջապէս կը գրաւէր բոլորի ուշադրութիւնը՝ իր մաքրամաքուր արեւմտահայերէնով, կուռ եւ գեղեցիկ շարադրուած մտքերով, առանց աւելորդաբսնութիւններու, գրաւիչ առոգաբանութեամբ ու ազնուական կեցուածքով։
Այս մեծ փորձին ու առաւելութիւններուն հետ մէկտեղ, Գեղանին տարիներ առաջ դարձաւ Երեւանի Պետական համալսարանի «Մանկավարժական կառավարում» մագիստրոսական բաժինի ուսանող եւ աւարտեց գերազանցութեամբ՝ մինչեւ վերջին օրը երախտապարտ մնալով նոյն բաժնի ամպիոնի վարիչ Նազիկ Յարութիւնեսնին, որ իբրեւ մարդ իր ամենադժուարին օրերուն մնաց իր կողքին։
Հայրենիքի մէջ ապրիլը երջանկութիւն էր Գեղանիի համար, բայց անգործութիւնը անտանելի. ամէն տարի, Անթիլիասի դպրեվանքի դասերը սկսելուն հետ, կը սկսէր իր եւ իր մտահոգ քրոջ Վեհանին վէճը,- «մի երթար…», կ՛ըսէր Վեհանը։ «Այնքան ատէն, որ ինծի պէտք ունին եւ կրնամ, պիտի երթամ»,- կ՛ըլլար վճռական պատասխանը։
Գեղանի էթիեմեզեանը իր յօդուածներուն, ուսումնասիրութիւններուն եւ ելոյթներուն շարքին, ամիսներ առաջ հրապարակեց նաեւ իր հեղինակած «Ստուերներ» գիրքը, ուր կը պատմէ իր ընտանիքի բոլոր անդամներուն մասին։ Ինչպէս կեանքի ու դպրոցի մէջ, ան իր ընտանիքի իւրաքանչիւր անդամի մէջ գտած է լաւագոյն արժէքները ու դրսեւորած գրիչով։ Գեղանիի սէրը բոլորին հանդէպ անսպառ է, սակայն Վազգէն Էթիեմեզեան մտաւորականը իրեն համար միշտ եղած է եզակի…
«Ստուերներ» գիրքը կարծես անոր երախտագիտութեսն զգացումն է ու ակնածանքը իր ընտանիքին եւ յատկապէս Վազգէնին հանդէպ։ Վազգէնը արժէք է ոչ միայն իբրեւ եղբայր, այլ՝ հայ իրականութեան մէջ այն լուրջ փիլիսոփան, որ դեռ ըստ ադժանւոյն չէ գնահատուած…
«Ստուերներ» գիրքով կը դրսեւորուի Գեղանի էթիեմեզեանի գեղեցիկ ու կուռ լեզուն, զուսպ ու գրաւիչ ոճը, ինքնագովասանքէ զերծ մնալը, մանկավարժական փորձն ու նուիրումը, խնդիրներն ու լուծումները, որոնք խիստ ուսանելի են եւ այժմէական…
Հայրենիքի հողին յանձնեցինք առաւել քան կէս դար ծառայութիւն ու նուիրում մատուցած մանկավարժի, մտաւորականի եւ ազգային նուիրեալ գործիչի մարմինը, հողին յանձնեցինք մի քանի հարազատներով ու մտերիմներով, բազում ծաղիկներով, զորս այնքան շատ կը սիրէր…
Ակամայ մտածեցի, թէ ազգային ինչպիսի յուղարկաւորութիւն պիտի ըլլար, եթէ այս բոլորը ըլլար Լիբանանի մէջ…
Սակայն, ամէն պարագայի, «գործն է անմահ, լա՛ւ իմացէք…», իսկ Գեղանիի տարած գործը անմահ է, բազում սերունդներու հոգիներուն մէջ թողած իր դրոշմով…